Լիւսի Սիւլահեան (1940-2021)- գրող, հասարակական – մշակութային գործիչ:

Ծնած է Հալէպ, 1940-ին: Նախնական կրթութիւնն ստացած է Հալէպի ֆրանսական քոլեճին մէջ, 1958 թուականէն ուսանած է Կոստանդնուպոլսոյ համալսարանի Փիլիսոփայութեան բաժնէն ներս։ Տպագրուած է 1960 թուականէն՝ «Շիրակ», «Զարթօնք» եւ այլ պարբերականներու մէջ։

«Թափառող հոգիներ» (1970, պատմուածքներու ժողովածու) գիրքին մէջ պատկերած է սփիւռքահայերու կեանքը։ Երեւանի մէջ 1984 թուականին լոյս տեսած է անոր «Անաւարտ սիրանուագ» պատմուածքներու ժողովածուն։

Աշխատակցած է հայրենի եւ սփիւռքահայ մամուլին: Իր գործերէն ոմանք թարգմանուած են՝ արաբերէն, ռուսերէն, յունարէն, գերմաներէն լեզուներու :

Լիւսի Սիւլահեան Սուրիոյ մէջ ռահվիրայ հանդիսացած է հայ-արաբ գրականութեան փոխադարձ ճանաչման շարժումին: Հալէպի արաբական պետական մշակոյթի կեդրոնէն ներս, արաբ գրողներու միութեան գործակցութեամբ, ներկայացուցած է դասական եւ ժամանակակից հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներ:

Արաբ պետական երաժշտանոցի գործակցութեամբ կազմակերպած է երաժշտական երեկոներ նուիրուած հայրենի երաժիշտներու: Սիւլահեանի նախաձեռնութեամբ 1971 թուականէն գործած է «Պարոյր Սեւակ» գրական սալոնը, որ եղած է ժամադրավայրը հայ արաբ եւ օտարազգի գրողներու:

Լիւսի Սիւլահեանի առաջադրութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայ արաբ թարգմանչական կառոյցը: Ան զբաղուած է դասական եւ ժամանակակից հայ գրողներու (Դանիէլ Վարուժան, Գրիգոր Զօհրապ, Եղիշէ Չարենց, Աւետիք Իսահակեան, Վահան Թէքէեան, Գէորգ Էմին, Պերճ Զէյթունցեան, Վարդգէս Պետրոսեան) ստեղծագործութիւններու արաբական թարգմանութիւնը կազմակերպելու եւ հրատարակելու գործով։

Սուրիական հայրենիքը եւ մայր հայրենիքը բարձր գնահատած են Սիւլահեանի հայ արաբ մշակոյթի փոխ յարաբերութեան լայնածաւալ գործունէութիւնը: Անոր հետեւողական հետապնդումներով Սուրիական մշակոյթի նախարարութեան կողմէ հրատարակուած են գիրքեր, հայերէնէ արաբերէն, թարգմանութեամբ՝ Նիզար Խալիլիի, Տօքթ. Շաուքաթ Եուսէֆի ( Աւետիք Իսահակեան, Սերո Խանզադեան, Վարդգէս Պետրոսեան, Լիւսի Սիւլահեան, Գուտսի Միքայէլեան, հայկական հէքիաթներ եւ այլք):

Լիւսի Սիւլահեան արժանացած է պատիւներու՝ Սուրիացի գրողներու միութեան եւ պետ. մշակ. Կեդրոնէն, Մոնրէալի համալսարանէն, Ֆիլատելֆիայի Թէքէեան մշակ. Միութենէն, Լոս Անճելիսի Հ. Բ . Ը. Մ. «նոր կեանք»էն, պարգեւատրուած է Հայաստանի գրողներու միութենէն՝ «Գրական վաստակ»ի մետալով:

Իր մահկանացուն կնքեց 13 Օգոստոս, 2021-ին, Լոս Անճելոսի մէջ:

 

