Ռոպէր Հատտէճեան – Պոլսահայ գրող, հրապարակագիր, թատերագիրը, գրիչի մշակ, «Մարմարա» օրաթերթին գլխաւոր խմբագիր։

Ծնած է 1926-ին, Պոլիս, ուր ստացած է նախակրթութիւնը եւ երկրորդական ուսումը՝ տեղւոյն Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Պոլսոյ համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղի ուսանող՝ կը սկսի գրել, առաւելաբար պատմուածքներ, որոնք լոյս կը տեսնեն գրական մամուլին մէջ։ Որոշ շրջան մը աշխատած է հիւսուածեղէնի հսկայ գործարանի մը մէջ՝ իբրեւ ներկայացուցիչ:

1949 թուականին հրատարակուած իր առաջին գործը թատրերգութիւն է։

Ըլլալով առատ արտադրող՝ անկէ ետք փոխնիփոխ լոյս կ’ընծայէ պատմուածքներու ժողովածոներ եւ քրոնիկային կամ գրական-վերլուծական երկեր։ Բոլորն ալ, մտածողական խորացումով, սակայն միշտ կենդանի ու իրապաշտ լարումով, կը պատկերացնեն մեր ժամանակակից աշխարհը, արդի կեանքը, մարդկային գոյութեան հարցականները, մարդկային յարաբերութիւնները։

 

«Սան» ու «Ճառագայթ» պարբերականներուն մէջ կը գրէ պատմուածքներ եւ յօդուածներ:

1967-ին կը ստանձնէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրի պաշտօնը ու կը դառնայ անոր բազմամեայ տնօրէն-խմբագրապետ։ Կ՛ունենայ հրապարակագրական պատկառելի վաստակ։

1981-ին, «Մարմարա» թերթին մէջ կը սկսի հրատարակել իր առօրեայ յօդուածները Յուշատետր անուան տակ։

1983-ին կը հրատարակէ իր գլուխ-գործոցներէն՝ «Առաստաղ» վէպը։

Անոր գործերէն են՝ «Կեանքի Մը Երեք Կիրակիները», «Յակոբ Պարոնեանի Մտերմութեան մէջ» (1965), «Բառասխալ» (1972), «Առաստաղ» (1978), «Պտnյտ Հայ Գրականnւթեան Քnւլիսներnւն Մէջ» – 10 հատnր 2007-2012, «Պտnյտ Մը Հայnց Լեզnւի Բառարանին Մէջ» եւ այլք։

1 Դեկտեմբեր 2001-ին ալ Ռոպէր Հատտէճեան, իր գրչեղբայրներէն Զահրատի, Զ. Խրախունիի եւ Տօքթ. Վարդ Շիկահերի հետ միասին, կ’արժանանայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի Ա. կարգի պատուոյ շքանշանին եւ օրհնութեան կոնդակին։

Մայիս 2007 -ին Իսթանպnւլի եւ Հայաստանի մէջ մեծ հանդիսnւթիւններnվ կը նշnւի Ռ. Հատտէճեանի ծննդեան nւթսnւնամեակը, nրnւ առիթnվ ան Հայաստանէն կ’արժանանայ հետեւեալ շքանշաններnւն՝ Երեւանի Խաչատnւր Աբnվեանի անnւան մանկավարժական համալսարանի nսկեզօծ շքանշան, Հայաստանի Մշակnյթի Նախարարnւթեան Ոսկեայ շքանշան, Երեւանի Պետական համալսարանի Ոսկեայ շքանշան, Ֆրիտիnֆ Նանսէնի անnւան Ոսկեայ շքանշան։

2009-ին Ռ. Հատտէճեան Հայաստանի Լրագրnղներnւ Միnւթեան կnղմէ կը պարգեւատրnւի Ոսկեայ Գրիչ շքանշանnվ, nր առաջին անգամ կը տրnւէր Սփիւռքահայ հրապարակագիրի մը։

2011-ին, Հայաստանի Հանրապետnւթեան Անկախnւթեան հռչակման քսանամեակին առիթnվ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ս. Մեսրnպ Մաշտnց nսկեայ ադամանդակnւռ շքանշանnվ կը պարգեւատրէ Ռ. Հատտէճեանը։

4 Փետրուար 2020-ին Լեւոն Արք. Զէքեան «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» շքանշանով կը պարգեւատրէ «Մարմարա» օրաթերթին կիսադարեայ բազմավաստակ խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանը։

Նոյեմբեր 2001-ին Երեւանի մէջ, Ռոպէր Հատտէճեան անդամ կ’ընտրուի Հայաստանի Լրագրողներու Միութեան։

 

Դուրսը քահանայ ներսը սատանայ

Երիտասարդութեանս շրջանին Րաֆֆիին վէպերէն մէկուն մէջ հանդիպած էի ասութեան մը, որ խորապէս տպաւորած էր զիս. «Դուրսը քահանայ, ներսը սատանայ»: Րաֆֆի հոգեւորականները շատ չի սիրեր, մանաւանդ այն հոգեւորականները, որոնք չեն արդարացներ իրենց սքեմը: Բայց միայն հոգեւորականներո՞ւ համար է այդ ասացուածքը: Կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ որ աշխարհի վրայ մեծ, շատ մեծ է թիւը այն աշխարհականներուն ալ, որոնք դուրսէն բարի ու ազնիւ դէմք մը ունին, սակայն ներսէն կը պարտկեն չար ու տգեղ դիմագծութիւն մը: 

 Մօտաւորապէս քսանըհինգ տարի առաջ գործի կեանքիս մէջ պարտաւորուեցայ եօթը տարի աշխատիլ գործընկերոջ մը հետ, որ աշխարհի ամէնէն քաղաքավար ու բարեկիրթ մարդն էր: Հրապարակի վրայ երկուքս ալ գործ ունէինք քանի մը հարիւր յաճախորդներու հետ եւ բոլոր այդ յաճախորդները կը հմայուէին գործակից ընկերոջս մեղրածորան լեզուէն ու բարեկիրթ շարժուձեւերէն: Ազնուամեծար էր ու ծառայասէր, մարդոց վրայ առաջին վայրկեանէն հիանալի տպաւորութիւն կը գործէր, կենցաղավարութեան մէջ ո՛չ մէկը կրնար մրցիլ իրեն հետ: Սակայն իրեն հետ գործակցելէ քանի մը ամիս վերջ անդրադարձայ որ այդ մարդուն ներաշխարհին մէջ ճիւաղ մը կը բնակէր: Այդ ներաշխարհին մէջ կար սաստիկ նախանձոտ, չարամիտ ու կասկածամիտ մէկը, որ կը տառապէր ստորակայական բարդոյթներէ: Երբ առանձին էինք, երբ այլեւս ո՛չ մէկը կը լսէր մեզ, այդ բարեկիրթ ու կենցաղավար մարդը կ՚անհետանար ու անոր տեղ կը յայտնուէր ուրիշ մը որ կը բանար հայհոյութիւններու ու ծանր լուտանքներու բերան մը, արտայայտելու համար աշխարհի ամէնէն գռեհիկ ու անմիտ մտածումներն ու մեղադրանքները: Կը զարմանայի, կը շշմէի:

Ի վերջոյ վարժուեցայ, որովհետեւ այլեւս չէի տեսներ այդ մարդուն մէջ դուրսի քահանան, այլ կը տեսնէի ներսի սատանան: Եւ որովհետեւ սատանայ մը երկար ժամանակ չի կրնար ինքզինք զսպել քաղաքավարութեան վանդակին մէջ, մեր հրապարակի հարիւրաւոր յաճախորդներն ալ տակաւ սկսան ճանչնալ զինքը: Տարի մը վերջ այլեւս ամէն մարդ զգոյշ էր անոր նըկատմամբ: Ո՛չ ոք այլեւս կը հմայուէր անոր այդ խաբէական արտաքինէն:

Ընկերային կեանքի մէջ ամէնէն վտանգաւոր մարդիկը անո՛նք են ահաւասիկ: Անոնք, որոնք այսքան հակադիր տեսարան մը կը պարզեն դուրսէն ու ներսէն:

Հոգեբանական գիտութիւնները մեզի կը սորվեցնեն թէ ամէն մարդ առաւել կամ նուազ չափով ունի գաղտնի ներաշխարհ մը, որ դուրսէն տեսանելի չէ: Մարդիկ, հոգեբանական իմաստով, երբեք մօրէ մերկ չեն պտտիր ընկերութեան մէջ, անպայման բանով մը ծածկած են իրենց ներաշխարհը: Աշխարհի ամէնէն բարի ու ազնիւ մարդն իսկ, այն որ իսկապէս թէ՛ դուրսէն, թէ՛ ներսէն իրական սուրբ մըն է, առաքեալ մը, կրնայ ներաշխարհին մէջ երբեմն ունենալ ապրումներ, մտածումներ, ցանկութիւններ, որոնք այդ առաքեալէն սպասուածները չեն: Բնութիւնը այդպէս ստեղծած է մարդը: Մարդուն ուղեղն ու սիրտը երբեմն կ’ընդունին անկոչ տգեղ մտածումներ ու ցանկութիւններ: Բայց իրական առաքեալը զանոնք կը խեղդէ իր ներաշխարհին մէջ, չ’արտօներ որ անոնք դրսեւորւին, լուսարձակուին արտաքին շարժումներու վրայ, այլ խօսքով՝ չ’արտօներ որ այդ յոռի մտածումներն ու ցանկութիւնները կեանքի կոչուին: Եւ ան կը շարունակէ մնալ այն մարդը, որ դուրսէն է այն ինչ որ է ներսէն:

Բայց քիչեր միայն կը յաջողին իրենց ներաշխարհին մէջ խեղդել չարն ու ժխտականը: Ուրիշներ, ուշ կամ կանուխ, կը մատնեն իրենց ներքին սատանան, ուշ կամ կանուխ կ’արտօնեն որ դուրս խոյանայ այդ ներքին սատանան ու սկսի գործել դուրսի շրջապատին վրայ:

Ազնիւ բարեկամներէս մէկը, որ անցած էր կեանքի դառն փորձառութիւններու բովէն, ինծի շարունակ կ’ըսէր որ չէր սիրեր հանրածանօթ ու յայտնի մարդիկը աւելի մօտէն ճանչնալ, որովհետեւ կը վախնար որ անոնց մէջէն յանկարծ կը յայտնուէր սատանայ մը որ տակն ու վրայ պիտի ընէր անոնց արտաքին երեւոյթը:

Այդ վտանգը միշտ առկայ է եւ մեր կամքէն ալ անկախ: Աւա՜ղ, մեզ շրջապատող «քահանայ»ներէն շատեր օր մը յանկարծ իրենց մէջէն դուրս պիտի բերեն «սատանայ» մը, որուն գոյութենէն լուր չունէինք: Պիտի հիասթափուինք, պիտի տխրինք: Բայց ոչինչ կրնանք ընել այդ վտանգին արգելք ըլլալու համար: Որովհետեւ բնութիւնը ապակի մը չէ դրած մարդոց արտաքին ու ներքին ապրումներուն միջեւ:

 

«Դուն աղա ես աղա մեր ալիւրը ո՞վ աղայ»
Իսթանպուլ,  2017