Սարգիս Վահագն (Սարգիս Փաթափութեան), պէյրութահայ, այժմ ամերիկաբնակ գրող, թարգմանիչ, խմբագիր, թատերագիր, վիպագիր։

Առաջին հայ նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանի հայրը։

Ծնած է Պէյրութ, 7 Հոկտեմբեր, 1927-ին, արմատներով՝ հաճնցի: Նախնական ուսումը ստացած է Աբգարեան եւ Սահակեան վարժարաններուն մէջ, երկրորդականը շարունակած՝ տեղւոյն ֆրանսական լիսէն, ապա աւարտած է Առեւտրական ճիւղը 1945 թուականին։ Կանուխէն սիրած է գիրն ու գրականութիւնը։ Նախ փորձած է բանաստեղծութիւններ գրել, բայց շուտով ներգրաւուած է արձակի, գլխաւորաբար պատմուածքի սեռով։ Յիսունական թուականներէն սկսեալ մաս կազմած է այլազան գրական եւ մշակութային խմբաւորումներու։ Գործուն մասնակցութիւն բերած է Պէյրութի «Գրական Շրջանակ»ի կազմաւորման եւ անոր յետագայ գործունէութեան։ Իր գրութիւնները, 1954 թուականէն սկսեալ, հետզհետէ լոյս տեսած են «Մշակոյթ», «Լուսաբեր», «Նոր Գիր», «Անի», «Շիրակ», «Գարուն», «Նաւասարդ», «Կամար» եւ «Առագաստ» գրական ամսագրերուն մէջ։ Վաթսունական թուականներու կէսէն մնայուն կերպով աշխատակցած է «Շիրակ» ամսագիրին եւ ապա շուրջ տասը տարի, մինչեւ 1986 թուականի մեկնումը (1986 թուականին Սարգիս Փաթափութեան հաստատուած է Լոս Անճելըս), մաս կազմած է անոր խմբագրական կազմին, վարելով միջազգային գրականութեան բաժինը։ Գրականութեան առընթեր, ան լուրջ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է նաեւ շարժանկարի եւ թատրոնի արուեստներուն նկատմամբ։ 1958-1959 թուականներուն, Պէյրութի մէջ հրատարակած է սփիւռքի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ հանդիսացող «Նոր Սինեմա» շարժանկարային արուեստի պարբերագիրքերը։

2008 թուականին արժանացած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի շնորհած «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանին։

Սարգիս Վահագնի լոյս ընծայած երկերն են՝ «Մատանիներ» (պատմուածքներ, արժանացած՝ «Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ»ին), «Արմատներ» (պատմուածքներ), «Նայիրեան մորմոք» (թատրերգութիւն, արժանացած՝ «Ալեք Մանուկեան գրական մրցանակ»ին), «Աշոտ ողորմած» (թատրերգութիւն), «Տագնապը» (պատմուածքներ), «Արշիլ Կորքի» (վէպ, արժանացած՝ «Հայաստանի Թէքէեան մշակութային միութեան գրական մրցանակ»ին, ինչպէս նաեւ՝ «Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակ»ին), «Գրական համաստեղութիւն, զանազան փորձագրութիւններ, գրախօսականներ», «Շուրջը՝ ոչինչ» (թարգմանութիւն՝ Արմէն Լիւպէն-Շահան Շահնուրի ֆրանսերէն ամբողջական բանաստեղծութիւններուն), «Ծաղկաքաղ՝ պատմուածքներու» (գրեթէ ամբողջական իր պատմուածքներուն հաւաքածոն), «Հաճը՜նը սիրուն» (վէպ):

 

 

