Ժագ Յակոբեան (1917 – 2019) – Հայ բանաստեղծ, մշակութային գործիչ, դաստիարակ եւ մտաւորական:

Ծնած է Երուսաղէմ, Ստեփան Յակոբեան (ատափազարցի) եւ Սրբուհի (երուսաղէմցի) ամոլէն: Երկու տարեկանին ծնողքին հետ կը տեղափուխուի Գահիրէ, Եգիպտոս: Ուսումն ու կրթութիւնը կը ստանայ յաջորդաբար՝ Բիւզանդ-Ալիս Վարժապետեան մանկապարտէզէն ներս (1922-24), Գալուստեան Ազգային Վարժարանէն ներս (1924-29), Պէրպէրեան Գոլէժէն ներս (1929-34) եւ «Collège Des Frères»էն ներս (1935-37): Համալսարանական ուսումը կը ստանայ Պէյրութի Faculté Française de Médecine – École de Pharmacie-ի մէջ (1937-39)։

1939-ին կը ծագի Համաշխարհային Երկրորդ պատերազմը, որուն պատճառաւ կը ստիպուի իր ուսումը շարունակել Գահիրէի պետական համալսարանի «School of Pharmacy»-ին մէջ (1939-42), ուր կ’աւարտէ իր դեղագործական ուսումը 1942-ին եւ ձեռք կը ձգէ դեղագործական վկայականը 1944-ին:

Այնուհետեւ, իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը կը կատարէ Վերին Եգիպտոսի մէջ (1944-46):

1947-ին կ’ամուսնանայ Ազատուհի Սեւյօնքեանին հետ, որ թոռնուհին էր Վռամշապուհ Արք. Քիպարեանի (առաջնորդ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի՝ Զօրավար Անդրանիկը պսակողը եւ Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր Ժամուց»ին «ղարիպ տէրտէր»ը):

Երկու տարի ետք, նորապսակ զոյգը կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպըռն): Տարի մը ետք կը վերադառնայ Գահիրէ, ուր կ’աշխատի որպէս դեղագործ զանազան դեղարաններու մէջ։ 1956-ին տիկնոջ եւ երեք անչափահաս զաւակներուն հետ կը գաղթէ Պէյրութ, Լիբանան, ուր կայք կը հաստատէ, եւ ուր կը ծնի իր չորրորդ զաւակը:

1957-էն 1965 կը պաշտօնավարէ Կենաց Երկրորդական Վարժարանին մէջ (Տպպայա), որպէս ուսուցիչ հայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ ազգային պատմութեան:

1965-ին երկրորդ անգամ կը գաղթէ Աւստրալիա (Մելպըռն):

1967-ին կը գաղթէ Ամերիկա վերջնականապէս, ուր բնակութիւն կը հաստատէ Գալիֆորնիոյ Փասատինա քաղաքին մէջ, ուր ամբողջ 21 տարիներ (1967-88), աշխատած է որպէս քիմիագէտ դեղորայքի գործարանի մէջ՝ «Life Laboratories» (Sun Valley).

Իր դեղագործական ասպարէզին կողքին, իր ուսուցչական գործունէութիւնը կ’ընդգրկէ նաեւ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ Վարժարանը (1988-2000):

Կարճ ժամանակ մը, ան եղած է նաեւ հայ գրականութեան դասատու Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանին մէջ:

Իր ասպարէզին կողքին, կը պաշտօնավարէ նաեւ որպէս ուսուցիչ կիրակնօրեայ դպրոցներու մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիին տակ՝ Գահիրէ-Հելիոպոլիս (1951-1953) եւ Էնսինօ, Գալիֆորնիա (2003-2009):

Գիրքերու կողքին, ան հրապարակ հանած է նաեւ հոգեշունչ եւ հայաշունչ ձայներիզներ («Յիսուսաբոյր», «Հոգին հայկական» եւ այլն):

 

Երկու տարբեր առիթներով, ան կը պարգեւատրուի Կաթողիկոսական շքանշաններով՝ ձեռամբ Գարեգին Բ.-ի եւ Արամ Ա.-ի: Ան արժանացած է «Համազգային»ի մշակութային բարձրագոյն շքանշանին:

