Կենսագրութիւն
Յովսէփ Նալպանտեան ծնած է Հալէպ 1958-ին: Աւարտելէ ետք տեղւոյն Լազար Նաճարեան Կեդրոնական երկրորդական վարժարանը կը մեկնի զինուորական պարտադիր ծառայութեան, կը ծառայէ Սուրիական բանակին երկու տարի տասը ամիս եւ մէկ շաբաթ: Մասնակցած է քաղաքացիական պատերազմին եւ վիրաւորուած է 11 անգամ: 1989-ին կ’աւարտէ Երեւանի Պետական Համալսարանի հայկական բանասիրական բաժանմունքը: Այնուհետեւ աւելի քան 28 տարի զբաղած է մանկավարժութեամբ, դասաւանդած է՝ հայոց լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, երեք տարբեր երկիրներու մէջ: 1992-1993թթ. եղած է Հալէպի Մեսրոպեան վարժարանի Տնօրէնը, այժմ փակ է դժբախտաբար:
Այժմ կը դասախօսէ Մաշտոց Քոլեճի եւ Պէվրլի Հիլզ միջազգային լեզուաբանական հիմնարկի մէջ:
Սփիւռքի տարածքին, հայ գիրքերու մատենագիտութիւն
Յովսէփ Նալպանտեան առաջին հայն է, որ 2011-ին ստեղծեց, Սփիւռքի տարածքին, հայ գիրքերու մատենագիտութիւնը: Ան ունի մատենագիտութեան նուիրուած 3 հատոր գիրք, վերջինը «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ» հր. 2015-ին, եւ նաեւ 2016-ին հր. այդ հատորին յաւելուածը:
Հրատարակչական հատորներ
Գիրքի հանդէպ պաշտամունք տածող Յովսէփ Նալպանտեան վերջին 20 տարիներուն, հրատարակած է 56 գիրք: Իր հեղինակած, կազմած եւ խմբագրած գիրքերու էջերուն թիւը 8237 է, իսկ իր հիմնած մատենաշարին հետ միասին՝ 13,000 էջ: Հրատարակուած են աւելի քան 35,000 օրինակով: Յովսէփ Նալպանտեանի ցարդ նուիրած գիրքերուն քանակը՝ 11,800 հատոր է:
Վերջերս Յովսէփ Նալպանտեան հրատարակեց «Միջազգային պատմութիւն. ժամանակագրութիւն» ստուարածաւալ հատորը, Հայ իրականութեան մէջ իր տեսակի առաջինը, Երեւան, 2018 Սեպտեմբեր, 720 էջ:
Յովսէփ Նալպանտեան հայկական դպրոցներուն (Հայաստան, Արցախ, Սփիւռքի 9 երկիրներ), Հայաստանի քոլեճներուն եւ համալսարաններուն, գրադարաններուն եւ գրողներուն նուիրած է աւելի քան 11,260 գիրք: Արշաւը կը շարունակուի:
Տարբեր երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած է իր տարբեր գիրքերուն շնորհահանդէսները:
Յովսէփ Նալպանտեանի ազգային հասարարական գործունէութեան, կրթական-գրական, հրատարակչական բեղուն աշխատանքներուն 35 ամեակին նուիրուած՝ Արծրուն Ալեքսանեան կը հրատարակէ «Հայ մշակոյթի նուիրուած» գիրքը, Լոս Անճելըս, 2015, 211 էջ:
«Լեզուն,- կը զարգանայ,կ’ամրապնդուի միայն կարդալով»: Ցաւօք, մեր օրերուն համացանցը, զանգուածայինշատ միջոցներ պարզապէս կը գոցեն գիրքի ճամբան: Այսօր հայ մամուլը, գիրքը, հաւատարիմ քիչ ընթերցող ունի: Տեսակ մը գիրքի եղեռն է, որ կը կատարուի: Այդ առումով Յ. Նալպանտեանի սոյն հրատարակութիւնը նաեւ կոչ մըն է ընթերցելու եւ վերընթերցելու մեր գրական արժէքները:
Յովսէփ Նալպանտեան
Յովսէփ Նալպանտեանի ստեղծագործութիւնները՝ վերջին երեք գիրքերը
Ա.- «Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ».- Հրատարակուած Լոս Անճելըս, 2015-ին, հրապարակագրութիւն, 251 էջ: Գիրքը ձօն մըն է «Աւելի քան երկու միլիոն անմեղ նահատակներուն, որոնք եղան օսմանեան եաթաղանի զոհեր. բի՜ւր յարգանք անոնց անմեռ յիշատակին՝ ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ»:
«Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ» Գիրքը ձօն մըն է «Աւելի քան երկու միլիոն անմեղ նահատակներուն, որոնք եղան օսմանեան եաթաղանի զոհեր»: Ցեղասպանութեան 100ամեակի առթիւ կը գնահատենք հեղինակի կեցուածքը: Եւ իբրեւ ամփոփում կ՛ուզենք կրկնել բանաստեղծ Ռ. Սահակեանի դիպուկ բնութագրումը. «Եղիր այն, ինչ որ կաս»: Կասկած չունինք, որ Յովսէփ Նալպանտեան այդպէս ալ կը շարունակէ իր «կեանքի շաւիղները»: Եւ վերջաւորութեան, թող որ այդ շաւիղները վերջ չունենան:
Գրախօսեց՝ Դոկտոր Կարպիս Տէր Եղիայեան
«Կեանքի Շարունակուող Շաւիղներ» գիրքին մէջ գրուած է Արաբ գրականութեան մեծագոյն վարպետներէն՝ Նաճիպ Մահֆուզի մասին, որուն հետ Յովսէփ Նալպանտեան, Եգիպտոս ապրած շրջանին, անձամբ ծանօթացած է. նաեւ որակեալ յօդուածներ՝ Յակոբ Կարապենցի, Պարոյր Սեւակի, Գրիգոր Զօհրապի մասին. հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններ՝ «Միջազգային գործազրկութիւնը եւ տնտեսա-ընկերային համակարգերը կը վտանգեն աշխարհի բնականոն վիճակը», «Երկիրներու, նահանգներու, քաղաքներու, վայրերու անունները եւ անոնց իմաստը», եւ այլն: Կը կարծենք, որ այս գիրքը կարդալով՝ կը հասկնանք Յ. Նալպանտեանի, մեծ հայրենասէրի, լաւ գրողի եւ հրապարակագիրի արժանիքները:
Գրախօսեց՝ Դոկտոր Կարպիս Տէր Եղիայեան
Բ.- Գիտական մակարդակով մատենագիտական աշխատանքը՝ «Հայ Գիրքը Ամերիկայի Մէջ»: Այս գիրքը, ինչպէս նախորդը, հրատարակուած է Լոս Անճելըս 2015-ին, եւ ձօնուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին. ունի 384 էջ: Յ. Նալպանտեան առաջինն էր, որ 2012-ին հրատարակեց «Ամերկահայ Գիրքի Պատմութիւն»ը. իսկ այս գիրքը այդ առաջին աշխատութեան վերամշակուած տարբերակն է. ա՛ն է, որ ԱՄՆ-ի հայկական գիրքերու առաջին եւ բծախնդիր ուսումնասիրութիւնը կատարած է: Նշեալ գիրքին մէջ կայ աւելի քան 1100 հեղինակներու 3046 գիրքերու մանրամասնութիւնները:
Գ.- «Սիրոյ Մատեան», հրատարակուած՝ Լոս Անճելըս, 2016-ին, 650 էջ: Այս իւրայատուկ եւ ծաւալուն գիրքը կ՛ընդգրկէ 413 գրողներու 712 բանաստեղծութիւն. առաւել, էջերու ներքեւի բաժինը կան համաշխարհային այլ գրողներու խօսքերը՝ նուիրուած սիրոյ:
Ինչպէս նախորդ գործը, այս գործը նոյնպէս իր տեսակին եւ որակին մէջ միակն է. մենք չենք հանդիպած սիրոյ թեմային նուիրուած այսպիսի ստուար եւ բազմաբովանդակ հատորի մը:
