Մատթէոս Զարիֆեան (1894-1924) – Հայ գրականութեան, յատկապէս քնարերգութեան սիրուած ու մեծ բանաստեղծներէն:

Ծնած է Պոլիս։ Կեանքին մեծագոյն մասը անցուցած է Սկիւտարի մէջ, որուն գեղածիծաղ ծովը եւ երկինքը ազդած են ինչպէս Պետրոս Դուրեանի նոյնպէս իր վրայ։ Կրթութիւնը ստացած է Իճատիէի դպրոցին մէջ, ապա Պարտիզակի Ռոպերթ Գոլէճին եւ Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, որ աւարտած է 1913-ին՝ «Պսակաւոր Արուեստից» տիտղոսով։ Ուշադրութիւն գրաւած է իր մարզիկի շնորհներով եւ ըմբոստ հոգիով, որուն հետեւանքը, մասամբ եղած են իր տեղափոխումները դպրոցէ դպրոց։

1913-ին՝ տակաւին պատանի, ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Ատանա, որպէս անգլերէնի եւ մարմնամարզութեան ուսուցիչ։ Հոս է, որ մարզական փորձերու ընթացքին կը զգայ առաջին նշանները թոքախտին։ Կ’ընդհատէ ուսուցչական գործը։ Պահ մը կը մնայ Լիբանան` փորձելու համար լեռնային օդի շնորհիւ վերագտնել առողջութիւնը։

Նոյեմբեր 1914-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ կը մտնէ, կը զօրակոչուի իբր պահեստի ենթասպայ։ Զինադադարին պահ մը կրկին կը դառնայ ուսուցչութեան, բայց թոքախտին գործած աւերը զգալի է արդէն։ Այս փուլին է, որ երբեմնի մարզիկը կը յայտնուի իբր բանաստեղծ` պատերազմէն ետք, սկսած «Ճակատամարտ» թերթին մէջ լոյս ընծայած իր բանաստեղծութիւններով։ Ուստի իր առաջին գործը մամուլի մէջ տպագրուած է 1918-ի զինադադարէն ետք։

1919-էն սկսեալ, Զարիֆեան թափով փարեցաւ գրական ստեղծագործութեան եւ իր կեանքի վերջալոյսին, հինգ տարիներու ընթացքին, լոյս ընծայեց իր «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»-ն (1921) ու «Կեանքի եւ մահուան երգեր»-ը (1922), որոնք մնայուն պատուանդան դարձան մեծ բանաստեղծի անմահութեան համար։

1924 թուականին Կ. Պոլսոյ մէջ կը մահանայ 30 տարեկան հասակին։

Սիրոյ եւ ցաւի թախծոտ ու քնքշալի իր յուզաշխարհով՝ Զարիֆեան արժանաւորապէս եղաւ ականատես վկան Հայաստանի եւ հայութեան դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան։ Զարիֆեանի «արտասուահիւծ» երգերը վերընձիւղման իւրայատուկ աւիւն ներարկեցին մեր սերունդներուն։

Մ. Զարիֆեանի բանաստեղծութիւնը եղաւ պարզ ու հաղորդական՝ թէ՛ իր լեզւով ու ոճով, թէ՛ իր խոհական ու պատկերաւոր գիւտերով։

Պզտիկ աղջիկ մ ‘ինծի կ’ըսէ
Պզտիկ աղջիկ մ ‘ինծի կ’ըսէ
Որ զիս խենթի պէս կը սիրէ.
Պզտիկ աղջիկ մը զիս սիրէ՜…
Գիշերն անհուն իմ աչքերուն
Երեւի դեռ նա չէ՜ տեսեր.
Պզտիկ աղջիկ մ ’ինծի տայ սէ՜ր…
Երեւի դեռ նա չէ՜ նայեր
Հոգւոյս խաւար անդունդն ի վար.
Պզտիկ աղջիկ մ’ինձ սիրահար…
Եթէ լսէր թէ ո՛չ մէկ սէր
Այդ անդունդին մէջ կը շնչէր՝
Հէք պզտիկը չէր հառաչեր…
Ուստի եղբօր մը պէս ըսի
Որ լուսնին տակ մարդ կը մսի.
Գնա՛, գնա՛ ննջէ՛ ըսի.
Յետոյ գացի՝ հեռո՜ւն լացի…

ՀՈԳԻՍ

Հոգիս պըզտիկ աղբիւր մըն է արծաթէ,

Գիշերին մէջ գըլգըլացող ու լացող,

Որ քէն չունի ժայռերուն դէմ, կ՚աղօթէ՜,

Ու լուսնակէն կը սպասէ լոկ շիթ մը ցօղ…

 

Ո՛չ մէկ ուռի՝ ճամբուս վըրայ ամայի.

Կործանեցան բոլորը մե՜ծ հովերէն.

Հոս-հոն ագռա՛ւ մը լոկ ջուրիս կը նայի՝

Բայց ես կ՚երթա՜մ գըլգըլալէն ու լալէն…

 

Ինչու որ, օ՜, գիտե՛մ թէ օր մը աղուոր

Պիտի գայ Կոյսն, անտառներու խորերէ,

Ու հակելով ջուրիս վըրայ մենաւոր՝

Պիտի ափին մէջ մարգրիտնե՛րըս համրէ… ։

 

ՀԵԳՆԱՆՔ

Քանի՜ կ՚անի ցաւը մարմնիս,
Ժպիտն աչքիս վարդ կ՚ըլլայ.
Ցուրտ հոգիէս կ՚անցնի մայիս,
Ու լո՛յս կ՚իյնայ ճակտիս վրայ…

Եւ այս վարդով, այս գարունով,
Կը հեգնեմ Ան որ կու գայ.
Ան որ կու գայ՝ հոգին քունով
Քնացընել Ցաւն հսկայ…։