Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, (1828 – 1868), արեւմտահայ բանաստեղծ, թատերագիր։

Ծնած է Պոլիս, կաթողիկէ աղքատ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրն ու մայրը շատ կանուխ մահացած են թոքախտէն։ Ուսանած է Մխիթարեաններու նախ Պոլսոյ եւ ապա Պատովայի (Իտալիա) վարժարաններուն մէջ։ Եղած է Ղեւոնդ Ալիշանի աշակերտը։

Դպրոցական տարիներէն սկսեալ անոր վրայ մեծ եղած է թատրոնի ազդեցութիւնը: Կազմաւորուած երիտասարդը 1845-ին վերադարձած է Պոլիս։ Ապրած է համեստ կեանք մը ու աշխատած՝ իբրեւ ուսուցիչ։ Թաղային վարժարաններու մէջ ուսուցչութեան կողքին, մասնաւոր դասերու շնորհիւ, յաջողած է մայրենի լեզուի սէր եւ ազգային ոգի ներշնչել բարեկեցիկ բայց օտարախօս շրջանակներու երիտասարդութեան, այդպիսով պայքար բանալով Պոլսոյ բարձր դասակարգի մէջ ընդհանրացած այլախօսութեան, այլասիրութեան դէմ, եւ իր յաղթանակի լաւագոյն վկան եղաւ իր սանուհի Սրբուհի Վահանեան, յետագային վիպագիր՝ Սրբուհի Տիւսաբը:

Ուսուցչական գործունէութեան կողքին, Պէշիկթաշլեան բուռն թափով նուիրուած է միութենական աշխատանքներու։

1893-ին թրքական նոր օրէնքներու «Թանզիմաթ»ի բերած համեմատական դեմոկրատ հովերու ազդեցութեան տակ Պոլիս դարձած էր հայ գրական-ընկերային շարժումներու կեդրոն: Պոլիս վերադարձող Պէյշիկթաշլեան կ’իյնայ այդ շարժումներու յորձանուտը:

Այդ շրջանին՝ 1846-ին, Պոլսոյ մէջ Պէշիկթաշլեանի եռանդուն ջանքերուն շնորհիւ կը հիմնադրուի «Համազգեաց ընկերութիւն»ը, որ պիտի ունենար կրթական-հրատարակչական լայն գործունէութիւն, ջանալով նաեւ միասնութիւն ստեղծել հայութեան հատուածներուն միջեւ։ Իրեն համար մնայուն հաւատք ու ապրում եղած է համահայկական եղբայրութիւնը։

Յոգնութիւն չճանչցող այս իսկական մտաւորականը իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է նաեւ 1860-ին հիմնուած «Անձնուէր» ընկերութեան աշխատանքներուն, որուն հիմնական նպատակաը եղած է Պոլիս գտնուող պանդուտներուն կրթութեան եւ ազգային դաստիարակութեան հարցը: Պէշիկթաշլեան էական դեր ունեցած է Ազգային սահմանադրութեան (1860) ստեղծման գործին մէջ։ Աջակցած է «Բարեգործական ընկերութիւն հայոց»-ի ստեղծման (1860):

Պէշիկթաշլեան ազգօգուտ գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ թատրոնի ասպարէզէն ներս: 1856-ին ան Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասին մէջ կը հիմնէ թատրոն, որ եւ կը նկատուի արեւմտահայ նոր թատրոնի սկզբնաւորութիւնը: Այսպիսով ան կը դառնայ արեւմտահայ թատրոնի հիմնադիր, իսկ իր «Կոռնակ»ը՝ առաջին թատերգութիւնը: Ունի ինքնագիր եւ թարգմանական գործեր, որոնցմէ ինքնագիր՝ «Կոռնակ», «Արշակ», «Վահան», «Վահէ», Թարգմանական՝ «Սաւուղ», «Պրութոս Ա.» (Ալֆիերի),  «Մահ Կեսարու» (Ոլթեր) եւ փոքր կատագերգութիւններ:

Պէշիկթաշլեանի ստեղծագործական բարձրակէտը կը համընկնի 1850-ականներու վերջերուն հասարակական-քաղաքական միտքի եւ ազգային-ազատագրական շարժման բուռն վերելքին հետ: Բանաստեղծը ունի հազիւ վեց տասնեակի հասնող բանաստեղծութիւններ, որոնց թեմաները բազմազան են: Գրած է գրաբար եւ աշխարհաբար լեզուներով: Պէշիկթաշլեան երգած է սէրը, բնութիւնը, հայրենիքը, գրած է օրորոցային, մանկական երգեր, եւ այլն, ինչպէս՝ ««Զբօսանք Արտաշէսի Առաջնոյ», «Հրաւէր ի Մարտ Խոսրովու Մեծի», «Ի Նահատակութիւն Վարդանանց», «Դիւցազունք Հայոց», «Գիշեր», «Առ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան», «Եղբայր Եմք Մենք», «Գարուն», «Ալ զեփիւռն Ալեմտաղիի», «Ճեմք Ի Լեառն Հսկային», «Աշուն», «Քնար Կուսին», «Քնար Եւ Շիրիմ»:

