Միհրան Տէր Ստեփանեան (1899–1964) – Երգիծագիր, հրապարակագիր
Ծանօթ եղած է Դաւիթ ծածկանունով։ Ծնած է 1899-ին, Տէօրթ Եոլ գիւղաքաղաքին մէջ: Յաճախած է ծննդավայրի Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանը, ապա շրջան մըն ալ՝ Պոլսոյ Պեզազեան երկրորդական վարժարանը։
Վերադառնալով ծննդավայր՝ 1914-ին, Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանի հետ իր պատանի տարիքին մասնակից կը դառնայ «Նուիկ» անունով շաբաթաթերթի հիմնադրութեան: Նոյն տարին որպէս պատանի թարգման աշխատանքի կ’անցնի ծննդավայրի Ֆրանսական զինուորական կառավարման կեդրոնէն ներս: Ապա Ճկեր գաւառի կուսակալութեան մօտ կը ստանձնէ դիւանապետի պաշտօնը, զոր յաջորդ չորս տարիներուն կը վարէ, դառնալով հմուտ թարգման տակաւին 20 գարունները չբոլորած:
Ծննդավայրէն ներս մաս կազմած է հասարակական տեղւոյն կեանքին, ու դարձած Տէօրթ Եոլի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անդամ։
1920-22 Տէր Ստեփանեան, իր ընկերոջ Արիս Շաքլեանի հետ ձեռնարկած է «Սիսուան» շաբաթաթերթի հրատարակութեան: Կիլիկիոյ պարպումին որպէս հետեւանք ան ստիպուած հաստատուած է Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոս, ուր պաշտօնավարած է վարչապետարանի դիւանէն ներս երկար տարիներ:
Դամասկոս հաստատուելէն ետք, շուրջ տարի մը ան կանոնաւոր կերպով աշխատակցած է Ալեքսանտրէթ հրատարակուող «Զարթօնք» շաբաթաթերթին, զոր կը հրատարակէր իր հօրեղբօրորդին՝ Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանը:
Պետական իր պաշտօնին մէջ ան լեզուական հմտութեան շնորհիւ կը հասնի կառավարիչի պաշտօնին:
Միհրան Տէր Ստեփանեանի սփիւռքահայ լրագրութեան մասնակցութիւնը դարձած է հետեւողական եւ բեղուն. Հեռաւոր Ամերիկա հրատարակուող «Նոր Գիր» ամսագրին մէջ նոյնիսկ կը հանդիպինք իր պարբերական ստորագրութեանց:
Սուրիոյ «Եփրատ»ին մէջ է որ կը սկսի իր երգիծանքի «Պարսատիկէն» սիւնակին, որ յետագային պիտի շարունակուէր Պէյրութ հրատարակուող «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ:
Իր անունին հետ կապուած են Ճկոյտ եւ Սուրճ ծածկանունները, որոնք կանոնաւորապէս երեւցած են «Լիբանան» եւ «Ժողովուրդի Ձայն» թերթերուն մէջ:
Պէյրութ հրատարակուող «Շիրակ», «Անի» եւ «Կրթասիրաց» գրական ամսագիրներուն աշխատակցած էր մնայուն կերպով, ինչպէս նաեւ՝ Հալէպ հրատարակուող Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին:
Բեղուն գրիչի տէր եղած է Միհրան Տէր Ստեփանեան, որուն եթէ բոլոր գործերը ամփոփուին, կը կազմեն 4-5 հատոր: Իր գլխաւոր գեղարուեստական գործերէն է «Նայիրի»ի մէջ յաջորդաբար տպուած «Զէյնապ» սիրավէպը, որ տակաւին կը սպասէ առանձին գիրքով հրատարակութեան …: Իր ողջութեան, Սիմոն Սիմոնեանի քաջալերանքով լոյս տեսած է «Յոյսի Խարոյկներ» պատմուածքներու ժողովածուն: Յետ մահու հրատարակուած է անոր «Երկեր»ը:
Գրած է բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, վիպակներ եւ յատկապէս քրոնիկներ:
Պայմաններու բերումով ան ընտանեօք փոխադրուած է Պէյրութ 1956-ին, ուր մահացած է 1964 Դեկտեմբերին, 65 տարեկան հասակին, իր ետին թողելով սփիւռքահայ մամուլի էջերուն լրագրութեան հարուստ աւանդ մը:
Մեծ Եղեռնի յիսնամեակին նախօրէին…
Պէտք չէ´ այս ժողովուրդը տոփէ ընել երազով, բանաստեղծութեամբ, բաղձանքներով եւ յոյսով թէ` Մեծ Եղեռնի 50ամեակին առթիւ պապենական ժառանգութեան վերատիրանալու առընչութեամբ մեր նախաձեռնութիւնները անպայման յաջողութեամբ պիտի պսակուին։ Կարեւորը մեր դատը ժամանցումի չենթարկելն է եւ հաստատելը անոր անկորնչելիութիւնը յայսմ հետէ մինչեւ յաւիտեան։ Եւ մեր այս հաւատքին փոխանցումը նոր սերունդներուն։
Որովհետեւ, որքան ատեն որ Արեւմուտքը եւ յատկապէս Ուաշինկթըն կը պնդեն թէ` «Ամերիկայի ապահովութեան սահմանները կ’անցնին նաեւ Կարսի բերդէն եւ թէ` Պետական Քարտուղարութիւնը կառչելով Թրումընեան Վարդապետութեան, կ’երաշխաւորէ Թուրքիոյ սահմաններուն անձեռնմխելիութիւնը եւ անոր հողային ամբողջականութիւնը, եւ կը փաստարկէ թէ` հայկական հողային պահանջները արդարացնող ցեղագրական պայմաններ գոյութիւն չունին, ըլլալէ դադրած են ներկայիս»։ Անքարա յօժար կամքով թիզ մը հող չի զիջիր, չի կրնար զիջիլ ի նպաստ մեզի։
Այսօր աշխարհ գիտէ թէ ինչու համար եւ ինչպէս «ցեղագրական պայմանները» չքացուած են հայկական հողերէն։ Եւ սակայն …
– Հայաստանը պիտի ապրի, որքան որ կրնայ,
– Սփիւռքը պիտի, մոմի պէս հատնումով, մեռնի, շիջի,
– Սփիւռքը քաղաքական ուժ չէ´, ու չի կրնար ըլլալ։
Որովհետեւ երբ հայը արդէն ֆիզիքական, նիւթական եւ բարոյական հանգստաւէտութեան հասնելէ ետք, դուն չես կրնար գնչույացած հոգիով ու մտայնութեամբ եւ նաեւ լեվանթէ դարձած հայը, օր մը առաջնորդել հայրենիք` յանուն ազգասիրութեան եւ հայրենապաշտութեան։ Մարդը իր մորթին եւ ստամոքսին ապահովութիւնը փնտռող անասուն ըլլալէ չէ դադրած տակաւին` հակառակ քաղաքակրթութեան բոլոր աստիճաններէն անցած ըլլալուն` յաջող քննութիւն տալով։
Հայկական Դատին ժառանգորդները, ամէն բանէ առաջ պարտին միացնել, առնուազն ներդաշնակել իրենց պահանջքները զայն ներկայացնելէ առաջ միջազգային դատական ատեանին, որմէ արդարութեան եւ իրաւունքի ճանաչում կ’ակնկալուի։ Բաժան բաժան ուժերով եւ զիրար հակասող պահանջներով դատ չի շահուիր։ Անոնք զիրար կը չեզոքացնեն, հակառակորդ կողմի հացին իւղ ու կարագ կը քսեն եւ ճամբայ կը բանան որ դատաւորները Պիղատոսները կրկնեն։
Սեպտեմբեր 10, 1964