Ան գիրքը ձօնած է իր կնոջ՝ Գարոլինին, նաեւ՝ բոլոր սիրող սիրտերուն… Քանի որ սիրոյ ուժը անհամեմատելի է… Սէրը համբերատար է եւ բարի, եւ սիրոյ խորհուրդը յաւերժական է ու անմեռ:
Տեղին է բանաստեղծ, մշակութաբանութեան փրոֆեսէօր Ռոմանոս Սահակեանի այն դիտարկումը, որ Յովսէփ Նալպանտեանը կը յիշեցնէ. «Ալիշանի, Արշակ Ալպօյաճեանի, Թէօդիկի եւ այլոց անմնացորդ նուիրումը իրենց գործին»…
Արտեմ Սարգսեան Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ թղթակից անդամ, Բանասիրական գիտութիւններու դոկտ., փրոֆեսէօր
Միշտ կարելի է քննադատել, բայց Յ. Նալպանտեանի պարագային, երբ իսկական մեծ աշխատանքը կա՛յ, փաստ է… ուրեմն երկրորդական հարցերու վրայ ծանրանալը անիմաստ կը դառնայ… կարեւորը իր կատարած աշխատանքը գնահատե՛լն է:
Գիրքերու հանդէպ Յովսէփ Նալպանտեանի սէրը անբացատրելի է. ան իսկական սիրահար մըն է գիրքի: Վերջերս մեր զրոյցին ընթացքին ստացանք հետեւեալ տուեալները.
Գրախօսեց՝ Դոկտոր Կարպիս Տէր Եղիայեան
Յովսէփ Նալպանտեանի գործունէութեան մասին
Ա- Հայ գրատպութիւն և գրքարուեստ հանրագիտարան։ Երևան, 2015, էջ 787։
Բ- Հանրագիտական բառարան Հ. 2։ Երևան 2018։ էջ 461։
Բազմաթիւ ելոյթներ՝ հեռուստակայաններէն եւ ձայնասփիւռի կայաններէն
Ազգային լուրջ հարցերով Յովսէփ Նալպանտեան ելոյթ ունեցած է տարբեր հեռուստակայաններէն, վերջին 17 տարուան ընթացքին 84 անգամ: Բազմաթիւ ելոյթներ տարբեր ձայնասփիւռներէ:
Հայաստան-Արցախ այցելութիւններ՝ դասախօսութիւններ համալսարաններու մէջ
Վերջին 16 տարուայ ընթացքին Յովսէփ Նալպանտեան Հայաստան-Արցախ այցելած է 15 անգամ: Ամէն անգամ տարբեր 6 համալսարաններուն մէջ կարդացած է աւելի քան 42 անգամ: Նիւթերը՝ Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը: Հայութիւնը ո՞ւր կ’երթայ… տարբեր մարտահրաւէրները, ինչպէ՞ս պէտք է յաղթահարենք: Սփիւռքահայ գրականութեան դժուարութիւնները եւ այսօրուայ վիճակը: Սփիւռքահայ ամէնօրեայ դպրոցները իրավիճակը:
Սփիւռքի տարածքին հայերու մեծ մասը ինչո՞ւ իր մայրենին չի խօսիր: Սփիւռքահայ պատմական տուեալներ: Սփիւռքի համար նոր ազգային ռազմավարութիւն: Մեր մշակութային քաղաքականութեան բացակայութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Հայոց պատմութեան հետ կապուած նոր փաստեր, տուեալներ: Հայ գիրքի իրավիճակը՝ հրատարակութիւն, ընթերցող, վաճառք, եւ այլն:
Միութիւններու խորհուրդի անդամ
Յովսէփ Նալպանտեան եղած է տարբեր միութիւններու՝ խորհուրդի անդամ, ատենադպիր, ատենապետ…երկա՜ր տարիներ:
Շքանշան, գնահատագիր, շնորհակալագիր, պատուոգիր եւ մետալներ
Յովսէփ Նալպանտեան արժանացած է հետեւեալ շքանշաններուն՝ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» եւ «Ոսկէ մետալ», Հայաստանի գրողներու միութեան «Գրական վաստակի մետալ», Հայաստանի Ազգային գրադարանի «Յակոբ Մեղապարտ մետալ»: 2017թ.ի Մայիսին ստացած է «Մովսէս Խորենացի» պետական մետալ:
«Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշարի՝ ցարդ լոյս ընծայուած հետեւեալ հրատարակութիւնները
1- Յովսէփ Նալպանտեան, «Լոյս» ընդհանուր գիտելիքներ, թիւ 3: Երեւան, 2006, 320 էջ, տպաքանակ՝ 1100:
2- Յովսէփ Նալպանտեան, «Լոյս» հանրագիտակ, թիւ 5: Երեւան, 2009, 366 էջ, տպաքանակ՝ 3000:
3- Յովսէփ Նալպանտեան, «Լոյս» հանրագիտակ, թիւ 6: Երեւան, 2009, 366 էջ, տպաքանակ՝ 3000:
4- Վազգէն Առաքելեան, «Շիրազ-Նամէ», չափածոյ վէպ: Երեւան, 2009, 196 էջ, տպաքանակ՝ 500:
5- Անի Յարութիւնեան, «Ութերորդ երկինք», բանաստեղծութիւններ: Երեւան, 2009, 60 էջ, տպաքանակ՝ 500:
6- Ռոմանոս Սահակեան, «Ars Poetica», բանաստեղծութիւններ: Երեւան, 2009, 208 էջ, տպաքանակ՝ 600:
7- Վազգէն Շուշանեան, «Ընտրանի», գլխաւոր խմբ. Սուրէն Դանիէլեան, խմբ. Քնարիկ Աբրահամեան, պատմուածքներ: Երեւան, 2010, 394 էջ, տպաքանակ՝ 650:
8- Յովսէփ Նալպանտեան, «Ամերիկահայ գիրքի պատմութիւն.1858- 2011» մատենագիտութիւն: Լոս Անճելըս, 2011, 178 էջ, տպաքանակ՝ 300:
9- Յովսէփ Նալպանտեան, «Հայկական բառարաններու համառօտ պատմութիւն», մատենագիտութիւն: Լոս Անճելըս, 2011, 71 էջ, տպաքանակ՝ 300:
10- Ռուբէն Սաքապետոյեան, «Արեւմտահայերէն-արեւելահայերէն նոր բառարան»: Երեւան, 2011, 380 էջ, տպաքանակ՝ 1000:
11- Յովհաննէս Շիրազ, «Հայոց դանթէականը», պոէմ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2011, 162 էջ, տպաքանակ՝ 500:
12- Սամուէլ Մուրատեան, «Յովհաննէս Շիրազ. բանաստեղծը, մարդը»: Երեւան, 2012, 560 էջ, տպաքանակ՝ 1000:
13- «Հայոց լեզու» բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2012, 377 էջ, տպաքանակ՝ 450:
14- Յովսէփ Նալպանտեան, «Ուղղագրութեան նիւթերու ժողովածու. բառարան»: Լոս Անճելըս, 2012, 154 էջ, տպաքանակ՝ 350:
15- «Մեսրոպ Մաշտոց. Մեծասքանչը», բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2013, 687 էջ, տպաքանակ՝ 350:
16- «Կամուրջ 2013» տարեգիրք: Կազմեց եւ խմբագրեց՝ Անահիտ Բոստանջեան: Թբիլիսի, 2014, 480 էջ, տպաքանակ՝ 400:
17- Յովսէփ Նալպանտեան, «Կեանքի շարունակուող շաւիղներ», հրապարակագրութիւն: Լոս Անճելըս, 2015, 252 էջ, տպաքանակ՝ 350:
18- Ա. Ջ. «Հայապատում» պոէմ: Լոս Անճելըս, 2015, 130 էջ, տպաքանակ՝ 400:
19- Յովսէփ Նալպանտեան, «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ» մատենագիտութիւն: Լոս Անճելըս, 2015, 385 էջ, տպաքանակ՝ 300:
20- «Սիրոյ մատեան» բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2016, 650 էջ, տպաքանակ՝ 350:
21- «101 աղօթք յիշատակի», Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած բա- նաստեղծութիւններու ընտրանի, կազմեցին՝ Արմէն Աւանէսեան եւ Ս. Կարապետեան: Երեւան, 2016, 144 էջ, տպաքանակ՝ 500:
22- Յովսէփ Նալպանտեան, «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ. յաւելուած»: Լոս Անճելըս, Յունիս 2016, 75 էջ, տպաքանակ՝ 200:
23- «Բառը սահմանի վրայ», բանաստեղծութիւն եւ արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Սոնա Համբարձումեան: Արցախ, Ստեփանակերտ, 2016, 240 էջ, տպաքանակ՝ 500:
24- «Հայկական պատմուածքներ» հատոր Ա., արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2016, 245 էջ, տպա- քանակ՝ 350:
25- «Հայկական պատմուածքներ» հատոր Բ., արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2017, 243 էջ, տպաքանակ՝ 350:
26- «Հայկական պատմուածքներ» հատոր Գ., արձակ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2017, 299 էջ, տպաքանակ՝ 350:
27- Ժաննա Աբրահամեան, «Բուի ակնոցը», մանկական: Երեւան, 2017, 34 էջ, տպաքանակ՝ 500:
28- Աւետիս Ռազմիկ, «Կեանքի կարուսել. հրապարակագրական էջեր»: Երեւան, 2017 362 էջ, տպաքանակ՝ 400:
29- Սոնա Համբարձում, «Գանգրահեր կարօտ», բանաստեղծութիւն: Ստեփանակերտ, 2017, 184 էջ, տպաքանակ՝ 400:
30- «Սփիւռքահայ պատմուածք» պատմուածքներ, կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2018, 434 էջ, տպաքանակ՝ 350:
31- Ժաննա Աբրահամեան «Ձմեռ պապին ու տղան» մանկական: Երեւան, 2018, 32 էջ, տպաքանակ՝ 500:
32- Վանօ Եղիազարեան «Գրիգոր Նարեկացին եւ 10-րդ դարի Հայ գրականութիւնը»: Երեւան, 2018, 560 էջ, տպաքանակ՝ 320:
33- Անահիտ Դանիէլեան «Հայաստանը մենք ենք» բանաստեղծութիւն: Երեւան, 2018, 252 էջ, տպաքանակ՝ 500:
34- Ժաննա Աբրահամեան «Վասն հոգու» բանաստեղծութիւն: Երեւան, 2018, 200 էջ, տպաքանակ՝ 350:
35- Յովսէփ Նալպանտեան «Միջազգային պատմութիւն. ժամանակագրութիւն (1789-2015 թթ.)»: Երեւան, 2018, 720 էջ, տպաքանակ՝ 300:
36- Պորուչիկ Ալեկսէյ Կոլմակով «Պատմական հայկական վաշտը: Անդրանիկի վերջին զօրամասի սիբիրեան վաշտը», թարգմանիչ՝ Կարօ Վարդանեան: Երեւան, 2018, 96 էջ, տպաքանակ՝ 300:
37- «Հայ երաժշտահաններ» կազմեց եւ խմբագրեց՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Լոս Անճելըս, 2019, մեծադիր 45 էջ: Այս գրքոյկի հազար օրինակը նուէր պիտի բաժնուի դպրոցներուն, համալսարաններուն եւ հայ երաժշտութեամբ հետաքրքրուողներուն:
38֊ Ժաննա Աբրահամեան “Երբ քսւում է ցաւը հացին”, արձակ և բան.։ Երեւան 2019, 128 էջ, տպաքանակ՝ 400։
39֊ Աննա Գէորգեան “Հոգու թռիչք” արձակ և բան.։ Երեւան 2019, 136 էջ, տպաքանակ՝ 300։
40֊ Ժաննա Աբրահամեան “Փոստատար արագիլը” մանկական։ Երեւան 2019, 48 էջ, տպաքանակ՝ 500։
41֊ Հեղեցիկ Մարգարեան “Քամիներից…” բանաստեղծութիւն։ Երեւան 2019, 222 էջ, տպաքանակ՝ 360։
42֊ “Յուշարձան մայրերուն” բան. և արձակ։ Երեւան 2019, 543 էջ, տպաքանակ՝ 350։