Փանոս Ճերանեան – լիբանանահայ բանաստեղծ:

Ծնած է Պէյութի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ, 1942-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, երկրորդական ուսումը՝ Մխիթարեան հայերու մօտ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ եւ արժանացած՝ Քաղաքական Գիտութեանց Մագիստրոսի տիտղոսին։ Ատեն մը հետեւած է Պէյրութի Հայկազեան Քոլէճի հայագիտութեան դասընթացքներուն։

Բանաստեղծութիւններ գրել սկսած է պատանեկան տարիներուն դպրոցական ամսագրերու մէջ։

1975- էն ի վեր կ՛աշխատակցի «Բագին» գրական ամսագրին, ստորագրելով բանաստեղծութիւններ։ Ներկայիս աշխատակիցն է նաեւ Գանատայի «Հորիզոն» ամսագրին։

Լոյս ընծայած է՝ «Քամիներ» (Պէյրութ, 1979), եւ «Ընդմիջուած Լռութիւն» (Պէյրութ, 1991) , «Ո լուր…» (Պէյրութ,1999) բանաստեղծութեանց հատորները:

Փ. Ճերանեան ներկայիս պաշտօն կը վարէ ճաբոնական առեւտրական հաստատութեան մը մէջ։

Շնորհալի բանաստեղծը ճկուն, ինքնատիպ ու գրաւիչ ոճով կու տայ ճշմարիտ պատկերներ, իր իմացականութիւնները։ Ուշագրաւ են քերթուածին վերջիներկու տողերը։

 

Պատկեր

Աշունն այն տարի
մեզ անակնկալի բերաւ.
մեր տան բարտին ճամբեզրի
շարունակեց կանաչ մնալ։
Տերեւները՝ նման սիրոյ բացիկներու,
կը սօսափէին,
եւ ճնճղուկները
իրենց գոյն-գոյն ճռուողիւնով
չէին դադրեր արեւագալը հարսներգելէ։

Սէնք ուզեցինք միաձուլուիլ
տակաւ կորսուող
այդ յամեցող աշունին հետ,
եւ զուր փնտռեցինք այն անծանօթը,
որ մեզ առնէր
այդ պատկերին մէջ գունագեղ,
բայց չգտանք …

 

Նկատում

Լուսաբացին
մայթէ ի մայթ եռուզեռող
թռչուններու ստուերներու
ի՜նչ անաղմուկ բազմութիւն …

Կէսօրէ ետք՝
քիչ-քիչ մեկնող
ու ետ դարձող մարդոց միջեւ
ի՜նչ լուսաւոր հանդիպում …

Երեկոյեան՝
մայրամտող արեգակի
եւ նորայայտ լուսնի միջեւ փոխանակուած
ի՜նչ սիրալիր սեւեռում …

Իսկ գիշերուան ուշ ժամերուն՝
ամայութի՜ւն ամէնուր –
ճանապարհը քեզ առանձին կ՚առաջնորդէ
չես գիտեր ուր։

Մտերմիկ Հայքու

Կը սիրէ զիս, չի սիրեր …
Ապրիմ-մեռնիմ ծաղիկը
Շիրմաքարի մը կողքին։

 

Մատթէոս Զարիֆեանին

Հովը անցաւ
աշնան ծաղկի ջերմութեամբ
քերթուածէդ
սիրոյ տողեր շշնջելէն
լուսամփոփիս վարդակարմիր ճաճանչին

իսկ ես արթուն
ողջ գիշերը
հովին սոյլը
կը լսէի տակաւին …

 

Առնչութիւն

Ծա՛ռ,
տերեւներդ
մօրս արցունքներուն նման
առատ կը թուէին,
բայց քեզ լքող
թռչուններն ի տես
տերեւ-տերեւ
կ՚արտասուես …

ԾԶ. Տարի, 2017 թիւ 4