­Ծննդավայր Հալէպին

Խաաւարեցա՜ն դարաւոր բերդի լոյսերը…

Ամպի գորշ ծուէններ պատեցին

Արեւափայլ երկնակամարը Հալէպի-ն

Չքացան երամները ծիծեռնակի»»»

Նօթի ագրաւներն նստան հայու կտուրին

Խրպոտ իրենց կանչերով … նեխած կեղտերով

Սրբազան օճախն հայուն պղծեցին…

Անձրեւի փոխան ռումբեր տեղացին ահեղ

Ամէնուրէք… մահ ու աւեր սփռեցին

Մանուկներն մեր ցրտահար սրսփացին

Կտոր մը հացի կարօտ մնացին

Պուտ մը ջուրի ծառաւ մնացին…

Ըմբոստացաւ հայու հոգին

Երբ աղօթքներն իր անպատասխան մնացին…

Մարդը հասաւ Լոսնին

Թափուր է արդեօ՜ք Կապոյտը երկնքին:

Լ

ոս Անճելըս- Ապրիլ 30 – 2014

 

Յոյսի՜ … Նշոյլը՜

Փլատա՜կ

դարձա՜ծ

Աւերա՜կ

իմ ծննդավա՜յր …

Խանդի՜

խանդավա՜ռ

Օրերդ լուսաւո՜ր

Մի՞թէ … եւ

Արդէ՜ն

Անցա՜ն

Պատմութեա’ն …

Չ’կա՜յ

նշո՜յլը յոյսի՜

Գալիք օրերու

արեւի՜ն …

Ջերմացնելու

հոգի՜դ

դարմանելու՜

վէրքը

Վիրաւո՜ր սրտին

Հալէպի Հայու՜ն …

Եւ ու՞ր է ու՞ր

Նահապետն մեր

Հայութեա՜ն

եւ

Ամէնակարո՜ղ

Աստուածը

Չարացա՜ծ

Մարդկութեա՜ն

 

Հայութիւ՜Նս

Սիրտս լի՜ է

կրկի՜ն կրկի՜ն

Ազգի՛ս

ցաւո՜վ անսպա՜ռ…

Չունի՜մ

Արցունքն աղի՜

Հոգւո՜յս հրդեհը

Արցունքով

Հանգի …

Թէ մարի՜ն

Կայծերն բոլո՜ր

Անթեղուա՜ծ

կը մնա՜ն

Սծուխ դարձա՜ծ

Վշտե՜րս իմ համա՜կ …

Լռի՜ն լռի՜ն

Բռնկելու՜

Այրելու կրկի՜ն

ու կրկի՜ն

Ու այդպէ՜ս

Լռի՜ն

Գաղտնօրէն,

մոխրացնելու

Էութիւնս …

Հայրենի՜

կարօտով այնքա՜ն

խոր մխացո՜ղ

ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՍ

Իմ պաշտելի՜

 

Հալէպ 21 Նոյեմբեր 2017

 

 

Սի՜Րտս …Սի՜Րտդ

 

Սիրտը կը ցաւի՞

Կը ցաւի՜

Կը դիմանա՞յ ցաւի՜

Կը դիմանա՜յ …

Սիրտը կը տառապի՞

Կը տառապի՜ շա՜տ

Շա՜տ ու շա՜տ …

Սիրտը կուլա՞յ

Կուլա՜յ

Երբեմն աղի՜ արցունք

Երբեմն արիւ՜ն կուլա՜յ …

Ցօղ կ՛իջնէ կարծե՜ս

Թարթիչներուն

Հատի՝կ հատի՜կ

Շողշողու՜ն

Արեւի շողերու՜ն …

Երբեմն ալ արիւն կուլա՜յ

Այնքա՜ն շա՝տ է

Արիւնը սրտի՜ն

Ամէն զարկի՜ն …

Տառապա՜նքը, արցունքը՜

Երբեմն

փրկութիւն է՜

Հեծկլտացո՜ղ սրտի՜ն