Ժիրայր Դանիէլեան – (1941 – 2022), Հայագէտ-բանասէր, մշակութային գործիչ, գրադարանագէտ, խմբագիր եւ հրատարակիչ, լրագրութեան պատմաբան, մատենագէտ, մանկավարժ:
Ծնած է Ճիւնիի մէջ, Լիբանան: Յաճախած է նախ Պէյրութի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը, ապա ստացած իր միջնակարգ կրթութիւնը` ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանին մէջ։ Իսկ բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին մէջ (այժմ` համալսարան), ուր հետեւած է պատմութեան եւ մանկավարժութեան դասընթացքներուն: Վաղ տարիքին ցուցաբերած է հետաքրքրութիւն` հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ:
Քսաներեք տարի պաշտօնավարած է Հայկազեան Համալսարանին մէջ` իբրեւ Հայագիտական գրադարանի վարիչ եւ, ապա, իբրեւ գրադարանապետ: Ստանձնած է տնօրէնի պաշտօն` Յովակիմեան-Մանուկեան եւ Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն մէջ:
Ժիրայր Դանիէլեան վարած է խմբագրութիւնը գրական այլազան հանդէսներու եւ պարբերաթերթերու, ինչպէս` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ին, «Հիւսիսեան հայագիտական տարեգիրք»ին, «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ին, «Երիտասարդ հայ» երկշաբաթաթերթին, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին եւ «Շիրակ» ամսագրին:
Ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերուն, «Սփիւռք» եւ «Նայիրի» շաբաթաթերթերուն մէջ: Եղած է պատասխանատու խմբագիրը 2005-ին իր հիմնադրած «Կամար» գրական պարբերաթերթին:
Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան տուած է դասախօսութիւններ Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական բաժինին եւ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին մէջ:
1980-էն մինչեւ այսօր Ժիրայր Դանիէլեան հրատարակած է բանասիրական հարցեր ընդգրկող հետեւեալ գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները.
«Հայ մամուլի հաւաքածոյ» (Պէյրութ, 1974), վերահրատարակութիւն` 1981),
«Ռամկավար ազատական մամուլը» (Պէյրութ, 1982),
«Նահանջ առանց երգի»ն իբրեւ վկայութիւն» (Պէյրութ, 1983),
«Հայ նոր պարբերական մամուլը, 1967-1981» (Պէյրութ, 1984),
«Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն. 1975-1984» (Պէյրութ, 1986),
«Բանասիրական որոնումներ» (Պէյրութ, 1997),
«Լիբանանահայ դպրոցը, թիւեր եւ մտորումներ» (Պէյրութ, 2002),
«Գրական որոնումներ» (Պէյրութ, 2007):
2011-ին, Երեւանի «Մուղնի» հրատարակչութիւնը, մեկենասութեամբ «Գալուստ Կիւլպենկեան» հիմնարկութեան հայկական մատենաշարի, լոյս ընծայեց, «Գասպրինտ» ՍՊԸ տպագրատան մէջ, Ժիրայր Դանիէլեանի «Բանասիրութեան բաւիղներուն մէջ» խորագրեալ հատորը, խմբագրութեամբ հայրենի գրականագէտ եւ խմբագիր Երուանդ Տէր Խաչատրեանի:
Դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեան 1980 թուականէն ի վեր, շուրջ երեսուն տարի, թէեւ գրած է գրական եւ բանասիրական բազմաբնոյթ յօդուածներ, այսուհանդերձ, իր նախասիրութեան առարկան կը հանդիսանան մատենագիտութիւնն ու մամուլի պատմութիւնը:
2011 թուականին, Ժիրայր Դանիէլեան պարգեւատրուած է ադամանդակուռ եւ բարձրագոյն շքանշանով, ոսկի մետալով, պատուոյ գիրերով եւ ստացած է նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած շնորհաւորական կոնդակը:
21 Յունիս,2017-ին, անոր շնորհուած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտորի կոչում` հայագիտութեան մարզին մէջ ունեցած վաստակաշատ գործունէութեան համար:
2011 տարուան գարնան, Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան կեդրոնին մէջ նշուած է դոկտոր Ժիրայր Դանիէլեանի ծննդեան 70 եւ գործունէութեան 50-ամեակները:
Պէյրութի մէջ 4 Օգոստոս 2020-ին պատահած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով իր աչքերէն վիրաւորուած է: Ան իր մէկ աչքը գրեթէ կորսնցուցած է, միւս աչքն ալ լրջօրէն վնասուած է:
Ժիրայր Դանիէլեան մահացած է՝ 22 Նոյեմբեր 2022-ին, Պոսթընի մէջ, Մ. Նահանգներ: