Մանուէլ Քէշիշեան – (1952-2022) –  Հրապարակագիր, գրող, մտաւորական, բեմադրիչ եւ ազգային գործիչ:

Ծնած է 1952-ին, Հալէպ: Միջնակարգ կթութիւնը ստացածէ տեղի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Ն.-Գ..Կ. Կեդրոնական վարժարանէն ներս: Որպէս բեմադրիչ վկայուած է Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական հիմնարկէն, 1978-ին: Վերադարձած է Հալէպ, ուր աշխատած է հայկական բոլոր թատերախումբերու հետ՝ բեմադրելով աւելի քան 25 թատերգութիւններ, որոնցմէ «Անկիւնադարձ», «Տխուր մոմեր», «Հալէպեան նշանտուք», «Գլխապտոյտ» եւ «Խոստովանանք» թատերախաղերը հեղինակային գործեր են: Վերջին երկու փիեսները բեմադրած է իր հիմնած «Դրամատիկական» Թատերախումբի հետ:

Փիեսի վերածած եւ բեմադրած է Վահէ Քաչայի «Գիշատիչներու Խնճոյքը», «Գաւազանը», Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» գործերը: Գրած եւ բեմադրած է մեծ թուով աշակերտական փիեսներ, ղեկավարած ասմունքի խումբեր:

2008 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան (Ռիչըրտ Եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամը հրատարակած է անոր «Մոգական Հայելիներ» փիեսներու ժողովածուն:

«Է՜հ, Հալէպ, Հալէպ»ը՝ Հալէպի մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած է. փիեսը 2017-ի նոյեմբերին ներկայացուցած է «Ադամեան» թատերախումբի հետ:

Գրած է նաեւ ազգային, հասարակական, մշակութային, կրթական հարցերուն անդրադարձող յօդուածներ:

Որպէս տեսուչ եւ հայերենի ուսուցիչ պաշտօնավարած է Հալէպի Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանէն ներս:

Քէշիշեան իր մահկանացուն կնքած է Հալէպի մէջ, Հոկտեմբեր 2022-ին:

 

Մանուէլ Քէշիշեան​ – Շատ կարճ պատմուածքներ

Ե՛ս քովդ կու գամ

Երբ Ռուբէնին մահուան լուրը առաւ, չլացաւ Սալբին, չկրցաւ լալ, ցաւը աւելի մեծ էր քան լացը: Թաղման արարողութեան հեռուէն, ծառի մը ետեւէն հետեւեցաւ: Լսեց Ռուբէնի մօր աղիողորմ ճչախառն լացը:

Նոյն դպրոցի աշակերտներ եղած էին: Մէկ տարի առաջ, երբ Սալբին համալսարան ընդունուեցաւ, Ռուբէն ըսաւ, որ կը սիրէ զինք: Սալբին չէր ալ յիշեր, թէ երբուընէ սիրահարած էր Ռուբէնին: Ռուբէն իրմէ մէկ տարի առաջ ընդունուած էր համալսարան: Նոյն ճիւղը կ’ուսանէին: Յետոյ, Ռուբէն զինուորական պարտադիր ծառայութեան գացած էր…

…Երբ թաղման արարողութիւնը վերջացաւ եւ բոլորը գացին, հողաթումբին առջեւ ծունկի եկաւ եւ արցունքները սկսան ջուրի պէս հոսիլ աչքերէն: Հիմա Սալբի այդ զօրաւոր տոկուն աղջիկը չէր, այլ փխրուն սրտի տէր մանկամարդուհին:

-Խոստացած էիր վերադառնալ, Ռուբէն,-ըսաւ:

Ռուբէն լուռ էր:

-Խաբեցիր զիս,- շարունակեց Սալբին.-Ինչո՞ւ, Ռուբէն:

Սալբին տեսաւ Ռուբէնին տխուր, կարօտով զինք դիտող դէմքը:

-Մի՛ նայիր, ինծի,- ըսաւ ու անմիջապէս աւելցուց. -Ո՛չ, ո՛չ, նայիր, հաճիս նայիր ինծի, ըսէ՛, որ շատ կարօտցած ես զիս, ըսէ՛ որ շուտով պիտի գաս, ըսէ՛, որ այլեւս պիտի չհեռանաս ինձմէ… Պիտի չգաս, Ռուբէն, պիտի չգա՛ս, չե՛ս կրնար գալ…

Սալբի ոտքի ելաւ, հիմա ան նախկին Սալբին էր, ամուր ու հաստատուն աղջիկը: Սրբեց արցունքները եւ սկսաւ արագ-արագ քալել:

Ե՞րբ հասաւ Զինուորական Կեդրոնական կայան: Ի՞նչ ըսաւ զինուորական պատասանատուներուն, կարեւոր չէր, կարեւորը այն էր որ…

Կարեւորը այն էր, որ հիմա ինք զինուորական համազգեստով էր, արդէն մարզուած էր եւ դէպի ռազմաճակատ կ’երթար:

-Քանի որ դուն չես կրնար գալ, ես քովդ կու գամ,-անընդհատ կը կրկնէր Սալբին ու կը ժպտար, կարծես կը ժպտար նաեւ Ռուբէն…

 

Արմէնը, Արմինէն եւ Արմէնը

Զոհուած Արմէնին մարմինը ընկերները ուսամբարձ տարին եւ հողին յանձնեցին: Հայրենի հողը քիչ մը աւելի սրբացաւ: Այրի Արմինէն լացաւ, շատ լացաւ եւ սեւեր հագուեցաւ:

Սեւեր հագուելէն երեք ամիս ետք, ծնունդ տուաւ տղայ զաւակին եւ մխիթարանքի արցունքները խառնուեցան սգոյ արցունքներուն:

Ծննդատունէն ուղղակի գերեզմանոց գնաց: Սեւերը հանած էր եւ  սպիտակ հագած: Մօտեցաւ ամուսնու շիրմաքարին, համբուրեց քարը եւ ըսաւ:

-Վերադարձար Արմէն, բարով եկար, մեր տունը կրկին շէնցուցիր:

-Արմինէ,- լսեց առանց տարբերելու, թէ խօսողը ո՞վ էր՝ ամուսին Արմէնը, թէ՞ նորածին Արմէնը: Հարազատ ձայնը շարունակեց -Հետդ եմ Արմինէ, միշտ հետդ պիտի մնամ:

-Գիտեմ,-ըսաւ Արմինէն եւ ժպտաց նորածին Արմէնին:

-Պիտի չլաս այլեւս,- յստակօրէն տարբերեց խօսող ամուսնոյն ձայնը:

-Պիտի չլամ,- պատասխանեց Արմինէ եւ ամուր գրկեց նորածինը.- Քու կարօտդ մեր զաւակին մէջ պիտի գտնեմ, քու ժպիտդ միշտ խառնուած պիտի ըլլայ անոր ժպիտին: Դուն միշտ ներկայ պիտի ըլլաս: Քու շունչովդ պիտի մեծնայ մեր տղան…

Քիչ ետք Արմինէն ուրախ ուրախ վերադարձաւ տուն: Հիմա ամուսինը հետն էր:

Ընտանիքը ամբողջացած էր:

 

Պատմուածքները՝ «Աղուոր բաներ» կայքէն