Ժագ Յակոբեան 2017-ի Օգոստոսին դարձաւ 100 տարեկան։

Ժագ Յակոբեան ունեցած է բեղուն գրական աշխատանք։ Բանաստեղծութիւններ գրած է կանուխ տարիքէն։ 1938-ին, «Գաղտնի ճամբան» անդրանիկ իր հատորով՝ գրաքննադատ Նիկոլ Աղբալեանի գրական «գիւտ»ը կը դառնայ: Հետեւող տասնամեակին, փոխնիփոխ անոր կը յաջորդեն երեք ուրիշ գործեր՝ քնարերգական եւ հայրենասիրական։ 1950 թուականէն ետք հոգեկան վերիվայրումներու ենթակայ, կ’արտադրէ աւելի կրօնաշունչ գործեր, որոնց կողքին պարբերաբար՝ հայրենասիրական էջեր։

Հեղինակն է 50-է աւելի գիրքերու եւ գրքոյկներու, բանաստեղծութիւն եւ արձակ: Իր գործերէն ոմանք արժանացած են Առաջին Մրցանակի:

Գեղեցիկ հայերէնով մը արտայայտուած իր ազգայնաշունչ հոգին եւ վառ հաւատքը կը հիւսեն թէ՛ իր ներաշխարհը եւ թէ՛ իր գրաշխարհը: Իր գործածած գրական-գեղարուեստական լեզուն արեւմտահայերէնն է՝ շքեղ եւ ճոխ բառապաշարով:

Ժագ Յակոբեան հեղինակած է նաեւ «Կռունկը կը կանչէ» թատերախաղը, որ արժանացած է հարիւրէ աւելի ներկայացումներու Սփիւռքի զանազան քաղաքներու մէջ:

Հայերէնի կողքին, ան գրած է նաեւ ֆրանսերէն քերթուածներ, որոնցմով ան մասնակցած է ֆրանսական գրական մրցումներու (Jeux Floraux du Languedoc, 1936, Toulouse):

Հրատարակած է երեք տասնեակէ աւելի գիրքեր, որոնցմէ՝ «Գաղտնի ճամբան» (1938 Գահիրէ), «Մեղրալուսին» (1943 Գահիրէ), «Մեսրոպաշունչ» (1946 Գահիրէ), «Մասիսածին» (1963 Պէյրութ), «Յիսուսաբոյր» (1965 Պէյրութ, 1994 ԱՄՆ), «Հայատրոփ» (1970 Պէյրութ), «Կռունկը կը կանչէ…» (թատերախաղ) (1986 ԱՄՆ), «Հողաշնչում» (1991 ԱՄՆ), «Տէր-Զօր դեղին» (1991 ԱՄՆ), «Քրիստոս Յիսո՞ւս, թէ՞ Christian Dior» (2007 ԱՄՆ), «Մշտափաց պատուհանները երկինք» (2016), «Փախչիլ չկայ քեզի, ո՛վ թուրք» (2017) եւայլն:

 

ՄԵ՛ՆՔ…

Մե՛նք…-Մենք՝ բո՛ւռ մը հող աշխարհի վրան՝

Ժայռի պէս հաստա՛տ, դաշտի պէս յուռթի՛,

Մենք՝ դարաւոր թի՛ւ բազկի արութեան,

Մենք՝ սիրտի անդո՛ւնդ եւ բարձո՛ւնք միտքի.

Մենք՝ մասիսաձիգ Հայկի՛ սէգ ճակատ

Եւ անխախտ կամքի անյա՛ղթ Արարատ…

 

Մենք՝ գի՜ւտ Մեսրոպի… Մենք՝ քնա՜ր լեզու,

Ուր կը վիպերգէ Հոգի՛ն Հայկական.

Սայաթ-Նովայի մենք սա՛զ սիրածու.

Մենք՝ խորախորհուրդ Նարեկի՛ խորան.

Դարերէն հոսող մենք երգի՛ Արաքս,

Ուր կը գլգլայ գինին Կոմիտաս…

 

Մենք՝ վարդանայա՛ղթ Աւարայրամարտ,

Մեր ձեռքին մէջ զէ՛նք եւ խա՛չ՝ մեր հոգւոյն.

Մենք՝ Էջմիածնի հաւա՛տք ժայռարմատ,

Ուր փուլ կը փշրի ծովը դարերուն.

Մենք՝ աշխարհասփիւռ Ա՛ստղ Լուսաւորչի,

Որուն դէմ խաւարն ի զո՜ւր կը բախի:

 

Մենք՝ սրախողխող Ապրիլ Քսանչո՛րս,

Մենք՝ միլիո՜ն շիրիմ, հողմացրի՜ւ տերեւ.

Ապրիլեան սուգին եւ մոխրին վրայ գօս,

Մենք՝ Քսանեւութ Մայիսի՜ արեւ.

Մենք՝ պանդուխտի՛ թուղթ, մենք՝ անբո՜յն կռունկ,

Մենք՝ հայրենապիշ կարօտի՜ արցունք…

 

Այս ամբո՜ղջն ենք մենք…Ու դե՜ռ՝ հերոսի

Եւ մարտիրոսի անմա՛շ Պատմութիւն,

Շուշա՜ն Սրբութիւն, Մշակո՛յթ ոսկի,

Որոնց էջերն են փորուած ժայռերուն

Եւ արեա՛մբ գրուած… Մենք լոյսի՛ ժառանգ

Եւ մութ դարերուն յոյսի՛ հրիտակ…

 

Օ՜, մենք՝ ոսոխի աչքին փո՛ւշ երկաթ…

Օ՜, մենք՝ աշխարհի անարդար ու խուլ

Խիղճը խարանող արդարութեա՛ն խայթ.

Կեղծ դաշինքներու թաւիշ ու խարխուլ

Սեղանը ռումբի պէս սարսող, թակող,

Արդար պահանջի բըռո՛ւնցք վրիժադող:

 

Եւ մենք, վա՛ղը, մենք՝ յաղթութեա՛ն բոմբիւն,

Յաղթ ու բամբ կոփի՛ւն կուռ հողին վրայ մեր,

Մենք՝ Նաւասարդի առաւօ՛տ ծիծղուն,

Մենք՝ ռմբեղ հեռով հըրաբխա՛ծ Մհեր

Եւ շղթայազեղծ ծարա՜ւ Արտաւազդ.

Մենք՝ պատեանէն դուրս սրածո՛ղ Եփրատ,

Մենք՝ աշխարհակալ անկա՛խ Արարատ…

 

ՏԷՐ-ԶՕՐ

 

Օր մը երթաս Տէր-Զօր՝ այցի…

Այցի՝ որո՞ւն,

Երբ չգտնես պիտի ճամբուդ՝

Ո՛չ մէկ հայ տուն

Կամ հողակոյտ…

Մի՛այն աւազ, միայ փոշի,

Մի՛այն հրդեհ անապատի,

Անէծք փուշի,

Մի՛այն բուեր գիշեր ատեն

Եւ կարիճներ տօթ ցորեկին:

 

Հոն, ո՛չ մէկ հետք ու յիշատակ՝

Պատմութենէն եղերերգակ,

Ո՛չ մէկ շիրիմ, ո՛չ մէկ արձան՝

Կարաւանէն աքսորական,

Ու երէկուան մարդերէն վառ՝

Ոչ մէկ անուն եւ ո՛չ մէկ բառ:

Ոչինչ կեանքէն, ոչինչ, ոչինչ…

Պա՜ղ ու պատան՜նք ծայրէ ի ծայր

Եւ անհատնո՜ւմ, անզարթնո՜ւմ նինջ…

 

Բայց հայե՜ր են հոնկէ անցեր՝

Հալածական իբրեւ հօտեր.

Միլիոն հայեր են ամբոխներ,

Զայն շէնցուցեր- ի՜նչ հեգնութիւն.

Հոգեվարքի

Հռնդիւնով ու հեւքերով

Եւ զարդարեր զայն դիակի

Ոսկերիքով,

Դալարիքով…

Անոնք եղեր են քու հայրերդ,

Եղեր մայրերդ, եղբայր ու քոյր,

Եւ իմիններս, զանոնք թէպէտ

Մենք չենք ճանչցեր:

 

Մեր հայրե՜րն են հոնկէ անցեր

Օր մը կեանքի, օր մը մահուան,

Որ Ապրիլի քսանչորսն էր:

Այդ ուղիէն միլիոնաբար

Անցե՜ր անծայր՝

Իբրեւ ստուեր եւ ուրուական

-Շքե՜րթ մահուան…

 

ՈԳԻՆ ԱՊՐԻԼԵԱՆ

 

Ապրիլեան Ոգին չունի՛ յուշարձան:

Ան ե՞րբ է մեռեր, որ իբր հրիտակ՝

Թողու դարերուն աճի՛ւն ու դամբա՛ն

Եւ խորշ մը հանգչի, լռէ մութի տակ,

Իբր հալած դրօշ ու ծալուած պատգամ:

 

Ապրիլեան Ոգին հողակոյտ չունի՛:

Ե՞րբ է յոյսի սիւնն ինկեր սուրի տակ,

Ե՞րբ հաւատքի ժայռն եղեր կե՛ր հուրի,

Որ հայ գալիքին՝ իբրեւ սփոփանք՝

Ան ձգէ հեքիա՛թ ու քանդա՛կ ոսկի:

 

Ապրիլեան Ոգին չէ՛ ոսկր ու փոշի,

Սուգի սեւ կսկիծ, լաց ու լռութիւն,

Որ ջահուի մռայլ գեղովը խաչի,

Ծաղկի եւ խունկի բոյրով զարդարուի.

Զի լոկ մա՛հն ունի գերեզման ու քուն:

 

Մինչ դուն, ո՛վ անմեռ Ապրիլեան Ոգի,

Կեա՛նք ես ուժայորդ, որ մայի՜ս մայի՜ս,

Ոստերով հազար կը շաքլի, կ’աճի,

Անապատին մէջ կ’ըլլայ ովասի՛ս,

Խաւարի տեղ՝ լո՛յս, տօ՛ն՝ փոխան սուգի:

 

Ոգի՛ Ապրիլեան, յուշարձանդ ահա՛.

Մոխիրէն յառնած, աւազէն ծաղկած

Նոր ժառա՛նգը հայ, որ կը ծովանայ,

Ու եփրատավազ հեղեղով հիմա,

Հայրենի ափէն ափերն հեռակեաց,

Կ’ողողէ աշխարհն երգո՛վ յաղթութեան…

 

ՆՇԽԱՐՆԵՐ

 

Մենք ունեցանք Անցեալ մը վառ,

Որուն մոխրին ու մոռացման

Եւ քարերուն ու դարերուն

Տակ կը պառկին անմխիթար`

Հայ նշխարներ ու աճիւններ

Անյառնելի,

Մագաղաթներ ու հեքիաթներ

Անկանգնելի

Եւ ամբողջ գանձ մը Ոգիի:

Հո՛ն են թաղուած անկրկնելի

Մեր հայրերուն

Սուրբ երկունքներն ու խոկերը,

Արցունքներն ու աղօթքները,

Որոնք` ուժովն իրենց շինող`

Լոյսի շողէն ծնունդ տուին,

Քար ու հողէն ծաղկեցուցին,

Մասիս կողէն դուրս քաշեցին

Եկեղեցի պալատ, կոթող,

Աստուածաշունչ ու Ոսկեդար,

Եւ Մշակոյթ ու Պատմութիւն

Եւ հայ Ոգի:

Ափսո՜ս հազար,

Թէեւ չկա՜ն անոնք հիմա`

Կաթողիկէ, դպրոց, դղեակ,

Վանք ու հրաշք,

Բայց անցեալի գանձ ու փառքէն,

Մոխիրներուն վերեւ մռայլ,

Մոռացումէն վեր միգափայլ,

Իբրեւ ներկայ`

Տակաւին կայ ու կը մնայ

Ոգի՛ն նոյն հին,

Ոգի՛ն միշտ նոր,

Որո՛վ միայն կրնայ ներկան

Դառնալ հզօր, ըլլալ աղուոր,

Բերել իրեն հետ Ապագայ

Մը յաղթական:

Վերադառնանք այդ Անցեալի՛ն

Մեր սրբենի, մեր արքենի,

Որ կը կոչուի սուրբ բառերով`

Էջմիածին, Մաշտոց, Վարդան,

Նարեկացի, Յիսուսի Որդի:

Այսօր մտնենք

Մեր անցեալի թանգարանէն,

Սրբարանէն

Ներս` տաճարնե՛րը լուսեղէն…

Հաղորդուի՛նք

Հոգիին հետ մեր հայրերուն,

Ոգիին հետ մեր Պատմութեան,

Յիսուսազօծ

Կամարներուն եւ կապոյտին

Ներքեւ անոնց: