Հրանդ Մարգարեան – գիտնական, թատերագիր, բանաստեղծ, թատերագէտ, գրաքննադատ, բեմադրիչ եւ դերասան:

Ծնած է Պասրա, Իրաք 1938-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Մարկիլի Հայ Ազգային Վարժարանին մէջ ապա յաճախած պետական երկրորդական վարժարան: Աւարտած է Պաղտատի Գիտութեանց Քոլէճը եւ 1962-ին անցած է Ամերիկա, ուր ստացած է Մագիստրոսի ապա Տոքթորայի վկայականները տարրաբանութեան մէջ եւ Մագիստրոս վկայականը Management of Technology ճիւղին մէջ: Եղած է գիտական հետազօտող ապա՝ տարրաբանութեան Փրոֆէսոր Նիւ Եորք Նահանգի պետական համալսարանին մէջ: Տոքթորայի ուսման զուգահեռ, թատերական դաստիարակութիւն ստացած է յաճախելով Circle in the Square, Նիւ Եորք Համալսարան եւ Schrieber Studio թատերական նշանաւոր դպրոցները: Առաջին անգամ բեմ բաձրացած է 1956-ին, Մարկիլ, Պասրա, Իրաք, Յակոբ Պարոնեանի՝ Մեծապատիւ Մուրացկաններու մէջ «բանաստեղծի»ն դերով: Առաջին բեմադրութիւնը կատարած է 1958-ին Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան մէջ, իր հեղինակած բարեկենդանի սքէչներով յունական կեդրոնական ձեւաւորումով: Մարգարեանի թատերական գործունէութիւնը ծաւալած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: 1967-ին հիմնադրած է Մասիս թատերախումբը, որ հետագային վերակոչուեցաւ Համազգայինի Թատերախումբ: 2005-ին հիմնադրեց Նիւ Ճըրզիի «Համազգայինի պատանեկան թատերախումբը»: Մարգարեան 1985-1995 վարած է Վարագ Պարբերաթերթի խմբագրի պաշտօնը: 2006-էն ի վեր անդամ է Համազգայինի Բագին Պարբերաթերթի խմբագրական կազմին: 1967-էն ցայսօր, ամբողջ 43 տարի, ղեկավարն է Համազգայինի Նիւ Եորքի թատերախումբին: Հեղինակ է 27 թատերախաղերու- 24 հայերէն, 2 անգլերէն, 1 հայ-անգլերէն: Ղեկավարած է 55 թատերական եյոյթներ: Կատարած է 55 տիպարներու դերեր, որոնցմէ մէկը Assignment Berlin շարժանկարին մէջ: Հրատարակած է 7 թատերախաղեր, բանաստեղծական հատոր մը՝ «Ենթաեսէն Փշրուած» եւ «Քարաձայն Պատարագ» Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան առթիւ: 2006-ին Հայաստանի Գրողներու Միութեան հրաւէրով, խմբագրեց «Հայաստանի թատերագիրներ» անգլերէն գիրքը: Իր թատերախաղերը ներկայացուած են ԱՄՆ, Քանատա, Հայաստան, Լիբանան, Սուրիա, Յունաստան եւ Անգլիա:

 

Հրանդ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Մենք
Հայաստա՛նն ենք պատմութեան խորքով եւ

Արցախն ենք մենք լեռներու շունչով եւ

Սփիւռք ենք մենք արեան թէժ կապով,
Յաղթանակ ենք մենք միացեալ կամքով։
Մենք
Հայաստանցի,
Արցախցի խրոխտ եւ աշխարհացի
Սփիւռք մշտարթուն
Յանուն մեր արդար դատի
գոյութեան պահանջատէր ենք։
Մենք
Հաստատակամ
Աննկուն կամք ենք`
Յարատեւութեան դարերու երթով։
Մենք
Հերոսներու շառաւիղներ ենք,
Ազատամարտի՛կ՝ հրեղէ՛ն ոգով,
Յաւերժի ճամբորդ յստա՛կ հասցէով։
Մենք
Հաւա՛տք ենք կուռ,
Անձնազոհութեան խորան խնկաբոյր,
Յանձնառարութեան կերոն լուսաթոյր։
Մենք
Հայրենաշունչ
Աննկուն ոգի Հայոց պատմութեան
Յոյսի ջահեր ենք մեր վեհ գոյութեան։
Մենք
Հրաշակե՛րտ եւ
Արարչակե՛րտ եւ
Յաւերժակերտ ազգ ենք անձնուրաց:
Մենք`
Հայկ նահապետի անվրէպ նետն ենք եւ
Արտաշէսի լեզուի պաշտամունք,
Յանուն Մեսրոպի մշակոյթ ենք մենք՝
յանձնուած դարերու անսահման երթին։
Մենք
Հայութիւն ենք եւ վեհ
Ազգութիւն,
Յարատեւութիւն առա՛նց հարցումի։
Մենք
Հա՛յ ենք, այո՛։ Պարուրուած ենք մենք Կարմրաթոյր արիւնով
մեր վեհ պապերուն,
Անկաշկանդ թռիչքով Կապոյտ երկնքին՝
Յանուն հասկերու գոյնով Նարինջի։
Մենք
Հայու ոգի ենք անդրդուելի եւ
Անպարտուելի՝
Յաղթանակներու դափնիներ հագած։
Հայրենիքի Սուրբ Պարտքն է մեր ուղին,
Աստծոյ միւռոն է մեր ճակտին քսուած՝
կ’օծէ դարաւոր մեր վեհանձ հոգին,
Յոյզը վառ յոյսով պսակող ջահն է եւ լուսաւորող երթն մեր դարաւոր։
Մենք
ՀԱ՛Յ ենք, այո՛։ Երեք տառ միայն միսթիք խորհուրդով անհասկնալի։
Անցեալով հպարտ, ներկայով թրծուած,
Յոյժ յաւերժին ենք հասցէագրուած։
ՄԵՆՔ…
ՀՈ՛, Ա՛ՅԲ եւ ՅԻ՛ի ամբողջութիւնն ենք՝
ՀԱՒԱՏՔ ԱՆՆԿՈՒՆ եւ ՅԱՒԵՐԺԱԿԱՆ։