Սեդա Գրիգորեան – Գրող, լրագրող, կրթական մշակ:
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: 1989-ին աւարտած է Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի գրական բաժանմունքը, ապա, 1993-ին, վկայուած է Երեւանի պետական համալսարանէն՝ իբրեւ գրականագէտ:
1989-էն սկսեալ իբրեւ լրագրող եւ խմբագրական կազմի անդամ աշխատակցած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի (մինչեւ 2000), Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի (2004-2009), Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ»ի (2001-2002), իսկ 2009էն-2012՝ վարած է «Բագին» գրական հանդէսի փոխ խմբագիրի պաշտօնը, Լիբանան:
Սեդա Գրիգորեան նաեւ զբաղած է ուսուցչութեամբ, Լիբանանի եւ Գանատայի մէջ:
Հեղինակ է «Եզերք» (բանաստեղծական) եւ ՀԱՅՈՒՀԻԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ (արձակներ) զոյգ հատորներու:
2013-էն ի վեր հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր ներկայիս կը վարէ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի նոր՝ «Կիլիկիա» պաշտօնաթերթի խմբագիրի պաշտօնը:
2 մարտ, 2014 – facebook
ուշ ես, զինուոր՝ հայրենիքիդ ի պաշտպանութիւն կռուելու համար… ուշ են նաեւ բոլոր աղօթքներդ, աղերսներդ, մեղաւոր… ուշ ես բարեկամ՝ անարդարութիւնը արդարութեան փոխելու համար… ուշ ես ընկերուհի՝ խօսքը ճիշդ ձեւով հասկնալ եւ պատասխանելու համար… ուշ ես տանտիկին՝ անհամ ճաշդ համովցնելու եւ խոժոռ դէմքդ հիւրերու դիմաց քաղաքավարի շտկելու համար… ուշ ես զաւակ, որ չեկար աշխարհ… ուշ ես ամուսին, որ տակաւին հեռուները կը թափառիս… ուշ ես Տէր իմ, որ կեանքիս կէսը ինձմէ առիր, բայց խոստումդ տակաւին չկատարեցիր… ուշ է, ի վերջոյ, Մարտ մէկի զոհերն ու անոնցմէ առաջ աշխարհի վրայ ինկած բոլոր զոհերը կեանքի կոչելու համար վերստին… միայն ժամանակն է, որ կ’անցնի… միայն պահն է, որ կը թռչի… իսկ աշխարհի խենթերն ալ, գիտուններն ալ, հարուստ-աղքատ մարդերն ալ նոյն փոսը կ’իյնան… երբեք չուշացող մահուան մը համար… ուշ չէ միայն այն, որ կեանք տակաւին չմտաւ…
ՍԷՐ
Արեւին պէս կիզուած
հրեշտակներու Լոս-
մտամոլոր հայու
անհայրենիք կայք
Սէր – կայ ու չկայ
Ծանօթ ձայն մը
էգօրէն հնչիւն
անձրեւին պէս բութ յոգնութիւն
Սէր – կայ ու չկայ
Գլխու կեղծ շոյանք
խոնաւ յոյզերու ցաւագին պրկում
սրբապղծութիւն
Սէր – կայ ու չկայ
Ծիծաղող սիլուէթ
կեանքիս պատերուն
կտուրին փակած – այլ ոչ մսուրիս
Սէր – կաս ու չկաս