Սեւան Հանէշեան-Պետուրեան – Տնտեսագէտ, հայագէտ, գրող:

Ծնած է Քեսապ: Յաճախած է Քեսապի Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ Ճեմարանը: Աւարտած է Լաթաքիոյ Համալսարանի տնտեսագիտութեան ճիւղը: Երկամեայ ծրագիրով հետեւած է հայագիտական ուսման՝ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին մէջ, Հալէպ:

Իր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ հրատարակուող զանազան թերթերու ու հանդէսներու մէջ («Գանձասար», «Ազդակ», «Կամար», «Շաւիղ» եւ «Երթ»), Հայաստանի մէջ հրատարակուող հանդէսներու մէջ («Գարուն» եւ «Նարկիս»), ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ:

Անոր «Արեգնատենչ հորիզոններ» խորագրով գիրքը անդրանիկ ժողովածուն է (հրատ.՝ Բերիոյ Հայոց թեմի, Քեսապ-Հալէպ, 2018): Հատորի թեման կ՛արտացոլայ իր իսկ վերնագրին ընդմէջէն, որ կը հայցէ արեգակին, վեհին ու արդարին: Ան բաժնուած է 11 ենթավերնագիրներու:

Ենթավերնագիրներէն մին կը կոչուի «Գիւղիս գրկին մէջ», հոն կան բանաստեղծութիւններ, օրինակ «Բլուրը», «Լալան», «Մայրի ծառը» եւ այլն, որոնք կը բնութագրեն գրողի ծննդավայրը՝ Քեսապը:

Ան երէցկինն է Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի: Ունի երկու դուստրեր՝ Մեղեդի եւ Նարէ: Այժմ ան կ՛ապրի Քալիֆորնիա:

ԱՆԻ՜

Երազներո՜ւ մէջ հիւսուած ճրագարա՛ն,
ո՞ւր է ճրագդ,
այն որ պիտի ջերմացնէր սիրտն
ու հրդեհէր հոգին։

Այսօր եկայ մօտդ,
եկայ ճրագդ որոնելու,
Հազար ու մէկ ճրագ։
Անի՛…Անի՛… Անի՜…
Փլատակ էութեանդ ընդմէջէն
կրկնուող համանուագ,
Անի՛…
Մեր էութիւնն ալ փլատա՛կ,
բայց խաչը քանդակուած ։

«Տէ՜ր ողորմեա՛»,
լո՜ւռ կը լսենք,
«Ազգիս հայոց սէր միութիւն»,
լո՜ւռ կ՛երգենք,
կը լսե՞նք…
Կրկնու՜ող համանուագ։
Ճրագդ, Անի՛, պիտի վառեմ ու
միշտ վառուա՜ծ պիտի պահեմ։

Նոյն պահուն ձայն մը
ողողեց էութիւնս…
– Ո՞վ ես դուն։
– Ես ազգ մըն եմ, որ իր հոգւոյն
պատկերով քեզ կառուցեց։
– Յետո՞յ… լքե՜ց։
– Ո՛չ, չլքեց։
– Ինչո՞ւ պատմութենէն կը փախչիս,
թէ չես լքած, հապա ո՞ւր ես հիմա։
– Եկած եմ մոմ մը վառելու։
– Մոմ եւ ոչ ճրագ։
– Եկած եմ «Տէ՜ր ողորմեա՛» երգելու։
– Բայց ոչ միշտ պատարագելու։
– Եկած եմ քեզ այցելելու։
– Բայց ոչ վերակառուցելու…։

Ձայնն անհետացաւ,
Հայեացքս դէպի արեւելք ուղղուեցաւ,
Ախուրեանն էր,
Անիին աղի Ախուրեանը…
Տէ՜ր, ողորմեա՛,
մեզ ողորմեա՛,
Անին ողորմեա՛։

Արեգակին շողերը օծած էին
Մայր եկեղեցին,
անբացատրելի՜ պերճանք,
Անուշ հով մը փչեց արեւելքէն
Անի՜…Հայաստա՜ն…
Գարուն է դիւթական
վերածաղկեալ Անին՝
Հայաստանի իշխանուհին։

 

ԱՂԹԱՄԱՐ

Երկինքէն ծորող շողը

պահ մը կը զարթնէ

ակունքը պատմութեան։

Երազ չէր,

որ կը տեսնէի աչքերուս առջեւ,

Վանայ լիճն ու Աղթամարը…։

Ահա նստեր եմ լճափիդ

մէկ ժայռին

ու ալիքներուդ սպիտակ

փրփրանքին մէջ

կը տեսնեմ պատկերները

թագաւորութիւններուդ,

ձեռագիրներուդ…

բայց՝ փրփրանքներ…։

Ահա կանգներ եմ Ս. Խաչիդ առջեւ

ու կը տեսնեմ ամբողջ տիեզերք մը,

ճաճանչող պատմութիւն մը,

սակայն՝ Ս. Խաչդ անխա՞չ…

Պատմութեան ակո՛ւնք,

քեզ հասնելու ճանապարհին

արտասո՞ւքս է աղի,

թէ՞ ջուրերը Վանայ։

Ու կը սկսիմ վազել

կղզիդ ի վեր…

կ’որոնեմ խաչքարդ,

Վանայ կեանքը

քար առ քար ապրելու…

Պիտի գտնե՛մ…։

Լո՜ւռ կ’ունկնդրեմ

կարապներուդ զրոյցը,

պիտի՛ հասկնամ։

Կ’ուզեմ ջուրերովդ պապակ

սիրտս յագեցնել,

պիտի՛ հասնիմ։

Ու քայլերս դէպի

պատմութեան ակունքը…

Վանայ աշխարհ,

Վանայ պատմութիւն,

Վանայ երազ։