Ռուբէն Սեւակ (Ռուբէն Չիլինկիրեան) – (1885 – 1915), նշանաւոր բանաստեղծ, արձակագիր եւ բժիշկ։

Ծնած է Սիլիվրի, Պոլսոյ մօտ։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ագգային վարժարանին մէջ, ապա հետեւած՝ Պարտիզակի Ամերիկեան երկրորդական վարժարանի դասընթացքներուն, երկու տարի։ Անցած է Պոլիս, ուր փայլուն նիշերով աւարտած է Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը։ 1905-ին մեկնած է Զուիցերիա, ուր համալսարանական ուսումը ստացած է Լոզանի համալսարանին մէջ, վկայուելով որպէս բժիշկ։

1910-ին, Փարիզի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամի (Եաննի Ապել) հետ: 1911-1914 թուականներուն աշխատած է Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։

Սեւակի առաջին բանաստեղծութիւնը «Բաժանման խօսքեր» տպագրուած է 1905ին, «Մասիս» հանդէսին մէջ։ 1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծի ստեղծագործական բեղուն տարիները։  1910-ին հրատարակուած է անոր «Կարմիր գիրքը» բանաստեղծութիւններու ժողուածուն։ Բանաստեղծը նպատակ ունեցած է ի մի հաւաքել տարբեր շրջաններու գրած իր բանաստեղծութիւնները եւ հրատարակել «Սիրոյ գիրքը», «Քաոսը», «Վերջին հայերը» խորագրով ժողովածուներ, սակայն ողբերգական մահն անկատար թողած է անոր այս եւ շատ ուրիշ մտայղացումներ. Սեւակի գործերը ցրուած մնացած են պարբերականներու էջերուն մէջ։

Անոր բանաստեղծական գլխաւոր գործերն են՝ «Սիրոյ Գիրք» (1910), «Թրուպատուրները», «Մարդերգութիւն» եւ այլն։ Սեւակի «Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր» արձակ գործը իր տաղանդին փայլուն մէկ նմոյշն է։

«Զանգակներ, զանգակներ», «Ով իմ հայրենիքս», «Հայաստան» քերթուածներուն մէջ, որ իրաւամբ կը դրուին Սիամանթոյի եւ Դ. Վարուժանի ստեղծագործութիւններու կողքին, բարձրացուած է ժողովուրդի ողբերգական ճակատագրի թեման։

Ռուբէն Սեւակ իր ժամանակակիցներէն շատ աւելի շուտ կ’անխազգացած է արեւմտահայութեան սպառնացող ողբերգութեան հեռանկարը։ Ան իր «Գիւղական եկեղեցիին մէջ», «Գիւղական գերեզմանին մէջ», «Վրէժին սերմնացանը», «Վերջին օրօր», «Վերջին հայերը» բանաստեղծութիւններուն մէջ զգուշացուցած է ահագնացող վտանգին մասին։

1914-ին, կնոջ հետ վերադարձած է Կ. Պոլիս, ուր ձերբակալուած եւ աքսորի ճանապարհին վրայ գազանաբար սպաննուած է 26 Օգոստոս 1915-ին, այն խումբին հետ, որուն մէջ էին նաեւ Վարուժանը, Սիամանթօն եւ ուրիշներ:

Սեւակ իր աշխարհայեացքով, գեղարուեստական մտածողութեամբ ու ոճով ինքնուրոյն տեղ կը գրաւէ  20-րդ դարու սկիզբը արեւմտահայ գրական շարժման մէջ։ Ան առաւելապէս յայտնի է որպէս քնարերգու բանաստեղծ։ Անոր ստեղծած սիրոյ երգերը աչքի կ’իյնան զգացմունքի նրբութեամբ ու խորութեամբ, արտայայտչական միջոցներու թարմութեամբ։

 

Հայրը

 

«Հայր մեր, որ յերկինս…»

 

Աստանդական մալեհեր, ցուրտ գիշերով, բուք բորան,

Մթին փողոց մը, քարի նստարանի մը վրան,

Իրեն խարխուլ կողին վրայ ընկողմանած էր արթուն,

Երբ ապաստան փնտռեց հոն նիհար տղայ մը անտուն:

 

Խաւարին մէջ նայուածքներն իրա՛ր զարկին, շաչեցան…

Ծերը հեռու քաշկռտեց հիւանդ մարմինն իր անձայն.

Ճանչցե՛ր էր. բայց չի կրցաւ ըսել՝ «Որդեա՛կ մոլորուն,

Զաւա՛կս ես, զոր լքեցի անոթութեանս օրերուն…»

 

Թշուառութեան հիւրընկալ նստարանին վրայ քարի,

Կեանքի խաւար գիշերով, Մարդն ու Աստուածը բարի,

Պատահաբա՛ր, կող կողի, երբօր զիրար տեսնէին,

 

Եհովան իր լուսեղէն պսակին մէջ, երկնային՝

Չէր ամչնար ըսելու թշուա՛ռ, անտէ՛ր, խե՛ղճ Մարդուն.

«Ե՛ս ես քու հայր Արարիչդ, ամենակալ, մշտարթուն…

 

1909թ.

 

Հոգիս

 

Հիւանդ տերեւ մը տեսայ կանաչին մեջ դաշտերուն։

Ի՜նչ աղուոր էր գարունը, փափուկ հովէն օրօրուն,

Սիրուն խոտերը դաշտին, ծաղիկներն ալ բիւր գոյնով,

Կը խնդայի՜ն լռելեայն գաղջ արևին տաք գինով։

 

Բայց գարնային կենսավէ՜տ այդ պահին մէջ օրօրուն,

Հիւանդ տերե՜ւ մը տեսայ, կանաչին մէջ դաշտերուն,

Չորցած տե՜րեւ մը նիհար, որ զեփիւռին հպումով

Մեռելամերձ կը դողար մարգերուն մէջ ակնաթով։

 

Սիրտս անհո՜ւն ցաւով լի, ես ծռեցայ սգահար,

Մատներու մէջ առի զայն ու իր մարմինը նիհար

Գուրգուրանքով, արցունքով մօտեցուցի շրթունքիս։

 

Անժամանա՜կ թարշամած գարնան տերեւ մ’է հոգիս.

Ծաղիկներուն մէջ կեանքին զեփիւռին տակ մայիսի,

Ա՛լ ժպտելու անկարող, ան կը դողա՜յ, կը մսի՜․․․

 

Հիւա՜նդ տերեւ մը տեսայ կանաչին մէջ դաշտերուն․․․

 

 

ՌուբԷն Սեւակի Օգոստոս, 8, 1908-ի հրապարակային ելոյթէն հատուած.-

«Ամբողջ Եւրոպայի մէջ, աշխարհի ամէնէն շքեղ կեդրոններէն մինչեւ ամենամութ ու խաւարին անկիւնները ես չեմ տեսեր ու չեմ ալ կրնար հաւատալ, որ գտնուի տակաւին ՄԷԿ ՈՒՐԻՇ ԱԶԳ, որ ամէն օր ու ամէն վայրկեան ապրէր դերասանի ճշմարտապէս կեղծ ու գերեզմանօրէն ծիծաղելի այն կեանքը, որ դարերէ ի վեր մեր կեանքը եղաւ մեր ստրկացած թրքահայերուս կեանքը… Տառապիլ ու ստիպուած ըլլալ ամենաերջանիկ կերպարանք մը ցոյց տալու… անպատուուիլ, բռնաբարուիլ, գետնաքարշ տապալիլ ու ստիպուած ըլլալ գոհութեան ջերմագին աղաղակներ բարձրացնելու… ժպտիլ այնպիսի մէկ վայրկեանիդ, որ արիւն արցունք պիտի պոռտկար աչքերէդ, մաղթանքի ճիչեր հանել կոկորդէդ այն բռնակալ ձեռքին համար, որ զքեզ կը խեղդէ, մեռնիլ ու հոգեպէս մեռնիլ ու ապրիլ ձեւացնել, ահա դերասանական ահռելիօրէն կեղծ կեանքը, որ մերը եղաւ այնքան երկար տարիներ։ Արդ ինչպէ՞ս կ’ուզէք որ այսպիսի պայմաններու մէջ ժառանգօրէն ու բնածինօրէն մեր ամէնէն անկեղծ յատկութիւնը մեր կեղծելը չ՛ըլլար ու մեր բնական յարմարութիւնը՝ դերասանութիւնը»: