Գրիգոր Պըլտեան – սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ եւ բանասէր։

Ծնած է 1945-ին Պէյրութի մօտակայ թաղերէն՝ Հայաշէնի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ապա անցած՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, զոր աւարտած է 1964-ին։ Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ Պէյրութի «Էքօլ տէ Լէթր» հաստատութեան մէջ։

1967-ին մեկնած է Փարիզ։ 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն։ Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկէրի «Գեղագիտութեան զանցումը» նիւթին շուրջ։ Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ ֆրանսական մամուլին մէջ։ 1978-էն սկսեալ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։

Կ’ապրի Փարիզ։ Փարիզ մեկնելէ մէկ տարի առաջ՝ 1966-ին, Գրիգոր Շահինեանի եւ Յարութիւն Քիւրքճեանի հետ կը հիմնէ «Ահեկան» գրական եռամսեան։

Իր առաջին գիրքը՝ «Տեղագրութիւն քանդուող քաղաքի մը համար»՝ ազդուած Պէյրութի պատերազմէն, լոյս կը տեսնէ 1976-ին, Փասատինա, եւ երկրորդ հրատարակութեամբ՝ 1997-ին, Կլէնտէյլ։

Հետագայ տարիներուն Փարիզի մէջ կը կազմաւորուին իր հատորները՝ բանաստեղծական, գրաքննադատական եւ արձակ գեղարուեստական։ Պըլտեանի հրատարակուած բանաստեղծական գիրքերն են՝ «Հատուածներ Սենեակի Մասին» (1978, Պէյրութ), «Հակաքերթուած» (1979, Լոս Անճելըս), «Վայրեր» (1983, Փարիզ), «Մանտրաներ» (1986, Փարիզ), «Էր» (1992, Երեւան), «Հատուածներ հօր» (1993, Երեւան), «Ելք» (1993, Փարիզ)։

Իսկ գրաքննադատական գործերու շարքէն կարելի է նշել «Տրամ»ը (1980, Պէյրութ), «Գրիգոր Նարեկացի, Լեզուի Սահմաններուն Մէջ» (1985, Վենետիկ), «Կրակէ Շրջանակը» (1988, Անթիլիաս), «Մարտ» (1997, Անթիլիաս), «Դէպի Մեծ Փոխաբերութիւն» (1999, Փարիզ), «Զրոյցներ Բանաստեղծութեան Մասին» (1999, Երեւան), «Ի Գործ Արկանել» (2003, Մոնթրէալ), «Երկխօսութիւն Նարեկացիի Հետ» (2008, Երեւան), «Հայկական Ֆուտուրիզմ» (2009, (Երեւան)։

Պըլտեան գեղարուեստական առաջին արձակը սկսած է «Սեմեր»ով (1997, Հալէպ), ապա յաջորդաբար լոյս տեսած են շարքէն՝ «Հարուածը» (1998, Պէյրութ), «Նշան» (2000, Կլէնտէյլ), «Պատկերը» (2003, Կլէնտէյլ), «Անունը Լեզուիս Տակ» (2003, Փարիզ), «Երկուք» (2006, Կլէնտէյլ)։

Աշխատակցած է զանազան գրական հանդէսներու, որոնց շարքին են՝ «Ազդակ» (Պէյրութ), «Բագին» (Պէյրութ), «Բազմավէպ» (Վենետիկ), «Բաց Նամակ» (Կլէնտէյլ), «Գարուն» (Երեւան), «Ի Դէպ» (Կլէնտէյլ), «Ինքնագիր» (Երեւան), «Կամ» (Լոս Անճելըս), «Կայք» (Փարիզ), «Հանդէս» (Թեհրան), «Յառաջ, Միտք Եւ Արուեստ» (Փարիզ)։ Ան հրատարակած է նաեւ բազմաթիւ յօդուածներ օտարագիր մամուլի մէջ, որուն շարքին են՝ «Armenian Review», «Le Croquant», «Les temps modernes», «Raft», «Revue des deux mondes», «Zeitschrift fur Genozidforshung»։

Ան ունի Ֆրանսերէն լեզուով հետեւեալ հրատարակութիւնները՝ «Les Armeniens», (1994 Պրիւքսէլ), «Objets & Debris», (1978, Փարիզ), «Cinquante ans de Litterature Armenienne en France», (2001, Փարիզ)։

 

Գրիգոր Պըլտեան իր հրատարակած արձակ ու չափածոյ երկերով կ’արծարծէ գրական, գեղագիտական, իմաստասիրական խնդիրներ՝ բոլորն ալ առնչուած հայ մշակոյթի ինքնութեան ու յատկապէս լեզուին. Պըլտեանի գրականութիւնը կարեւոր դեր ունի արեւմտահայերէնի զարգացման մէջ։

 

ԱՆՀՆԱԶԱՆԴԸ

Ա

Երբեք
պիտի չապրիս
նե՛րսը

թող ամէն օր
ընթանայ խոտը խոհուն
արեւելքէն մայրամուտ
հորիզոնը փարատէ ստուերներէն հոգէառ

կանխէ՛
զայն

եթէ կրնաս
գնա՛ կամ կարողացիր
երթալ մինչեւ Ցուլը ցրւումի կամ միացի՛ր
անոր թրթռուն
սրտին
բայց երբեք չբնակիս
ներսը

լոյսի կեդրոնին
մարմին մը կը կիզուի
անարիւն

ներսը
գուցէ ըլլաս
ամէնէն ծայրայեղօրէն
արտաքսուած

 

Բ

դուն որ խաւարը բառերուն
բանեցար լոյսով

 

Գ

ո՛չ աստուած
որուն շուրջ ըլ լայինք
մոլորակնագնաց
արբանեակներ
սփռող ամէնուր միակ մեծացուսցէն
սիրտն իմ սասանեալ
եւ ձեռք իմ ձեռատ

ո՛չ ալ
ամրոց հոգիի
միգամածին մէջ մրրիկի
որ ժամանակը քայքայեց էութեամբ
հրկէզ մորենի
որուն մէջ կիզուեցանք
առանց արիւնելու

մանկունք
տէր իմ որ էին անտէր
եւ անկեալ եւ տնանկ
արկեալ ի հնոցին
հնոցի վանքին մէջ
ի գոյէ ի՜նչ անգոյութիւն արտաքոյ

արքայութիւնը լռութեան
կատարին վրայ քաքթուսի
ուր լոյսը միացաւ մոխիրին անարգ
անմատչելի լեզուին
ապօրէն
եւ լոյսէն մնաց խաւարն ի խաւարի

ամէն աղաղակ եթէ թրթռաց
անպատասխան ականջիս
աստեղային երաժշտութիւն առաջին շարժիչի
եւ հովու ոգին փչեց պարապի բացերէն
անբանութիւնը փառաւոր

անտեսանելին դարձաւ
անքաւելի անուն կորուստի

օ ինքնահերքում

անտեսանելին դարձաւ
ծէս ապորդի
եւ երեքը մէկ իր երկուքէն հատեալ
թլիփով

ինչպէս դուն ու ես
հաստեալ հատումէ կամ նզովեալ վարդապետութենէ
անպիտանի
շրջաբանող
ու բանող խորութիւնը մարմնիդ քաղցրութեան

բնակիլ միայն հոս
երկրի անմարդ ամայքին
հսկել
գացողներուն
կեցողներուն
երկի գիշերին ամէնօրհնեալ

դուրս սուգէն
ու ներումէն երանաւէտ

օ տառ վտարման
ամենակէզ

կենալ
հեստ
մնջութեամբ անվաւեր քերթուածի

Փետրուար 1994