Ինտրա (1875-1921), հայ բանաստեղծ, քննադատ, փիլիսոփայ:

Բուն անունով՝ Տիրան Չրաքեան: Ծնած է 1875-ին Պոլիս, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք յաճախած է թաղային դպրոց Պէրպէրեան վարժարան, ուր կրած է Ռէթէոս Պէրպէրեանի խոր ազդեցութիւնը: Տիրան Չրաքեան ուշիմ աշակերտ եղած է, մասնաւոր սէր ու հակում ունեցած է նկարչութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Ամէն հարցի խորը թափանցելու հետաքրքրութիւնը կը մղէ որ Չրաքեան կլանուի նաեւ գիտութեամբ:

Պէրպէրեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1891-ին կը նուիրուի ուսուցչութեան նոյն վարժարանին մէջ։ 1898-ին դարձեալ ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Տրապիզոն, Սեւ ծովեան շրջան եւ 1900-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Սեւ Ծովէն քաղած ներշնչումները այդ տեղափոխութեան կը պարտի: 1904-1905 տարիներուն նախ կ’անցնի Փարիզ՝ նկարչութեան եւ գրականութեան հետեւելու, յետոյ կ’այցելէ Եգիպտոս ու կը դառնայ Պոլիս: Առաւելաբար անձնական աշխատութեամբ ձեռք կը բերէ իր փափաքած զարգացումը: 1906-ին կը հրատարակէ «Ներաշխարհ»ը, զոր գրի առած էր 1898-1900-ին: Ինտրա կը շարունակէ ուսուցչութեան պաշտօնը վարել Պէրպէրեան, Կեդրոնական եւ Պեզազեան վարժարաններուն մէջ, աւանդելով գլխաւորապէս հայ գրականութիւն: 1908-ին կը հրատարակէ «Նոճաստան»ը, քերթուածներու փոքրիկ հատոր մը: Ինտրա մօտ 15 տարի իր աշխատակցութիւնը բերած է հայ թերթերուն եւ տարեգիրքերուն, զանազան յօդուածներով:

1910 թուականը անկիւնադարձ մը կ’ըլլայ Չրաքեանի կեանքին մէջ։ Յաջորդական ներքին տագնապներ իր մէջ կ’առաջացնեն հոգեփոխութիւն եւ կ’ուրանայ իր անցեալը, գրական վաստակը, նոյնիսկ Իռենան: Նախ կը յարի ոգեհարցութեան, ապա շաբաթապահութեան, դառնալով աւետարանի քարոզիչ: Կինն ու մէկ հատիկ զաւակը կը հեռանան տունէն՝ անհանդուրժելի գտնելով շաբաթապահ քարոզիչի իր ընթացքը: Խորապէս ցնցուած 1915-ի ահաւոր ոճիրներէն, ընդմիշտ կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ անձնատուր կ’ըլլայ մտասեւեռումներու: Այդ օրերուն է, որ կ’այրէ իր բոլոր ձեռագիրները: 1919-1920 տարիներուն կը հիմնէ Աւետարանական լսարան եւ կը քարոզէ Քրիստոսի սէրը եւ հանդերձեալ կեանքի գեղեցկութիւնը: Հոգեկան տագնապը այնուհետեւ արգելք կը դառնայ գրական ամէն ստեղծագործութեան եւ մահուան փափաքը իր հիմնական մտածումը կը դառնայ:

Քեմալական շարժումի օրերուն, Ինտրա մեկնած էր Գոնիա, ուր տունէ տուն պտտելով կը քարոզէր Աւետարանի եւ քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնը: Կը ձերբակալուի իբրեւ կասկածելի ու վտանգաւոր անձ, «կիլիկեան յեղափոխական գործիչ» եւ կ’աքսորուի անծանօթ ուղղութեամբ: Տասնեակ օրերու տաժանելի ճամբորդութենէ ետք, իր բախտակիցներուն հետ կը հասնի Տիգրանակերտի դաշտը եւ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ, մտրակներու հարուածներու տակ, ի վերջոյ շունչը կը փչէ 11 Սեպտեմբեր 1921-ին, ընկերներուն յանձնարարելով սէր, միութիւն եւ հաւատք: Իր ծանօթներուն վկայութեամբ՝ Ինտրա կեանքի ընթացքին եղած է ստորնութեանց եւ միջակութեանց մոլեգին թշնամի, վերջին ծայր սրամիտ, վիճաբանիլը սիրող, գեղեցիկին առջեւ սարսռացող, զօրաւոր յուզումներ փնտռող եւ այդ յուզումներով գինովնալ սիրող բացառիկ անձ մը:

Գրական նախափորձերը եղած են ոտանաւորներ՝ գրուած Պէրպէրեան վարժարանի ուսանող եղած օրերուն: «Բիւզանդիոն», «Շիրակ», «Ոստան», «Արեւելք» թերթերուն աշխատակցած է արձակ էջերով, քննադատական փորձերով, ճամբորդական նօթերով եւ իմաստասիրական ու ոգեհարցական ուսումնասիրութիւններով: Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» հրատարակած է Չրաքեանի արժէքաւոր նամակները, որոնք յոյս կը սփռեն իր կեանքին եւ հոգեկան բեկումներուն վրայ։ Կը խօսուի նաեւ վէպի մը եւ սիրային արձակ քերթուածներու մասին, որոնք շատ հաւանօրէն յանձնուեցան կրակին, իր հոգեկան տագնապի օրերուն:

Ինտրայի գործը կը պահէ իր մնայուն արժէքը, իբրեւ վկայութիւնը արուեստագէտ բացառիկ խառնուածքի մը, որ նոյն ատեն իր մէջ կը կրէր բանաստեղծի գերազգայուն հոգի եւ իմաստասէրի տագնապող միտք:

 

Իղձ

Պիտի գայ օր մ’ուր, լըքուած՝ կեանքէն խաբեբայ՝

Վէս գլուխս հակի եւ խըրոխտ թեւերս խոնարհին.

Մթնէ, ցրտէ մարմնոյս մէջ քամիէն վիհին,

Եւ կորստեան տըմոյն զոհ՝ իյնամ ես ճամբայ:

 

Ձեր բոլոր հոյլն յայնժամ նոճք իմ, թող զիս ողբայ.

Թող եղերգէ, գիշերայն, մահն երգչին ձեր հին.

Ու տաղերնուդ ամենէն ծանրն ու ամեհին

Ձեր մըտերմին իբր այգողք հեծելով ծըփայ:

 

Ձեր բազմաստեղն աղջամուղջն ըրէք սուգ անոր:

Թող ձեր սեւ լարք իր քնարին աւիւնը տաւղեն,

Եւ անոր դաշն արցունքներն հծծեն իրարու:

 

Ըսէ՛ք, անմեռ խոհք երկնից, թէ ան՝ մենաւոր,

Կու գար, ձեզի փարելով, հոգի խնկեղէն՝

Վաղանցութեան իր ցաւովն ըզձեզ երգելու:

 

19 Դեկտեմբեր 1907

Նոճաստան

 

Կ’ուզէի գիտնալ… (հատուած «Ներաշխարհ»-էն)

Կ’ուզէի հասկնալ, թէ կարելի՛ է տիեզերքն ընդնշմարելէ ետքը զայն չընդգրկել անհուն, անթառամ տեսողութեամբ մը, աստղալի գիշերը տեսնելէ ետքը չամբառնալ, վարսամաթեւ չխոյանալ անջրպետներուն մէջ, թեւերը պաղատագին տարածելէ ետքը՝ չսաւառնիլ երբեք. աննիւթականութեան սրբութիւնը յղանալէ, հեռազգալէ ետքը նեխելով կորսուիլ. բոլոր գեղեցկութեանց, բոլոր մեծութիւններուն մէջէն, սիրելի էակին մէջէն, ընդհանուր գաղափարներու ահագնութեան մէջէն Անհունութիւնը, ճշմարտութիւնը միայն սիրելէ ետքը, սուտի պէս անէանալ. տառապանքներու եւ հեշտութեանց մէջէն, լեռներու վրայէն, գիշերին մէջ, համաստեղութիւններուն ու ալիքներուն մէջ՝ սրտագին, սարսռագին զ’Աստուած կանչելէ ետք անգամ մը չընդնշմարել զայն, գո՜նէ խոժոռադէմ, գոնէ մերժող. կուզէի գիտնալ, թէ այս թշուառութիւնը կարելի՛ է, թէ ուրեմն այս թշուառութիւնը կայ միայն. այն ատե´ն, ահաւասիկ, պէտք էր ճաշակել զքեզ, մահուան գեղեցիկ ծաղիկ, եւ հրաժեշտ տալ կեանքին….

 

Տիրան Չրաքեան