Նիկողոս Սարաֆեան (19021972) – Սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ։

Ծնած է Պոլսէն մեկնող շոգենաւու մը մէջ, Պոլիս-Վառնա գծին վրայ, Լճեցի ակնեցի ծնողէ, որոնք 1896-ին գաղթած են իրենց ծննդավայրէն։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ նախ Վառնայի Ճիէրճեան, յետոյ Ազգային վարժարանին մէջ, շուտով կ՛անցնի Ֆրերներու՝ Սէն Միշէլ ֆրանսական երկրորդական վարժարանը։

Առաջին համաշխարհային պատերազմին մեծ եղբօր հետ 1915-ին (12 տարեկանին)  կը մեկնի նախ Ռումանիա, այնուհետեւ կը սկսի թափառական կեանք մը՝ Պուքրէշէն Կալաց, յետոյ` Օտեսա,(Ուքրանիա), Ռոստով Նովորոսիսկ,(Ռուսիա), ուր կ՛ապրի բանուորութեամբ։ Երբ կը պայթի ռուսական յեղափոխութիւնը, ան քալելով կը կտրէ Ռումանիան: 14-էն 17 տարեկան՝ ծնողքը կը գտնէ Վառնայի մէջ, ուրկէ 1919-ին կը մեկնի Պոլիս: 17-էն 20 տարեկան՝ կը յաճախէ Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը,  որպէս ուսուցիչ ունենալով Յակոբ Օշականը, Վահան Թէքէեանը եւ ուրիշներ։ Քեմալականներու կողմէ Պոլիսը գրաւուելէն առաջ 1922-ին կը մեկնի Պուլկարիա, յետոյ՝ Ռումանիա, եւ ի վերջոյ 1923-ին` կ՝ապաստանի Փարիզ: 21 տարեկանին տողաշար մեքենայի վրայ գրաշարութեամբ իր ապրուստը կ՚ապահովէ (իր գիրքերէն մէկ քանին իր ձեռքով շարուած են, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով տողերու դրուածքին)։

Նիկողոս Սարաֆեան գրողը կարելի է նկատել Սփիւռքի առաջին բանաստեղծը, եւ ոչ միայն ժամանակագրական կարգով, այլեւ դժուար գերազանցելի որակովը իր բանաստեղծական մտածողութեան եւ ատենին իր կատարած գեղագիտական նորարարութիւններուն։

Սարաֆեանի բանաստեղծութիւնը բանակցութիւն մըն է անցեալէն փախուստ տուող Եսի մը եւ օտարութեան հետ ընդունելի կապ հաստատելու ջանքին միջեւ։ Օտար ու անվայր ըլլալու զգացումը, որ ինքնութեան կը վերածուի, իր արմատները ունի Սարաֆեանի կենսագրութեան մէջ։ Առաջին գիրքը պիտի հրատարակէ 26 տարեկանին։

Սարաֆեան քիչերէն է որ ազատօրէն արուեստի մէջ կը դնեն իրենց ապրած ժամանակը, փորձելով դուրս գալ միօրինակ մտածելակերպերէ եւ արուեստի հասկացողութենէ։ Սակայն, ի տարբերութիւն այլ գրողներու, իր աւանդը դժուար թէ կարենայ խոր տարածում գտնել նոյնիսկ այսօր, որքան ատեն որ գեղարուեստական արտադրութիւններն ու մշակոյթը կը մնան հաստատութենական՝ establishment-ի հակակշռին տակ։

Ստեղծագործութիւններ
Բանաստեղծական երկեր՝ «Անջրպետի մը գրաւումը», 21 քերթուած, գրուած 1925-1927, հրատարակուած 1928-ին (500 օրինակ), «14», մէկ քերթուած տասնչորս հատուածներով, հրատարակուած 1933-ին (250 օրինակ), «Տեղատուութիւն եւ մակընթացութիւն», գրուած 1931-1938, հրատարակուած 1939-ին (200 օրինակ), «Միջնաբերդ», գրուած 1940-46, հրատարակուած 1946-ին (500 օրինակ), «Միջերկրական», հրատարակուած 1971-ին (Ահեկան, Պէյրութ. առաջին տարբերակ մը 1962-ին տպուած էր Բագին-ի մէջ)

Բանաստեղծական արձակ՝ «Վենսենի անտառը». հրատ. Նայիրի-ի մէջ, Հալէպ, (8-12) 1947։ 

Վէպ / վիպակ / այլ արձակ կարեւոր գրութիւններ՝ «Իշխանուհին», Փարիզ, 1934, «Տեսարանները, մարդիկ եւ ես», խմբ. Գ. Պըլտեան, Երկ, Երեւան, 1994, «Խարիսխէն հեռու», (Հայրենիք), «Մանուկ Դուինեան» (Նայիրի), «Ղուկաս այպանելին» (Զուարթնոց), «Լոյսի ցաւեր կամ Մեծն Տիգրան եւ Ամլութեան Սատանան» (Ակօս)։

