մերօրեայ «հայը եւ հայը»

ՌՈՒԲԷՆ  ԽԱԺԱԿ – Ճանպազեան

«կ՚ուզէի՛ տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ,

որ բնաջնջէ այս ցեղը,

անկարեւոր մարդոց այս փոքր ցեղախումբը»

որուն պատմութիւնը վերջ պիտի գտնէ իր իսկ ձեռքով,

պատերազմները՝ բարոյականով բաւարարուած,

կառոյցները՝ դառնացած,

գրականութիւնը` աղաւաղուած,

երաժշտութիւնը` օտարացած,

աղօթքները` թատրոն դարձած:

«դեհ, համարձակեցէ՛ք կործանել այս ցեղը»:

չէ որ մեզի համար միշտ 1915 է,

պատերազմը՝ չաւարտած,

դեռ կործանման մէջ է Հայաստանը։

«տեսէ՛ք թէ կրնաք»:

չէ որ աքսորուեցանք մեր տուներէն դէպի անապատ,

չէ որ մնացինք առանց հացի եւ ջուրի,

չէ որ այրեցին մեր տուներն ու եկեղեցիները:

«պայքա՜ր» կոչելով արդեօք վերածնա՞նք.

կրկին չխնդացինք… տակաւին կու լանք:

այո՛, հարկա՜ւ ցեղը կրկին ապրեցաւ երբ բոլորս հանդիպեցանք՝

գարեջրատան մէջ

(այս անգամ՝ Հայաստան)

եւ խնդացինք ու չխօսեցանք մեր լեզուով

 

ու մեր ստամոքսներով եղանք լաւ հայրենասէրներ:

«տեսէ՛ք թէ բան մը կրնաք ընել»։

արդէն ըրինք

ու միշտ կ՛ընենք,

որովհետեւ մենք ենք շան լակոտները,

որոնք աշխարհի մեծ գաղափարները ծաղրելու տեղ,

կատակը դարձած ենք աշխարհի:

«փորձեցէ՛ք կործանել զանոնք…»

մի մտահոգուիր, պարոն սարոյեան,

ընթացքի մէջ է.

(մեր իսկ ձեռքով…)

Թորոնթօ

Բագին
ԾԹ. տարի, 2020 թիւ 2