Սագօ Արեան, լիբանանահայ գրող, բանաստեղծ, լրագրող:

Ծնած է 1972 թուականին, Լիբանանի մէջ։ Ուսումը ստացած է Լիբանանի «Քառասուն Մանուկ» եւ Խանամիրեան Ազգային վարժարաններուն մէջ, այնուհետեւ հետեւած է հայագիտութեան դասընթացներու։ 1997-ին տպագրած է բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը՝ «Տարտամ տողեր» խորագրով, իսկ 2000-ին երկրորդ գիրքը՝ «Կանայի հարսանիքը»։ Աշխատած է Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանին մէջ, որպէս հայոց լեզուի գրականութեան ուսուցիչ։

Տպագրուած է «Գարուն», «Նոր դար», «Նարցիս», «Գրական թերթ», «Բագին», «Հորիզոն», «Ազդակ», «Արծիւ», «Զարթօնք» «Արարատ» եւ այլ հայրենի եւ սփիւռքեան տասնեակ թերթերու եւ ամսագրերու մէջ։

Սագօ Արեանի բանաստեղծական հիմնական նիւթերը հայրենիքը կորսնցուցած բանաստեղծի որոնումներն են օտար ափերու մէջ, Սփիւռքի նահանջը, միաժամանակ արաբական, մանաւանդ պաղեստինեան պայքարը, որ ան իր բանաստեղծութիւններուն մէջ ներկայացուցած է իրբեւ համամարդկային ցաւ։ Կը պատրաստէ բանաստեղծութիւններու երրորդ գիրքը, որուն մէջ կ’երեւայ աշխարհի վերջին տարիներու զարգացման դէմ յանդիման կանգնած ստեղծագործ մարդը՝ իր մերկ ներաշխարհով:

Կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ անգլերէնէ եւ արաբերէնէ։ 2012ին տեղափոխուած է Հայաստան, հիմնած է Արեւելք լրատուական կայքը, որ արեւմտահայերէն լուրեր կը թողարկէ, կ’աշխատի Շանթ հեռուստաընկերութեան մէջ, որպես մեկնաբան։

 

Թափուր պարտէզ

Հիմա,
Այս ապերախտ սուրճի բաժակին քրտինքի կաթիլները,
Պիտի աղարտեն յիշատակը մեծ պոռթկումներուն
Պոռթկումներ որ իմս են,
Պոռթկումներ որ փոխանցուած են սաղմիդ,
Ընկերներուս հեռանալէն ի վեր,
Ու ես անընկեր,
Մշակած եմ նոր որթատունկը արգանդիդ մէջ,
Ուր ծալլապատիկ ծլարձակուած են աչքերս
Նայելով դէպի վեր…
Ու խնդալու Թոմ Էնտ Ճէրիիի նոյն ճակատագրային կռիւներու վրայ…
Խնդալու առաքինութիւնը ահա ես փոխանցած եմ ապագայի երթին.
Ու ինչ հոգ եթէ երազներս չեն աճիր ու կը մնան գաճաճ,
Ու ինչ փոյթ որ ես յաճախ պատերուն նայելով կը ծակեմ
երեւակայութեանս երկինքը
Կը խօսիմ գրաբարեայ մածունը բերանիս
Կը խօսիմ յանուն գրաբարեայ աղօթքին
Կը խօսիմ յանուն գրաբարեայ անհաւատութեանս
Եւ հաւատամքիս …
Ես լռութեան մէջ կը սեղմեմ ձեր ձեռքը,
Որպէսզի բռնէք անոր Կարմիր թելը եւ հաւատաք բառին:

….
Լեզուս իմ հայրենիքս.
Ինչքան ուշանան անոր տօները,
Ինչ փոյթ այս ղարիպութիւը
Ինչ փոյթ այս առանձնական ժամանակները,
Երբ տեղ մը անպայման լեզուս պիտի բնակի ձեր մէջ….
Լեզուս հայրենիքս է:
Ամէն որբ ու մինակ օրերուս,
Լեզուս Էտվիլ է, թթի օղի,
Եթէ ուզէք Րաբիտուս որ մօրս արիւնը կը վերածէ ջուրի.
Քալելու համար, Մաքառելու համար
Այս թափուր Պարտէզին մէջ,
Այս Սփիւռքին,
Լեզուս…

 

Կարօտի Պոլիս

Ամբողջ գիշեր Պոլիսը գրկած
Ափերուս մէջ պինդ պահած
Քնացայ
Պոլիսը մեծ էր ափերս պզտիկ
Քնացայ
Պոլիսը թանձր էր, Ճերմակ մօրուք էր ու սեփ -սեւ աչքեր
Ես թախիծիս խառնեցի
Յետոյ քնացայ
Անոր ծոցին եղած երազները կարմիր էին
Թէյը կաս-կարմիր
Ու շոգենաւերը վիշտ կը փոխադրէին
Կեցայ պահ մը Հայտար փաշայ կայարանի առջեւ
Ձեռքով ըրի հեռացողներուն
Հազար բարեւ տարէք Ատանա ըսի ու
Ետ դարձիս Օսման պէյին մօտ
Սեւ բաժակով սեփ-սեւ սուրճ խմեցի:
Ամէն տեղէ վիշտը կոկորդս կը խցկէր
Հին ու նոր անուններ կը հանդիպէին
Հին ու նոր երազներ կը բացուէին
Ու ես շուարած
Մայթերէն անծանօթներու հետ երկու թրքերէն բառ փախցուցի
Թրքերէն խօսողին հայերէն պատասխանեցի
Հայերէն խօսողին
Աչք ըրի, ժպիտ տուի
Ըսի մեղքերս տանիմ արդուկեմ
Շապիկս փոխեմ, վէրքերս մաքրեմ
Խնդաց վրաս օտարականը
Սեւ աչքեր ունեցող օտարականը խնդաց:
-Հիմա նոր աշխարհ կը մտնենք, ըսաւ
Պիտի բարձրանանք Պոլսոյ ամէնէն բարձր աշտարակը
Պահ մը նայիր շոգենաւերուն մէջ
Դէպի հեռուն գացող հարազատներուդ
Ձեռքով ըրէ
Չես գիտեր երբ մէյ մըն ալ զանոնք տեսնելու բախտը պիտ ունենաս
Մայթը թաց էր, հոգիս թաց էր
Ժամանակը վերջացաւ շոգենաւը հեռացաւ
Այս բանաստեղծութեան պէս
Կարճ բանաստեղծութեան
Պոլիսն ալ գնաց հեռու- հեռու: