Մարիանա Պէրթիզլեան Ղազարեան – Հալէպահայ գրող, բանասէր:
Ծնած է Հալէպ: Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Լ.Ն.Գ.Կ. Վարժարանէն ստացած է հայկական եւ պետական պաքալորիան։ Աւարտած է Ե.Պ.Հ.-ի բանասիրական ֆակուլտետի Հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժանմունքը՝մագիստրոսական աստիճանաւորումով (1985-1991 )։ Նոյն ընթացքին հետեւած է նաեւ Ե.Պ. Համալսարանի Հասարակական Մասնագիտութիւններու Հոգեբանութեան բաժնին (1987-1989) աւարտելով գերազանց աստիճանաւորումով։
Հինգ գիրքերու հեղինակ է՝ երկու բանաստեղծութիւն, երեք արձակ՝ «Կանչ Արարչական» (բանաստեղծութիւններ) (2009, Հալէպ), «Լոյսի Ճամբորդներ» (արձակ) (2012,Երեւան), «Բողբոջող Անմոռուկներ» (արձակ) (2015, Երեւան), «Ձայն Տուր Ծառ» (բանաստեղծութիւններ) (2016, Պէյրութ), «Փոխակերպում» (արձակ) (2018, Հալէպ)։
Տպագրուած է «Գրական թերթ», «Իրատես», «Գրանիշ», «Գրական Սփիւռք», «Նորք», «Կայարան», «Ազդակ», «Գանձասար», «Օշական», «Էրեբունի», «Երթ», «Հասկ», «Բագին» եւ այլ հայրենի եւ սփիւռքեան թերթերու եւ գրական ամսագրերու մէջ։
2012 էն ի վեր անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։
2016 թուականին «Բողբոջող Անմոռուկներ» գիրքը արժանացած է «Հրանդ եւ Մանուշակ Սիմոնեան» մրցանակին, իսկ «Ճատրակին Վրայ» էսսէն՝ Գրանիշ թերթի ամենամեայ գրական մրցանակի «Լաւագոյն Էսսէ» մրցանակին։
2016 թուականին ստացած է Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանը եւ համապատասխան վկայականը։
2017-ին արժանացած է Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Պաշտպան» մրցանակին։
Ունի արաբերէնի թարգմանուած գրութիւններ։
2007-2012 թուականներուն եղած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային վարժարաններու Ուսումնական խորհուրդի անդամ։ Պատրաստած է «Վտակ» ուսումնական թերթը (12 թիւ)։
Քանի մը տարի դասաւանդած է։ Ներկայիս կը գործակցի նաեւ Հալէպի Ռատիօ Երազին, պատրաստելով գրական հաղորդումներ:
Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ։Կ’ապրի եւ կը ստեղծագործէ ծննդավայր Հալէպի մէջ:
․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․․
Մի՛ Արտօներ
Որ նոր ցաւեր ունենանք
Մեզի շատ մօտ կը բնակի մահը
Պատնէշ եղիր
Մեր եւ մահուան միջեւ․․․
Ապրող մարդոց մէջ չգտանք, ոչ ալ` նահատակուածներուն աճիւններուն մէջ: Գերիներուն մէջ եթէ ըլլար, գոնէ աղօտ յոյս մը կ՛ունենայինք…
Շիրիմներուն մէջ անունդ չկայ, զինո՛ւոր:
Ո՞ւր ես: Կը փնտռենք քեզ օր ու գիշեր` յոյսի ծուէն մը միայն շալկած մեզի հետ: Անունդ մեր ճակատներուն կապած` կը հարցնենք քարէ քար, կը հարցնենք ծառերուն, թռչուններուն, ամէն անցորդի… միթէ առանց հետք մը ձգելու անհետացա՞ր… միայն մարմին չես դուն, ո՞ւր տարին հոգիդ, ձա՛յն տուր:
