Միսաք Մեծարենց (Մեծատուրեան) – (1886 – 1908), արեւմտահայ քնարերգակ բանաստեղծ, հայ գրականութեան ամէնէն գեղապաշտ բանաստեղծը։

Ծնած է Ակնի Բինկեան գիւղը։ Տասնվեց տարեկանին կը փոխադրուի Պոլիս, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, բայց երեք տարի ետք ստիպուած կ’ըլլայ ձգել դպրոցը՝ հիւանդութեան պատճառով։ 1902-ին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Կ. Պոլիս, մինչեւ 1906-ը յաճախած է Կեդրոնական վարժարանը, խորացած՝ հայագիտութեան մէջ։

Գրական նախափորձերը ստորագրած է զանազան ծածկանուններով՝ Շաւասպ, Ծիածան, Օրդ. Սիրանոյշ Պէրպէրեան, Հրաչեայ, եւ այլն:

1903-էն աշխատակցած է «Մասիս», «Հանրագիտակ», «Արեւելեան Մամուլ» եւ այլ պարբերականներու հետ։ Մեծարենց ունի բանաստեղծական երկու հատորներ «Ծիածան» եւ «Նոր Տաղեր», որոնք լոյս տեսած են իր մահէն մէկ տարի առաջ։

Հազիւ 3-4 տարի տեւած է իր գրական գործունէութիւնը, բայց Մեծարենց Գեղապաշտ սերունդին ամէնէն օժտուած եւ մեծ բանաստեղծներէն մէկն է՝ իրագործած արժէքով:

Ինտրային հետ Մեծարենց մեր ամէնէն աւելի նկարիչի զգացում ունեցող հեղինակն է՝ Ճիշդ այդ պատճառով ալ քննադատներ իր մէջ ուզեցին տեսնել խորհրդապաշտ դպրոցին հետեւող մը:

Մեծարենցի բանաստեղծութիւններուն մէջ ամէն բանէ առաջ ուշագրաւ կը դառնայ հեղինակին բնութենապաշտ հոգին: Բնութեան պահերէն իր ամէնէն սիրածը իրիկուննէ եւ գիշերը: Մարդը կը դառնայ բնութեան անբաժանելի մէկ մասնիկը:  Մեծարենց երգած է նաեւ իր ցաւը, մահուան անմիջական շունչը զգացող բանաստեղծ պատանիի ահաւոր ապրումը:

Մեծարենցի արուեստը նուրբ է, բազմերանգ եւ խնամուած: Ձեւի, լեզուի եւ պատկերներու ներդաշնակութիւնը անոր հիմնական յատկութիւնը կը կազմէ:

Ընդամէնը քսաներկու տարի ապրած այս մեծ բանաստեղծը մեզի կը ձգէ գրական մեծ ժառանգութիւն մը։ Իր ստեղծագործութիւնները միայն քերթողութիւններ չեն։ Ծանօթ ըլլալով շատ մը լեզուներու, թարգմանած է մեծ հեղինակներու գործեր– բանաստեղծութիւն եւ արձակ։ Շոսըր, Օսքար Ուայլտ, Թոմաս Լը Փիքոք, Էօժէն Ֆիլդ, Սիպիրեաք եւայն։

Արձակ էջերը կ՛ընդգրկեն «Ինքնադատութեան փորձ մը», «Նարեկացիին հետ», «Յետամնաց Բարեկենդան

Ըստ Մինաս Թէօլէօլեանի «Արեւմտահայ քերթողութեան մէջ՝ գոյնի, բոյրի եւ ձայնի ամէնէն խորազգաց երգիչը կը մնայ Մեցարենցը»:

Բարեհամբոյր, անանձնական, նրբաճաշակ եւ զգայուն Մեծարենց կանխահաս տաղանդի մը բոլոր տուալները գոհացուցած 1908ին (22 տարեկան) զոհ կ՛երթայ թոքախտի։

Կեանքին վերջին տարիներուն ան ստեղծագործած է գլուխ գործոցներ։

Արդի մարդուն Հայր Մերը կ՛ամփոփէ Մեծարենցի ազնիւ հոգիին բաղձանքը, որ ուրախութիւն կը ցանկայ իր անձէն դուրս՝ ուրիշներու – հեզահամբոյր եւ մեծահոգի, խոկուն եւ ամօթխած։

 

Արդի մարդուն Հայր Մերը

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Ծաղիկներո՜ւ պէս զայն ժողուեմ ճամբուս վրան‘

Նայուածքներուն մէջ ամէնուն եւ ամէն օր:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Եւ ես‘ հանգոյն երփնալուցկի վառող մանկան‘

Զայն գունաժպիտ տեսնեմ ուրիշ դէմքի մը վրան:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Զանգակներո՜ւ պէս զայն կախեմ ամէն դըրան‘

Ու զերթ նարօտ ամէն դըրան զայն պըսակեմ:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Ճրագներու պէս զայն բոցեմ բազմաստեղնեան‘

Խաւարին մէջ ամէն երդ ու խրճիթներու:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Զայն սրբասաց իմ հոգեակիս ընեմ խորան‘

Զայն իմ մտքիս ծըխեմ‘ զերթ խունկ բազմաբուրեան:

 

Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Ու չըլլա՜յ որ ուրիշներու կոծն ու կական

Խեղդել ուզեմ ջրվէժին մէջ դափիս ձայնին:

 

Տու՜ր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Ու չըլլա՜յ որ ծափիս ձայնին երգը գուժկան

Եսիս սենեա՜կն ունենայ‘ ցու՜րտ առանձնարան:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.

Ու սեղանիս վըրայ դրուած մէն մի նըկան‘

Զույգ մը խինդե՜ր գէթ ունենայ թող խաչանիշ:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական,

Ու բախեմ զայն սրտիս ժայռին‘ իբրեւ մական‘

Որ բխեցնէ ջուրն աներկմիտ երանութեան:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.

Զայն ջուրերու վըրայ ձըգեմ իբրեւ ուռկան,

Զայն իբր արօր ակօսներո՜ւն ձըգեմ վըրան:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.

Զայն իբր անձրեւ ցօղեմ ամէն դաշտի վըրան,

Զայն իբր արեւ բաշխեմ ամէն հորիզոնի:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.

Զայն ընդգրկած՝ իտէալի՜ն ըլլամ սրսկան.

Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէե՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.

Ժողվել‘ հոգւոյն մէջ ծերերուն, կոյսին, մանկան,

Պարզ մարդերուն‘ գեղջուկներուն ու բանուորին:

 

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.

Ժողվել‘ հոգւոյն մէջ ամէնո՜ւն, համայնական

Հոգւոյն ամէն մասնիկներուն մէջ‘ ամէն ժամ:

 

Ճամբաներէն, ու գետերէն, ու դաշտերէն,

Անտառներէն, ու լեռներէն, ու ձորերէն,

Տանիքներէն, ու տուներէն, ու դուռներէն‘

Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական:

 

 

ԵԿՈՒՐ (Սիրերգ)

Եկո՜ւր, տաղտկալից կեանքըս խաղաղէ,

Ըզգալ տո՛ւր ինծի գորովանքն ու յոյս.

Պիտի գայ օր մ’օր հոգիդ աւաղէ

Արագ խուսափումն երազին այս լոյս:

 

Եկո՜ւր. վաղը դուն գուցէ՜ թարշամիս,

Եւ գուցէ տենդով մը մեռնի հոգիս,

Մի՛ խամրեցըներ յոյզը պաշտումիս:

 

Թո՛ղ որ նայուածքիդ ըմպեմ բոցը ջինջ,

Մօտեցի՜ր, քնքոյշ ծաղի՜կը կեանքիս.

Համբոյրի մը մէջ մոռնամ ամէնինչ:

 

Ա՜հ, այս կեանքն աղուո՛ր որքա՜ն դանդաղ է:

Եկո՜ւր, ձանձրոյթը հալեցուր հոգւոյս.

Լոյս երազի մը մէջը զիս թաղէ,

Բե՜ր ինծի սըրտիդ գուրգուրանքը կոյս:

 

Սկիւտար