Սիրան Սեզա (1903 – 1973) – հայ արձակագիր, հրապարակախօս, խմբագիր։

Բուն անունով Սիրան Զարիֆեան: Ծնած է Սկիւտար, Կ.Պոլիս։ Քոյրն է բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանի։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն հայկական վարժարաններուն մէջ. երկրորդական ուսումը՝ կը ստանայ ֆրանսական եւ ամերիկեան վարժարաններէն ներս։ Քեմալականներու՝ Պոլիս մուտքէն ետք, կ՛անցնի Պէյրութ, ապա՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը հետեւի բարձրագոյն ուսման (Նիւ Եորք)։

Պէյրութ վերդարձած, կ՛ունենայ գրական եւ հրապարակագրական բազմամեայ գործունէութիւն. 1932-ին հիմնած եւ 15 տարի խմբագր է «Երիտասարդ Հայուհին» հանդէսը։ Սիրան Սեզայի նախաձեռնութեամբ Պէյրութ հրատարակուած «Երիտասարդ Հայուհի» պարբերականը եղած է այն ամպիոնը, ուրկէ հնչած է գրագիտուհիին եւ իր համախոհներուն ձայնը:

«Երիտասարդ Հայուհին» պարբերաթերթի 1934-ին դադրած է, վերահրատարակուելու համար, 1947-ին, որմէ ետք կանոնաւորութեամբ շարունակուած է մինչեւ 1968 թուական շնորհիւ իր ամուսնոյն՝ բժիշկ Քիւփէլեանի նիւթական օժանդակութեան:

Գրական մամուլին աշխատակցած է պատմուածքներով, վիպակներով։ Անջատ հատորով գործերը լոյս տեսած են 50–60-ական թուականներուն։ Փոքրերու համար մշակած է հեքիաթներու շարք մը՝ «Հեքիաթներու աշխարհէն» (1973)։ Վահէ Վահեանի հետ կազմած ու խմբագրած է Մատթէոս Զարիֆեանի «Ամբողջական Գործեր» (1966), ստուարածաւալ հատորը։

Ան հեղինակած է հետեւեալ հրատարակութիւնները՝ «Պատնէշը»՝ 1959, «Մեղաւորուհին»՝ 1959:

Գրական վաստակը

Իր գրական վաստակը ձեւաւորուեցաւ երեք հանգրուաններով:

Առաջին շրջանը գրուած է գեղեցիկի ընկալչութեամբ, հեքիաթային աշխարհ մը հաղորդական դարձնելու միտումով՝ «Կակաչներու իշխանուհին», «Մեղաւորուհին», «Զենոպի», «Շամիրամ», «Աղաւնիւներու քարայրը», «Շէրիֆի» եւ այլ պատմուածքներ կը յատկանշուին իրենց քնարական շունչով եւ նրբահիւս ոճով:

Անցեալի եւ իր ժամանակի կանացի դէմքերու ապրուած տրամաները պատկերուեցան արձակ բանաստեղծութեան կաղապարումով, տեսակ մը շարունակելով պոլսահայ կին գրողներուՙ Սիպիլի, Մաննիկ Պէրպէրեանի, Եւփիմէի մօտայիկ ու պչրագեղ գրականութիւնը: Այս շրջանին իսկ, Սեզայի մօտ զգալի կը դառնայ լեզուի վայելչագեղութիւնն ու թարմատի շունչը: Իր նպատակը ֆեմինիզմի ջատագովութիւնը չէ միայն, այլՙ կիներուն ճանչցնել կիներու բարդ եւ զգայուն հոգեկան աշխարհըՙ որպէս ինքնաճանաչում:

Սիրան Սեզայի «Գիրք ԾՆնդոց»ը ինքնակենսագրական բնոյթ ունի։ Վէպը կընդգրկէ 1900-ականներէն մինչեւ 1918 երկարող տարիներու դէպքերը եւ անոնց արձագանգները պոլսահայ ու յատկապէս իր ապրած շրջանակի մարդոց կեանքէն ներս։

Սիրան Սեզայի «Խորտակուած կեանքեր» ծաւալուն վէպը ուշագրաւ է ոչ միայն սիրային խորքով, ուր գլխաւոր հերոսներուն սէրերը կը ծլարձակուին բայց չեն հասնիր ցանկալի աւարտին, այլ այն առումով որ գրագիտուհին այս վէպը ստեղծագործած է ընդամէնը քսանմէկ տարեկանին: Վէպին մէջ ընդգծուած դրական եւ բացասական ազդեցութիւններով: Վէպին պատմողական գունագեղ ոճը, մանաւանդ պոլսահայ լեզուամտածողութիւնը աւելի հետաքրքրական եւ հաճելի կը դարձնեն այս ստեղծագործութեան ընթերցումը:

Մահացած է Պէյրութի մէջ, 18 Օգոստոս 1973ին: