Ռուբէն Որբերեան (1874-1931)Արեւմտահայ բանաստեղծ, գրագէտ, ուսուցիչ։

Ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդի նահանգի Մալաթիա քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղական ուսումնարանին մէջ։ Այնուհետեւ աւարտած է Խարբերդի շրջանի «Եփրատ» քոլէճը (1893), ուր աշակերտած է Ռ. Զարդարեանին եւ Թլկատինցիին։ Աշխատած է որպէս ուսուցիչ Պանտրմայի, Կ. Պոլսոյ եւ  Զմիւռնիոյ մէջ (18931901

1901-էն զբաղած է վաճառականութեամբ, գացած է արտասահման։ 19041920 թթ. ապրած է Ափրիկէ՝ Ճիպութի երկրի համանուն մայրաքաղաքը, եղած է «Տէյլի Մէյլ» անգլերէն թերթի թղթակից։1920 թուականին բնակութիւն հաստատած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ կեանքի վերջը։

Կեանքի վերջին տասնամեակին գրած գործերը մասամբ լոյս տեսած են Սփիւռքի մամուլին մէջ։

Որբերեանի անունը երեւաց 1890-ականներու արեւմտահայ մամուլի էջերուն, եւ արդէն 1893 թուականին լոյս տեսաւ անոր առաջին գիրքը՝ «Յիշատակաց ծաղիկներ»-ը, որ արդիւնք էր երիտասարդ բանաստեղծի որբութեան պատճառով ապրած հոգեկան տուայտանքներուն եւ Պետրոս Դուրեանէն ու Տեմիրճիպաշեանէն կրած ազդեցութեան։ 

Աշխատակցած է «Մասիս», «Արեւելեան մամուլ», «Բիւրակն» պարբերականներուն, որոնց մէջ տպագրած է «Ֆանին եւ ես» վիպակը (1898 թ.), «Ելեւէջներ» (1895 թ.), «Առաջին սէր» պատմուածքները։ Գրողի ստեղծագործութեան հիմնական թեման հայրենիքն է, տարագիր հայութեան հայրենաբաղձութիւնը։ Թարգմանած է Պայրընի ստեղծագործութիւններէն։ 1932 թ. «Բազմավէպ»ին մէջ տպագրուած է «Լորտ Պայրըն» ուսումնասիրութիւնը։

Որբերեանը հրատարակած է երեք գիրք․ «Յիշատակաց ծաղիկներ» (1893 թ․, Կ․ Պոլիս), «Ծփանքներ» «1906 թ․, Գահիրէ» եւ «Ովասիս» (1920 թ․, Փարիզ)։ Արեւմտահայ մամուլի էջերուն Որբերեանը հանդէս եկած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններով, արձակ էջերով, յօդուածներով։ 1963 թուականին Երեւանի մէջ լոյս տեսած է անոր «Երկեր» ժողովածուն, իսկ 1981 թուականին լոյս տեսած է եւս մէկ ժողովածու «Հայ դասականների գրադարան» շարքի մէկ հատորին մէջ՝ արեւմտահայ այլ հեղինակներու հետ։

 

ԳԻՒՂԻՍ ՃԱՄԲԱՆ

 

Կեանքի նաւակն հետք չի թողուց իր ետին,

Մոռացումը առա՛ւ ինձմէ ամէն բան,

Հին երազներս ամպերու պէս կփանհետին,

Յիշատակն ալ կփանցնի երգի մը նման…

 

Հոգիս սակայն կը յիշէ՛ քեզ,

Ո՜վ ծաղկաւէտ գիւղիս ճամբան,

Ուր քալէինք գառնուկս ու ես,

Դէպի պուրակն ու բուրաստան,

Անմեղութեան երազին պէս։

 

Ու քովիկէդ դողդողագին

Սահէր աղուոր վճիտ առուն

Մերթ կամուրջին ու մերթ մարգին

Տակ պահուելով կ՛երթար հեռուն,

Ամայութեան իբրեւ ոգին։

 

Բարակ, նիհար, քանի մը ճիւղ

Կը զատուէին վտիտ բունէդ,

Մին՝ կը դիմէր դէպ՛ անշուք գիւղ,

Կը տարածուէրշ կ՛ըլլար անհետ,

Բոլորելով խրճիթն ու հիւղ։

 

Մին՝ մագըլցէր բըլուրն ի վեր,

Միւսը կ՛իջնէր ձորակէն վար,

Ուր ուռենին կու տար ստուեր,

Ուր սըրինգն իր երգը կուլար,

Զոր կրկնէին գարնան հովեր։

 

Ձմրան ալ երբ ձիւնն սպիտակ,

Կը գտնէր մեզ շուրջ թոնիրին,

Անհետ կ՛ընէր իր ծալքին տակ

Մեր հին գիւղին վտիտ ուղին,

Ինչպէս մարգերն ու մանիշակ։

 

Տաշուած քարէ, ուղիղ ճամբան

Կը տանի զիս արդ ի ծովափ,

Կը ճմլըոի հոգիս սակայն,

Մըտածումով մը հըրատապ,

Ու կը թռչիմ հին մանկութեան։

 

Հոն՝ փակ թէեւ՝ սակայն աղուոր

Ու երփնագե՛ղ էր հորիզոն,

Հմայքներով լի բիւրաւոր

Անմեղութի՛ւնը խայտար հոն

Ճամբուն վրայ ոլոր մոլոր։

 

Մին՝ մագլցէր բլուրն ի վեր,

Միւսը կ՛իջնէր ձորակէն վար,

Ուր ուռենին կուտար ստուեր,

Սրինգն ալ իր ե՛րգը կու լար,

Զոր կրկնէի՛ն գարնան հովեր։

 

Կեանքի նաւակն հետք չի թողուց իր ետին,

Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան,

Հին երազներս ամպերու պէս կ՛անհետին,

Յիշատակն ալ կ՛անցնի երգի՛ մը նման…

 

Իզմիր