Իրմա Աճէմեան (19381990) – Բանաստեղծ, կրթական մշակ։

Ծնած է Պոլիս։ Աւարտելէ ետք Էսաեան Վարժարանը, հետեւած է Պոլսոյ համալսարանի մանկավարժական եւ հոգեբանական ճիւղերուն։ Աշակերտական գրասեղաններու վրայ իսկ հակած է գրականութեան, քերթողական ու արձակ փորձերով։

Աշխատակցած է, հետզհետէ, օրուան թերթերուն եւ յատկապէս «Մարմարա» օրաթերթին։ Իր գլխաւոր ասպարէզը եղած է սակայն ուսուցչական ու դաստիարակակչական մարզը։ 1966-1976 վարած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։

1975-ին իրմէ պոլսահայ գրականութեան փոխանցուած տաղերու փունջը սկիզբ մըն է անկասկած,- ա՛յս կ՛ըսեն այն հարիւր երեսունէ աւէլի քերթուածները՝ որոնք վկայութիւնը կը բերեն ամուր տաղանդի վաւերական ու մնայուն գործելու։

Անոր գործերէն են՝ « Տալ Միայն» 1975, «Իմ Տողերս» 1985։

Հարիւր երեսունէ աւելի այն քերթուածները՝ որոնք մէկտեղուած են առաջին իր հաւաքածոյին մէջ, անմիջական մեր գրականութեան կը բերեն իրմէ դէպի աշխարհ բացուելու ընդունակ մտքի մը անժխտելի վկայութիւնը,- անձնական ապրումէն դէպի ենդհանրական զարկ ու բախում թեւթլու տրամադիր հոգիի մը ենտանի զգայութիւնը։

Մահկանացուն կնքած է Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, 1990-ին։

 

          Կ՛ԱՆՁՐԵՒԷ

Կայծակները ուղեղիս մէջ փայլ կ՚արձակեն մանկութեան

Որոտում մը ատկէ յետոյ կը ծաւալի ամէն կողմ

Պատանութեան միապաղաղ զով ջուրերը կը տեսնեմ

Կը փնտռեմ այն քարերը կոխկռտուած տարիներ

Կը խարխափեմ այն դռները որոնց ետեւ ծներ եմ

Սիրտս կ՚իյնայ կը փշրուի իւրաքանչիւր մայթի քով

Հին օրերը ժպիտ կ՚ըլլան արցունքոտած այտերէ

Որոտումի՝ լաւ որ յաճախ՝ ձայնը ինծի չի հասնիր

Ու ես կ՚երթամ նոր փողոցներ որոնք երբեք իմս չեն…

Իրմա Աճէմեան

          ՏԱԼ ՄԻԱՅՆ

Տալ տալ միայն, գրել, պատռել էջերը

Լափել, ուտել տողերու մէջ թաքնուած

Հազար իմաստ, հազար աղօթք Աստուծոյ,

Լռել սակայն ու չարտօնել ոչ ոքի

Թքնել խորը այս անիմաստ աշխարհին

Հարուստին ալ ոսկիներու ծոցը մերկ

Դահեկան մը երկարելով մեղքնալ։

Ըլլալ սակայն, զգալ միայն ու ապրիլ

Ծովեզերքին աղօթքներու երկարիլ,

Լերան ծոցէն ամպին իշխել, չընկրկիլ,

Լեցուիլ սիրով, նուիրումով սրբանալ

Տալ տալ երկար, գրել, պատռել էջերը…

Իրմա Աճէմեան

        ԲԱՅՑ

Բայց հիմա որ պատուհանէս կիսաբաց

Գաղտնագողի ես գարունը կը դիտեմ

Ու կը տեսնեմ թէ նշենին է ծաղկեր

Հազար սրտեր դաշտի խոտին պէս խոնաւ

Կանանչ հագած, յոյս ամբարած կ՛ոստոստեն —

Ինչպէ՜ս կրնամ ես լուռ մնալ ու չերգել…

Իրմա Աճէմեան