Երգած է նաեւ Զէյթունի քաջ ժողովուրդի զինեալ պայքարը։ Զէյթունեան երգաշարը` «Հայ քաջորդին», «Մահ քաջորդւոյն», «Թաղումն քաջորդւոյն» եւ «Հայ քաջուհին», հերոսամարտի գեղարուեստական իմաստաւորումն ու տարեգրութիւնը կ’արտայայտեն Պէշիկթաշլեանի հաւատքը հայ ժողովուրդին ուժին նկատմամբ: «Հայ քաջորդին» ներշնչուած է Վիքթոր Հիւկոյի «Տղան» բանաստեղծութենէն:

Պէյշիկթաշլեանի անունը սերտօրէն կ’առնչուի նաեւ հայ նոր երգի սկզբնաւորման եւ զարգմացման գործին: Ինչպէս հայ նոր թատերգութեան եւ քնարերգութեան, այնպէս ալ հայ երգարուեստի կազմաւորման մէջ ան ունի անդրանիկութեան իրաւունք:

Մահացած է երիտասարդ հասակին, հազիւ 40 տարեկանին՝ թոքախտէ։ Թաղուած է Պոլիս, Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը։

Հակառակ իր գրական համեստ վաստակին, ան իր մահէն ետք մի՛շտ ալ պահեց մնայուն եւ պատուաւոր տեղ մը Զարթօնքի շրջանի մեր գրողներու հոյլին մէջ:

Պէշիկթաշլեանով կը սկսի հայ նոր քնարերգութիւնը եւ առանց անոր անկարելի է երեւակայել Դուրեանի, Յովհաննիսեանի, նոյնիսկ Մեծարենցի ստեղծագործութիւնը:

 

ՉԵՆ ԵՐՋԱՆԻԿ

Ո՞ր մահականցուն այս երկրի վրայ
Երջանիկ ժամեր վայելել կրնայ,
Եւ ո՞րն է այն վարդ՝ ծլած աշխարհիս,
Որ ձեռքերուդ մէջ իսկոյն չթոռմի։

Ո՜հ, չէք երջանիկ, ո՜հ, դժբաղդ հայեր,
Մինչդեռ Հայրենիք չէ՛ք մըխիթարեր։

Թէ մտքով գրկես երկիրն ու երկին,
Եւ ամէն գաղտնիք քեզ մերկանային.
Անհնար է քեզ ըլլալ երջանիկ,
Այլ դժխեմ բաղդին թըշուառ խաղալիք։

Ո՜հ, չէք երջանիկ, ո՜հ, դժբաղդ հայեր,
Մինչդեռ Հայրենիք չէ՛ք մըխիթարեր։

Իզուր դիւցազունք պատերազմական
Դաշտերու վրայ կանգնեցին նըշան.
Հազիւ ստացան յաղթութեան պըսակ,
Կորզեց ձեռքերնէս զայն մահու հրեշտակ։

Ո՜հ, չէք երջանիկ, ո՜հ, դժբաղդ հայեր
Մինչդեռ Հայրենիք չէ՛ք մըխիթարեր։

 

ԵՂԲԱՅՐ ԵՄՔ ՄԵՔ

Ի բիւր ձայնից բնութեան շըքեղ
Թէ երգք թռչին սիրողաբար,
Մատունք կուսին ամենագեղ,
Թէ որ զարնեն փափուկ քընար.
Չունին ձայն մի այնքան սիրուն,
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Տո՛ւր ինձ քու ձեռքդ, եղբա՛յր եմք մեք
Որ մըրըրկաւ էինք զատուած.
Բաղդին ամէն ոխ չարանենգ
Իմ ի համբոյր, ցրուին՝ ի բաց.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Երբ ալեւոր Մայրն Հայաստան
Տեսնէ զորդիս իւր քովէ քով,
Սըրտին խորունկ վէրքըն դաժան
Քաղցր արտասուաց բուժին ցօղով.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Մէկտեղ լացինք մենք ի հընում…
Եկէք դարձեալ յար անբաժան
Խառնենք զարտօսր եւ ըզխնդում
Որ բազմածնունդ ըլլայ մեր ջան.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։

Մէկտեղ յոգնինք, մէկտեղ ցանենք,
Մէկտեղ թափին մեր քրտինքներ,
Ըզհունձ բարեաց յերկինս հանենք
Որ կեանք առնուն Հայոց դաշտեր.
Ընդ աստեղօք ի՜նչ կայ սիրուն
Քան զանձկալի Եղբայր անուն։