 

 Անձ­կու­թիւն

­Կա­րօ­տը չէր ե­տիս ձգած քա­ղա­քիս
Ու սէ­րը չէր ծո­վին, հո­վին. վա­խը չէր
Ան­ծա­նօ­թին, որ կը ճզմէր իմ հո­գիս,
Ա­փի մը դէմ երբ կանգ կ­՛առ­նէր նա­ւը մեր։

Այլ եր­թա­լու մեծ սար­սու­ռին պա­կասն էր
Որ կ­՛ը­նէր զիս յան­կարծ թշո­ւառ, կը բա­նար
­Մէջս պա­րապ մ­՛երբ նոր երկ­րին առ­ջեւ՝ մեր
­Նա­ւուն խա­րիս­խը կը քա­կո­ւէր յամ­րա­բար։

Ար­կած­նե­րու սպառ­նա­լիքն էր այդ պերճ
Որ կը պակ­սէր. հաս­նե­լու ցաւն էր, նման
Ա­նոր, որ լեռն իր ոտ­քին տա­լէ վերջ,
Տ­խուր՝ կ­՛առ­նէ վե­րա­դար­ձի իր ճամ­բան։

 

ԿՈՐՈՒՍՏ

Դէպի երկինք ուղղուած սեւ թնդանօթներ՝ կը ծըխան

Ծխնելոյզները հսկայ։

Կը սըգայ

Սիրտըս նորէն յոյսերու, կապոյտներու հին տըղան։

Կը սարսըռայ կիտրոնի գոյն հեռուն լոյս մը՝ սարդէն

Քամուած շերամ։

Ի՜նչ փարթամ

Կըրակներով ես եկայ եւ ի՜նչպէս խոնջ եմ արդէն։

Շամփուրներու անցըւած եզներու պէս յամրօրէն

Փողոցները կ’արիւնին։

Գիշեր։ Ձիւնին

Թոյլ փաթիլները կ’իյնան հովին կոտրած թեւերէն։

Ապակիէ փէշերով լոյսերը կոյս՝ կը պարեն

Տանիքներու եզրերուն։

Կայծերու պէս թրթըռուն՝

Կառքերն անվերջ կը ցայտեն խաւարին սեւ մարմարէն։

Ու ցնծութիւն է հեռուն, նուագ ու սէր ու կաղանդ…

Ծփանք մը վէս,

Աշխարհ մը պերճ` որուն ես

Կը նայիմ մերթ կարօտով եւ մերթ աչքով մը անխանդ։

Ի՜նչ խեղճութիւն, չարութիւն… Գըլուխըս թոյլ՝ կը կախեմ

Խորխորատին վըրայ այդ։

Եւ մէջս ձայն մը անյայտ

Կ’ողբայ երկինք մը մեռած… Օ՜ այս քաղաքը դժխեմ…

 

Նոր Տարուան մտորումներ.

Նոր երազներ կան…

Նոր երազներ կան, սակայն ես երազել չեմ կրնար,

ես չեմ կրնար առաջուան պէս երազել, մինչ միշտ հին

լուսինն է, լուռ երկինքն է նման ներքին աշխարհին,

անցեալ, գալիք կ՛ընեն դառն, անբաղձալի` հոս իրար:

Գիշերներն` հոս կը յիշեմ թէ հին աշխարհը` հեռուն`

կը կործանէր: Կռիւ էր ճամբուս վրայ, սարսափ, սով:

Հինն էր փտած, նորն էր բիրտ` իր հաւատքով եւ յոյսով:

Հեղեղն էր մեծ` իր խլած եւ իր տուած զոհերուն:

Մեր դարն ոմանք կը տեսնեն մեծ, հանճարեղ, վերջնական,

եւ չէ, ճամբայ կայ դեռ մեծ եւ անհունն է անսպառ

հոգին անհուն, մարդկային ըլլալն է դեռ անհնար:

Եկող յոյսերը վսեմ` միշտ չարիքի պէս կու գան:

Եւ անձկութիւն, քայքայում, ցաւ է միշտ` մինչ կը շրջին

մոլորակներ մետաղէ եւ պողպատներ կը սուրան

անհունէն վեր, կը թռչին մեքենաներ մոգական,

անջրպետներ կը կտրեն ուղեւորներն առաջին:

(«Միջերկրական», Նիկողոս Սարաֆեան, Պէյրութ, 1971)