Անդունդները կամրջեցիր մատղաշ մարմինովդ. բոլոր կամուրջներուն վրայէն անցանք, իսկ դուն ո՞ւր ես…
Ոսկորներդ ամենակարող զօրութեամբ գոյացան մօրդ սրտին մօտ. սկզբնաղբիւրդ` ծնողներդ, ստեղծիչին հետ, քեզ կերտեցին: Արմատներդ, ծիներդ պահուած են ծնողներուդ եւ հեռաւոր մշուշապատ լեռներուն մէջ: Երբեք չես կրնար կորսուիլ…
Պահպանուած է ոչ միայն հետքդ, պահպանուած ես դուն` քու ամբողջութեամբդ, փորագրուած` քու ստեղծիչիդ ափին մէջ, ան պահած է քեզ իր բիբերուն մէջ եւ մտածումներուն կիզակէտին վրայ…
Դիմեցինք Անոր,այդ պատճառով մեր յոյսը չենք կորսնցուցած… Չենք վհատիր…
Ամուր մնա՛, սարի պէս, սիրոյ պէս. սէրը` մօր սէրը մահուընէ աւելի զօրաւոր է: Ովկիանոսներուն ջուրերն անգամ չեն կրնար մարել անոր ահաւոր կրակը: Կարօտդ եւ սէրդ ուժ կու տան սպասելու քեզ, համբերելու եւ հեռուն տեսնելու համար:
Արդարութիւնը ցօղի պէս կը հասնի, ուժ կու տայ…
Յաւերժութեան բիբերուն մէջ ա՛լ տարածութիւնները կոծով չեն լեցուիր, հապա` սիրով, աղերսանքով եւ պատասխան կարեկցանքով:
Մայրերու եւ հարազատներու հեծութիւնն ու ողբը բաւարար է…
Լսէ՛… Գտի՛ր իր սիրելիներէն անտես մնացած կորսուած զինուորը , բայց` ոչ անհետք…
Դուն բազմած լեռներուն մէջ վեհ` բնաւ հեռու չես մեր տառապանքէն, Տէր…
Ողորմիր հայրաբար, լսէ ճիչը արդար… հազար ձայներուն մէջ յստակ` ճիչը տանջալի:
Ձայնդ, պատասխանդ աննենգ, հարազատ, կը զատորոշուի ձայներուն մէջէն բոլոր:
Արեւուն տակ ոչ ոք ունինք Քեզմէ զատ. պաշարուած ենք թշնամիներով, նենգ մարդոցմով…
Աղերսն այս, ահե՛ղ Դատաւոր, գուցէ աննշան, բայց մեզի համար` կեանքի չափ կարեւոր, ընդունէ սիրով:
Չես մերժեր Դուն բնաւ, չես անտեսեր…: Մայրերու սրտերուն մէջ արեամբ ծլած կակաչներ կան: Սարերը ինկած կոկոններ կան արմատախիլ, ճմլուած, նորոգէ զանոնք: Մեր նուիրաբերած սրտի կտորները հայրենի հողի պաշտպանութեան` անտես մի՛ ըներ: Մայրերու տառապանքը ցաւն է ազգին, տառապանքը բոլորիս` դառնացած, խոցոտած արժանապատուութեամբ:
Յոյսի կանթեղներ դեռ կը պլպլան: Մայրեր չեն չարացած Քեզի դէմ, մայրերը չեն կրնար չարանալ: Նուիրական տեսիլքն է անոնց` հայրենի փրկութիւնը մեր:
Մայրեր օդի իւրաքանչիւր ներշնչումի հետ ցաւ կը ներծծեն:
Զինուորէն մատղաշ` ո՛չ մէկ հնչիւն, ո՛չ մէկ լուր… Վեց երկար ու ձիգ ամիսներ անցան վեց դարերու պէս: Պատուհաններէն տխուր քաղաքն է երեւցողը` ցաւած աչքի պէս. սպասող հայեացքներ, աղօթքի մրմունջ, օրէ օր հալող շշուկի վերածուող…