Դրախտ Կորուսեալ

Մա՛րդ,
Ընդմիշտ վտարուած դրախտէն եդեմական,
Ոչ թէ արգիլեալ պտուղն համտեսած ըլլալուդ համար,
Ոչ թէ սողունին ու Եւային անսալուդ
Կամ ոչ իսկ անտեսելուդ համար պատգամն Աստուածութեան:
Ընդհակառա՛կը, այդ բոլորը լա՛ւ ըրիր, ճիշդ ձեւով,
Ի հարկին շարունակէ ընդմիշտ, ապրէ՛ կեանքը լրիւ, վայելէ՜,
Մնա՛ միշտ ըմբոստ, արկածախոյզ եւ տեսլատենչ,
Եղիր պարզապէս մա՛րդ:
Դեռ գիտցի՛ր, մա՛րդ,
Յաւերժ վտարուած դրախտէն բնութեան,
Ոչ թէ սիրելուդ կամ ապրելուդ համար,
Ոչ թէ սիրելուդ կամ վայելքիդ համար,
Ոչ իսկ համարձակած ըլլալուդ
Աստուածային շնորհք տալ դէմքիդ եւ էութեանդ ստեղծագործող.
Ո՛չ, մի՛ հաւատար այդ սնոտի առասպելին.
Գիտցի՛ր, միայն ու միայն անոր համար՝
Որ դաւաճանեցիր քու մայր բնութեան,
Խախտեցիր կշռութիւնը տիեզերական,
Կողոպտեցիր, վատնեցիր ու մսխեցիր անհաշիւ
Գանձերն ու աւիշը ծոցւոր հողին:
Եւ տակաւին՝ անոր համար՝
Որ Կեղտոտեցիր շրջապատդ անգամ,
Եղծանեցիր նոյն իսկ Կանաչը՝
Միակ նեցուկդ ու պաշտպանդ,
Շունչդ ու թոքերդ:
Ծխահեղձ թունաւորեցիր նաեւ Կապոյտը՝
Թռիչքը մտքիդ, սլացքը հոգիիդ՝
Երա՛զդ:
Մա՛րդ,
Առմիշտ վտարուած դրախտէն բնութեան,
Ա՛լ ժամն է որ զգաստանաս:
Եթէ ոչ՝
Ագահութեամբ, ընչագաղցութեան տենչութեամբ վարակուած,
Խօլարշաւիդ մէջ այսպէս, գուցէ օր մը նաեւ ժպրհիս
Շպրտել Սեւ Կէտի երախին մէջ
Մոլորակ երկիրը մեր:
Ինչո՞ւ,
Ի՞նչ իրաւունքով:

 

Կրակմար

Փակէ՛ փեղկերդ,
Դուռ ու պատուհանդ,
Փակէ՛ ինչ որ կրնաս.
Աչքերդ, շրթներդ, ունկերդ,
Ամէ՛ն, ամէ՛ն ինչ:
– Դուրսը՝ կրակմար է, տագնա՛պ:
Դուրսը՝
Գիշերը առանձինն՝
Կը ճանկէ աչքը աստղերուն:
Ամայութեան սալայատակները
Կը սրսփան, կը դողան
Կաղկանձներուն տակ լռութեան:
Դուրսը՝
Անձաւներէն իջեր է մարդը,
Մերկ նստեր է
Ու գիշերուայ յեսաքարին վրայ,
Կը սրէ ժանիքները ատելութեան:
Նախամարդը՝ հրազէնի երախներով
Կը գոռայ վախը:
Շո՛ւտ,
Փակէ՛ դուռ ու պատուհան,
Կղպէ սիրտդ ալ,
Հաւաքէ՛ երազներդ,
Ծալլէ՛ տերեւներդ,
Կապկպէ ունեցած-չունեցածդ
Փակէ՛ ինքզինքդ.
Դուրսը՝ կրակմա՛ր է…

 

Կարօտ

(Հալէպէն Պէյրութ ուղեւորման ընթացքին)
Հայկուհիին

Գիշերը լուրթ է.
Հեռո՜ւն բլրակներն են,
-Անապատի ուղտե՞րը թանձրամարմին,
Որ եկեր են ծունկի,
Լուռ՝ կ’որոճան
Իմաստը կեանքին:
Անոնց վերեւ
Լուսինը շէկ է:
Լուսինը՝ արիւնոտ եւ խածոտուած,
Ո՛չ լոյս ունի եւ ոչ ալ ռոմանս :
Ու ճամբան երկա՜ր է, անվե՜րջ :
Սակայն, մութին եւ լռութեան մէջ,
Ճամբան սպիտակ երիզ է լոյսի,
Ուրկէ կը սուրանք,
Մե՛նք, օթոպի՛ւսը:

 

Օթոպի՛ւսը,
Մե՛նք,
Ե՛ս :
Օթոպի՛ւսը՝
Ծանրամարմին բայց ոստոստուն՝
Կը խռկայ, կը հազայ,
Բայց կը սուրայ
Լոյսի երիզ ճամբայէն,
Դէպի…
«Մենք»ը՝
Յոգնած բայց եռուն,
Կ’երգէ,
Կը պոռայ,
-Կը յօշոտէ ժամե’րը,
Ձանձրո’յթը :
Ու կը լռէ :
Դուրսը՝
Գիշերը՝ կուպրի պէս թանձր,
Լռութիւնը՝ հեւքը անապատին,
Լուսինը՝ արիւնի պէս կարմիր:
Կը սուրայ օթոպիւսը ու
«Մենք»ը
Կը ննջէ:
Բայց ե՞ս,
Արթուն եմ ես:
Կը հսկե’մ:
Դուրսը խավա’ր՝
Բայց սրտիս մէջ
Ջահի պէս
Կը վառին աչքերդ:
Լռութիւն է շուրջս,
Բայց սրտիս մէջ
Կարկա’չ կայ
Շառա’չ կայ
Կարօտի:
Սրտիս մէջ
Լո՜յս կայ,
Ե’րգ կայ,
Եռք կայ կարօտի:
Ու կարօտս
Անհուն է,
Արթո’ւն է՝
Աչքերուդ, վարսերուդ, բուրմունքիդ
Կարօ’տ է:
Լուսինը տխուր է.
Ոչ լոյս ունի եւ ոչ ալ ռոմանս :
Իսկ ո՞ւր ես դուն:

 

***
Հիմա
Դուն ներկայ ես իմ մէջ:
Հիմա
Կը զգամ քեզ իմ կողքին:
Այսպէս՝
Կը փակեմ աչքերս.
Ու դուն նազանք ես իմ դէմ,
Ու ժպիտ ես , խոստում,
Համբոյր ես ու գգուանք,
Երջանկութի՜ւն…
Հիմա
Դուն իմ մէջ
Տիեզերք ես անհուն,
Ու տակաւին ի՞նչ չես դուն:

 

* * *
Երբ ունիմ քեզ
Այսքա’ն լիովին,
Կարօտն այս ինչո՞ւ:
Երբ մէկ ենք
Ես ու դուն՝
Կարօտն այս ինչո՞ւ:
Ինչո՞ւ կարոտն այս տրտում
Երբ գիտեմ թէ
Կաս ու պիտի մնաս
Ամէն օր, ամէն ուր՝
Միշտ շէն ու ծիծղուն.
Կարօտն այս ինչո՞ւ…

 

* * *
Գիշերը լուրթ է,
Հեռո’ւն բլրակներն են
-Անապատի ուղտերը,
Ելեր են ոտքի,
Արշաւանքի’:
Անոնց վերեւ
Լուսինը շէկ է,
Ճաթած նուռի պէս կարմիր,
Լուսինը
Լո՜յս է,
Սիրոյ ռոմանս է ա՛լ,
Ու ճամբան, արթնցող այգին մէջ
Ոսկեզօծ երիզ է յոյսի,
Ոէրկէ կը սուրայ
Կարօտս
Դէպի քեզ: