ԿԸ ՀԵՏԵՒԻՆՔ ԻՐԱՐ

 

Օդին մէջ

Արեւմուտքէն արեւելք

Կ’անցնինք անարգել սահմաններ

Օրը տօն է

Ծաղկազարդ

Ծառազարդ գարուն

Աստուածորդին մուտք կը գործէ Երուսաղէմ

Ես՝ խաղաղ ովկիանէն

Դէպի անխաղաղ սուրիական ցամաք կը շտապեմ

Ծեր հայրիկս վերջին անգամ գրկելու

Աստուածորդին ձիթենիներով դիմաւորելու․․

Ես՝ ինքնաթիռի քամակին

Հզօրը՝ խոնարհ իշուկի մը վրայ

Կը հետեւինք իրար քայլերուն

Ես՝ Անոր շաւիղներուն

Ան՝ իմ ապահովութեան

Թիկնապահի զգուշութեամբ․․․

 

Աջ ու ձախէն որսորդի որոգայթ

Կը գլորին մարդիկ

Կը թօթափեմ ոտքերուս փոշին

Մինչ արեւը մայր կը մտնէ․․

 

Կը սպասեմ իր գալստեան

Այս անգամ՝ արեւելքէն արեւմուտք

Մինչ կը հետեւիմ իրեն․․

<Խնկի ԾԱՌ>

24 Մարտ 2013

Մարիանա Պէրթիզլեան