Տուներուն բաց դարպասները հաւատքով վերադարձի յոյսով կը սպասեն: Կը սպասեն տուները` սրտերուն մէջ աղօթքի կայծ, նոյնիսկ եթէ ժամանակի ձեռքը փակէ բոլոր դռները, եթէ նոյնիսկ ծնողներ անվերադարձ հեռանան տուներէն, իրենց ապրած աշխարհէն եւ այս կեանքէն, աներեւոյթ դառնան, միեւնոյնն է, կը սպասեն անոնց վերադարձին: Տաք շունչը արեւներուն, տիեզերք հինգ հազար` դեռ կը թեւածէ իրենց ապրած տուներուն շրջակայքը, փողոցներուն եւ հայրենի հողին վրայ, ամէնուրեք:
Աշխարհ չեկած ժառանգներն անոնց կը հաւաքուին օր մը, կը խուժեն անոնց ապրած փողոցները, կը պատմեն սխրանքին եւ չապրուած կեանքին մասին:
Օր մը լքուած, որբացած տուներուն լոյսերը կը լուսաւորուին, ժամանակը ուրախութեան մեղեդի կը հիւսէ տերեւներու փսփսուքով, նորածիններու գեղգեղով, թռչուններու դայլայլով խօսելու անոնց հարազատներուն:
Հերոսածին մայրերու ոգին վեհ է, ազնիւ. հայրենիքը կեանքէն ալ թանկ է անոնց համար,որ իրենց ամենաթանկը, լուսաշող անկրկնելին նուիրեցին հայրենի երկրի խաղաղութեան համար:
Հիմա փողոցները սեւ ժապաւէններով զարդարուած են. թէեւ գարուն է, ծաղիկներու փոխարէն` ծաղիկներու քանակով զոհուած մատղաշ կեանքեր են…
Հողաթումբի մը վրայ նստած` սպիտակազգեստ կին մը կ՛աղօթէ իր անյայտ զինուորին համար:
Չարերը միացան, լոյսս գողնալ փորձեցին․․․
Անհետք չէ ան, հոս են բոլորը, կողք-կողքի կը ննջեն, ձայն մի՛ հանէք, մի՛ խանգարէք երազը իմ զինուորներուս, բոլորն ալ իմն են, իմ հերոսիս ընկերները հարազատ;
Հիմա երկրագունդի վրայ ամէն բան անիմաստ կը թուի ինծի, կ՛ըսէ սպիտակազգեստ կինը. ես արդէն դժոխքը տեսայ, իջայ այնտեղ, բայց բարձրացայ… Դժոխքը տեսած մայրերուն տանջանքէն, անոնց ցաւէն թպրտացող սրտերէն զատ ալ ո՛չ մէկ բան կը հետաքրքրէ զիս:
Ամէն կողմ թափառող տխրութիւնը իր թեւերուն մէջ առած է վիրաւոր քաղաքներն ու գիւղերը: Քրքիչն ու ծիծաղը իրենց տեղերը զիջած են տխրութեան եւ հառաչանքին: Մարդիկ աւելի կը նախընտրեն լռել, քան` խօսիլ: Օրերը չար, պայթուցիկ են: Մարդիկ կորսնցուցած են իրենց վստահութիւնը, նոյնիսկ` իրարու նկատմամբ: Կասկածն է տիրողը եւ` գալիքին նմատմամբ անյուսութիւնն ու վախը: Բոլորը շփօթութեան մէջ: Ամէն անհեթեթ գաղափար, ամէն կասկած սողոսկած է սահմաններէն ներս, սահմանները վտանգուած են հիմա… Բզկտուած են երկիր ու երկինք, սատանան ազատ արձակուած է, իր հրեղէն թոյնը տակաւին կ՛արձակէ անշնչացած մարմիններուն վրայ: Լեռներ կը շարժին, ապառաժները անդունդ կ՛իյնան: Ո՛ւր որ է` կը խելագարին երկնային պատկերով ստեղծուած հրեշտականման փխրուն այս էակները: Մայրերը անպաշտպան են, անօգնական… տար Քու դաշտդ, Դո՛ւն կերակրէ զանոնք քու հոգիովդ, թող ծլարձակին գեղեցիկն ու բարին: Ժայռոտ, ցաւէն քարացած մեր երկրին, անձրեւի պէս վերէն թափող խաղաղութիւն հարկաւոր է…
Վերադարձուր կորսուածները, իրենց հարազատներուն:
Երկինքը երբ իր մութ վարագոյրներով ծածկեց երկիրը, երկնային բոլոր լոյսերը անջատուեցան. մայրեր շարունակեցին փնտռել այն բանալին, որուն հետ կրնային բանալ երկնային օթեւաններուն դռները. օթեւաններ, որ պատեր չունենան, անջատման կամ սահմանափակման:
Եւ աթոռին վրայ բազմողը սկսաւ ամպերուն վրայ յանցանքները գրել ու ջնջել: Անձրեւի թացութեան պէս անոնց կպչունութիւնը վերածուեցաւ ցօղի:
Մետաքսեայ խոտ, կանաչ եւ ծաղիկ բուսցուց բնութիւնը, որ իր թարմութեամբ եւ մաքրութեամբ հանգստացուց սրտերը…
Արցախ հողդ որոգուած մնաց հերոսներու արեամբ սուրբ: Կրկին կը վերադառնաս մեզի, որովհետեւ հպարտ ճակտիդ վրայ քաջերու անուններն են. ամէն քարի վրայ արեան շիթեր, ամէն անկիւն` տառերը մեր սրբազան, հերոսներու աճիւններ, նշխարներ…
Արեան կանչը տուն կը կանչէ, դէպի երկիր արեւի, երկիր հայրենի:
Հալէպ
ՏԵԱՌՆ ԸՆԴ ԱՌԱՋ
Ցանեցի ծառը՝ ծաղկիր, խօսիր ըսի Աստուծոյ լեզուով
Կառուցեցի տաճարը եւ ըսի՝ապրիր․․․
Ծլեցաւ հողը, իսկ Դուն հաւաքէ ցորենը խօսուն
Ծաղկեցաւ ծառը բառերով ու լեզուով Անոր
Եւ տաճարին լռութեան մէջ խօսեցաւ Աստուած լուսէ ողկոյզով․․․
Ձեռքերս լեցուեցան լոյսով
Կը փորձեմ թռչիլ դուրս գալ
Զիս իր հեւքին մէջ առնել ուզող խաւարէն
Կը ճեղքեմ խաւարը
Ձեռքիս լուսէ սափոր
Կը ճախրենք միասին
Վարագոյրէն անդին․․
7 Փետր․ 2014
<Ձայն Տուր Ծառ>գիրքէն
ՆՈՐ ՅՕՐԻՆՈՒՄ
Թանձր ամպով պարուրուած է քաղաքը։
Ամպը կը մնայ հովանի, կը մնայ մեզի հետ։Ու ամպը կը շարունակէ ցաւած քաղաքի խորանին վրայ տարածուիլ, մարդիկ չեն չուեր,կը պատսպարուին հոն, կը կերակրուին մանանայով մինչեւ որ գայ յարմար ժամանակը, լոյսի հունտեր ցանելու , ուրախութեան արցունքներով իրենց խուրձերը հնձելու համար,քանի որ գիտեն, թէ ամպերուն մէջ ծրարուած ու թաքնուած աստղերու ժպիտներ կան։Հողին մէջ խայտանքն է որ կը թթխմորուի կը տարածուի,շուտով կը ծնի նոր ուրախութիւն իր շողերը տարածելու արեան շիթերով թրջուած հողին։կը ծնին նոր բլուրներ,որոնք բարձրաձայն քրքիջներով տակաւին պիտի շրջին երկրագունդի առանցքին շուրջ ․․․
Ցանուած լոյսը կը ծլի մինչեւ որ նոր օր ըլլայ՝ կատարեալ․․․
Հինցած տիեզերքը նոր յոյսով կը վարարի եւ մոլորակները արագ արագ կը սկսին վազել իրենց առանցքին շուրջ,նոր թափով ու եռանդով ։ Նորոգուած մարդը ուրախութեան մէջ է,ան կը թագաւորէ։
Ձեռք մը, ուրախութեամբ պարուրուած անուններ կ՛արձանագրէ սպիտակ ու լայնատարած էջերու անդաստաններուն վրայ․․․երբեմն կ՛արտասանէ,երբեմն հզօր ափը կը դնէ անոնց վրայ ու անոնք կը ծաղկին։Դատարկ զամբիւղները կը սկսին լեցուիլ․․․
Այս երաժշտութիւնը երաժիշտ ունի։Երկրագունդի համանուագը կառավարող մեծ երաժիշտին դէմքը հաւանաբար չկարենանք տեսնել ,եթէ չհաւատանք անոր գոյութեան;
Վախնալը անիմաստ է,գիշերը կը զգեստաւորուի աղջամուղջով,լուսաստղը կը սկսի երեւիլ,մոխիրը կեանք կը հագուի, վախը կ՛անհետանայ․․․
Բոլոր գիրքերը ունին իրենց հեղինակները,նոյնիսկ եթէ չկարենանք կարդալ զանոնք ու չհասկնանք անոնց լեզուները։Ինչպէս որ չենք կրցած կարդալ տակաւին մեր բջիջներու գաղտնագրերը,բայց անոնք անտարակոյս իրենց հեղինակը ունին,եւ հեղինակային իրաւունքները վերապահուած են։Խորհրդաւոր համակարգ մը կը ղեկավարէ երկրագունդի բոլոր մանրամասները, նոյնիսկ եթէ մեզի համար անվերծանելի ըլլան այդ բոլորը․․․Նոյնիսկ եթէ մոլորակը մոխրանայ,արեւը կը վերածուի նոր աստղի,մենք կը մնանք այդ անսահմանէն մասնիկ մը ու կը գոյատեւենք ։Կատարեալէն հիւլէ մըն ենք ,սիրոյ ովկիանոսէն բջիջ մը որ կարելի չէ ոչնչացնել,քանի որ տիեզերքի ստեղծիչն ու կեանքը, մեր մէջ է, եւ միայն անիկա ունի մեր հիւլէներու թաքնագրութեան բանալիները։
Մեր մէջի, նոյնիսկ քաոսը ,կարողութիւնը ունի բազմաթիւ աստղեր ծնելու՝ որոնք հիմա իսկ,արդէն կ՛արտացոլան մեր աչքերուն մէջ։ Շատ բան չենք հասկնար,բայց կը զգանք ամէն բան․․․թէեւ չենք լսեր հզօր ձայնը որ լռութեան մէջ կ՛երգէ միայն մեզի համար։ Գոյութիւն ունի, ան որ կը տեսնէ մեզ հեռուներէն շատ յստակ։Ու մենք ինչպէս որ անկարող ենք տեսնելու մեր սեփական արեան հոսքն ու շրջանառութիւնը այնպէս ալ՝ մեզ դիտող ու հսկող աչքը կը մնայ մեզմէ անտես ու անհասանելի ,ու նոյն աչքը անթարթօրէն կը հսկէ որ տիեզերքը դատարկութեան մէջ չգահավիժի եւ շարունակէ արեւուն շուրջ շրջիլ։
Կու գայ այն օրը երբ բջիջը, հզօր հրահանգով կը բանայ իր բոլոր գաղտնիքները մեզի համար ու մենք դէմ յանդիման կը գտնուինք հսկայ առեղծուածին,այն ատեն հրեղէնները երկինքէն կ՛իջնեն երկիր, զտելու ամէն բան։
Տխուր է ամէն բան ու վերջը շատ մօտ։Գիրերը սկսած են ջնջուիլ բայց մեր յօրինումը տակաւին չէ աւարտած․ոչ մէկ բան յետաձգուած է, թէեւ տերեւաթափն ու առաջին ծիլը տակաւին կը յարգեն իրենց ժամադրութիւնն ու երկիրը ծափ ու ծիծաղով իր ծիրին շուրջ դեռ կը շարունակէ շրջիլ․․․
Տակաւ առ տակաւ մենք կը սկսինք ազատիլ մեր աչքերէն եւ ականջներէն,քանի որ, ալ կը սկսինք տեսնել ու լսել առանց անոնց։Կը լսենք նոր բաներ ու կը տեսնենք անտեսանելին ,որ մտքի հասկացողութենէ վեր է․լսել ու տեսնել այն ամէնը,որ դեռ աչք չէ տեսաած ու ականջ չէ լսած,բայց պատրաստուած է միայն հաւատացողին ու յուսացողին համար։
Մենք տկար անօթներ,միաժամանակ հզօր,ստեղծուած ենք հողէն եւ հոգիին երազներով․մեր ներսիդին տիեզերական բոլոր ուժերը ,գիտակցութեան ծովերն ու ալիքները իրարու կը բախին․․․։Տառապանքի ու սիրոյ վայրկեանները կ՛արձագանգեն յաւիտենութեան մէջ։
Ուր ո՛չ տխրութեան,ոչ արցունքներ կան,ոչ կարօտի,ո՛չ ալ ցաւի․․․
Ուր անսահմանի փէշերուն վրայ մեր երազած ու այստեղ չտեսած լոյսը պիտի տեսնենք․․․
1.Նոյեմբեր 2017, Հալէպ
<Փոխակերպում> գիրքէն