Մարի Աթմաճեան (1913 -1999) – սփիւռքահայ բանաստեղծուհի, գրական եւ հասարակական գործիչ։
Ծնած է Պաֆրա։ Քոյրն է տարաբախտ բանաստեղծ ու գրագէտ Ա. Սեմայի։
1915-ի Եղեռնին, Աղաճա Գըշլայի մէջ, ուր աքսորուած էին ընտանեօք, կ՛ենթարկուին անլուր տանջանքներու։ Հայրը խենեշօրէն կը սպաննուի։ Գաղթականութիւն ու զրկանք՝ կ՝ըլլան բաժինը իրենց կեանքին։ Պոլիս, Սուրիա, Եթովպիա, Յունաստան եւ Ֆրանսա…:
Աշակերտած է Պոլսոյ Դպրոցասէր Տիկնանց վարժարանին, ուր կատարած է գրական առաջին փորձերը։
Գրականութեան իր ուսուցիչը եղած է Չօպանեան։ Գրական նախափորձերը կը հրատարակուին Ա. Սեմայի «Ջանք» եւ «Մշակոյթ» ամսագիրներուն մէջ։
Փարիզի մէջ հետեւած է Մարգարիտ Բաբայեանի երաժշտական եւ Սորպոնի համալսարանի գրականութեան դասընթացներուն։
Բանաստեղծութիւնները տպագրուած են «Անահիտ», «Պայքար», «Լուսաղբիւր», «Հայաստանի կոչնակ», «Բազմավէպ», «Նոր գիր», «Զուարթնոց» եւ այլ պարբերականներու մէջ:
Եղած է Ֆրանսահայ գրողներու միութեան նախագահ:
1939-ին՝ լոյս կը տեսնէ գրական իր աոաջին երկը, թատերակ մը։ 1947-ին՝ կը հրատարակէ աոաջին քերթողագիրքը՝ «Գողգոթայի շուշաններ»: 1951-ին՝ երկրորդը՝ «Աստեղաքաղ»: 1961-ին՝ «Գաղթաշխարհի երգեր»: 1967-ին՝ «Ոսկի Գեղօն»: 1974-ին՝ «Վերջալոյսէն աոաջ» եւ «Յաւերժական ուղիներով»։
Բանաստեղծութիւններու ժողովածուներուն մէջ պատկերած է սփիւռքահայերու կեանքը, անոնց հայրենաբաղձ ոգորումները։
Խորքի եւ կառոյցի իր բոլոր ընկրկումներուն հակառակ, 1920-1950ական թուականներու գրական հանգրուանին մէջ յիշատակելի անուններէն մէկն է: