Սիամանթօ (Ատոմ Եարճանեան)- (1878-1915), նշանաւոր բանաստեղծ եւ դիւցազներգակ, եղեռնազոհ հայ գրող:

Ծնած է Ակն, ուր աւարտած է նախակրթարանը՝ աշակերտելով Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի։ Ընտանեօք կը տեղափոխուին Պոլիս, ուր կը յաճախէ Պէրպէրեան Վարժարանը։ Ապա կ՚անցնի Փարիզ, ուր կը հետեւի Սորպոնի գրական դասընթացքներուն։ Կը վարակուի թոքախտով եւ կը դարմանուի Զուիցերիոյ բուժարաններէն մէկուն մէջ։ Շնորհիւ զօրաւոր կամքին եւ ապրելու բուռն փափաքին, կ՚ապաքինուի 1908-ին։ Երբ կը հաստատուի Օսմանեան սահմանադրութիւնը, բազմաթիւ մտաւորականներու հետ կը վերադառնայ Պոլիս։ 1909–ին տեղի կ՚ունենեայ Ատանայի կոտորածը, որուն ազդեցութեան տակ կը գրէ «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս» հատորը։ 1913-ին՝ հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին առիթով, կը գրէ «Սուրբ Մեսրոպը»։ Կը նահատակուի 1915-ի Մեծ Եղեռնին։

Գործերէն են՝ «Դիւցազնօրէն», «Հայորդիներ», «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս», «Հայրենի Հրաւէր», «Սուրբ Մեսրոպ» եւ այլն:  Սիամանթօ երգած է հայուն տառապանքը, նկարագրած ջարդի արիւնոտ տեսարաններ, այդ վիթխարի վիշտէն կը ծնի ըմբոստութեան երգը։

Սիամանթօ, ըստ վերլուծաբաններու,  իր բանաստեղծութիւնները գրած է ազատ չափով, որովհետեւ իր հզօր երեւակայութիւնը, փոթորկալի զգացումներն ու միտքի թռիչքները չէին կրնար կաշկանդուիլ բանաստեղծական օրէնքներուն նեղ սահմաններուն մէջ։

 

 

ԾԱՐԱՒ

 

Հոգիս վերջալոյսին մահը մտիկ կ՚ընէ.

 

Չարչարանքի հեռաւոր հողին վրայ ծնրադիր,

 

Հոգիս վերջալոյսին ու հողի վէրքերը կը խմէ…

 

Եւ իր մէջ, դեռ իր արցունքին անձրեւումը կ՚զգայ…

Ու ջարդուած կեանքերուն աստղերը համակ՝

 

Աւրուած աչուըներու ա՜յնչափ նման,

 

Սրտիս աւազաններուն մէջ այս իրիկուն՝

 

Յուսահատութենէ, սպասումէ կ՚ոգեվարին…

 

 

 

Ու բոլոր մեռածներուն ուրուականներն այս գիշեր

 

Ալքերուս եւ հոգիիս հետ Արշալոյսը պիտի սպասեն…

 

Որպէս զի, կեանքերնուն ծարաւը յագեցնելու համար՝

 

Թերեւս վերէն իրենց վրայ՝ կաթիլ մը լոյս իյնայ։

 

ԱՓ ՄԸ ՄՈԽԻՐ, ՀԱՅՐԵՆԻ՜ ՏՈՒՆ

Ա

Աւա՜ղ, ապարանքի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ,
Ու ես՝ երդիքներուդ սպիտակ կատարէն,
Աստղածորան գիշերներու լոյսին հետ,
Վարէն, ահեղավազ Եփրատին կ՚ունկնդրէի…։

Բ

Արցունքո՜վ, արցունքո՜վ լսեցի որ աւերակ առ աւերակ
Քու լայնանիստ պատերդ իրարու վրայ կործանեցին,
Սարսափի օր մը, կոտորածի օր մը, օր մը արիւնի…
Զքեզ եզերող պարտէզիդ ծաղկըներուն վրայ։

Գ

Ու մոխրացա՜ւ այն սենեակը կապոյտ,
Որուն որմերուն ետեւ եւ գորգերուն վրայ
Իմ երջանիկ մանկութիւնս կը հրճուէր,
Եւ կեանքս կ՚աճէր եւ հոգիս իր թեւերը կ՚առնէր…

Դ

Փշրեցա՞ւ, ուրեմն, այն հայելին ոսկեծիր,
Որուն եթերային խորութեանը մէջ
Երազներս, յոյսերս, սէրերս եւ կամքս կարմիր,
Տարիներով, մտածումիս հետ, ցոլացին…։

Ե

Ու բակին մէջ երգող աղբիւրը մեռա՞ւ,
Ու կոտրեցա՞ն պարտէզիս ուռին ու թթենին,
Եւ այն առուակը, որ ծառերուն մէջէն կը հոսէր,
Ցամքեցա՞ւ, ըսէ՛, ո՞ւր է, ցամքեցա՞ւ, ցամքեցա՞ւ…

Զ

Օ՜, այն վանդակին կ՚երազեմ յաճախ,
Որուն մէջ գորշագոյն կաքաւս, առաւօտուն,
Արեւածագին հետ եւ վարդի թուփերուն դիմաց,
Զարթնումի ժամուս՝ յստակօրէն կը կարգճէր…։

է

Հայրենի՜ տուն, հաւատա՛ որ մահէս յետոյ,
Քու աւերակներուդ սեւին վրայ իմ հոգիս
Պիտի գայ, որպէս տատրակ մը տարագիր,
Իր դժբախտի երգն եւ արցունքը լալու…։

Ը

Բայց ո՜վ պիտի բերէ, ո՜վ պիտի բերէ, ըսէ՛,
Քու սրբազան մոխիրէդ ափ մը մոխիր,
Մահուանս օրը, իմ տրտում դագաղիս մէջ,
Հայրենիքս երգողի իմ աճիւնին խառնելու…