Թադէոս Եսայեան – Գրող, Ճարտարագէտ:

Ծնած է 1941-ին, Ամման, Յորդանան, արմատներով՝ Տէօրթ Եոլցի: Յաճախած է Ամմանի Ազգային Հեթումեան Վարժարան, ապա երկրորդական՝ Թերասանթա Քոլէճ:

1959-ի Յունիսին աւարտած է երկրորդական վարժարանը, բարձր նիշերով, մասնակցելով երկու քննութիւններու՝ GCE անգլերէն, մեթրիք Օրտոն՝ արաբերէն: Մեթրիք Օրտոնը պետական քննութիւնն էր։ Թադէոս Եսայեան երկրորդ հայն էր Յորդանանի մէջ, որ կը յաջողէր այս քննութեան:

Համալսարանական կրթութիւնը ստացեր է նախ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ որպէս ճարտարագէտ՝ պսակաւոր գիտութեան վկայականով, 1969-ին, ապա Անգլիոյ Սաութհեմփթըն Համալսարանէն որպէս ճարտարագէտ՝ մագիստրոս գիտութեան վկայականով, 1974-ին:

Ամուսնացած է ունի երեք զաւակ՝ Ալեքսի, Լենար, Մարալ:

Աշխատանքի բերումով կը մեկնի Լոնտոն ուր կը պաշտօնավարէ ճարտարագիտական ընկերութեան մէջ, Sir William Halcrow & Partners: Նոյն շրջանին, Թադէոս Եսայեան ջրաբաշխական մագիստրական դասընթացքի կը հետեւի University of Southampton-ին մէջ։ 1974-ի ամռան ան արդէն ճարտարագէտ էր մագիստրոս գիտութեան վկայականով: 1977-ի գարնան աւարտելով շինարարական պարտականութիւնը՝ կը վերադառնան Ամման: Յորդանանի մէջ 13 տարիներ աշխատելէ ետք, ան կ’անցնի Աթէնք աշխատանքի բերումով, ուր կը մնայ 24 տարի: 2014-ին հանգստեան կը կոչուի ու կը փարի իր հայերէն գիրքերուն:

Ան իր պաշտօնավարած ընկերութեան համար պատրաստած է 6 ծաւալուն, պատկերազարդ դասագիրքեր՝ սկսնակ ճարտարագէտներու համար:

Թադէոս Եսայեան աւելի քան 60 տարիէ ի վեր կը ստեղծագործէ, ունի հրատարակած վեց գիրքեր՝ «Առաջին Փորձեր» (բանաստեղծութիւններ -1985-ին), «Երկրորդ փորձեր – Նոր Քօնթրէքթօրը» (Բեմադրական Երգիծաբանութիւն, 1985), «Պտղունց Մը Սէր» (բանաստեղծութիւններ, 1987), «Կեանք Մը Տողերու Վրայ» (բանաստեղծութիւններ, 1989), «Պատկերազարդ Ցուցահանդէս» (բանաստեղծութիւններ, 1991), «Պարզ ու տաքուկ բառերով» (բանաստեղծութիւններ, 2021):

 

Խաչվերացը Ղարաբաղի (Նուէր` Ղարաբաղի Հերոսներուն)

Խաչ-Մասունքը ազատագրող` Խաչվերացի օրն է այսօր
Սասնայ Ծոռեր Ղարաբաղի հող-մասունքը տուն կը տանին
Ու Շուշիի ծառերն ամէն կարծես մեն մի սպարապետ
Կ՛աղաղակեն հովի ձայնով «Ղարաբաղը մերն է յաւետ»:

Արձագանգներ կու գան հեռուի դարախօսիկ քար ու քարէն…
Արձագանգներ շարականի մելիքներու մատուռներէն,
Ու վերեւէն ազատն Աստուած կարծես հիմա ծիծառ դարձած`
Տուն կը կանչէ, տուն դէպի տուն` կռունկներուն հեռագնաց…

Գոյն կը տեղայ, բոյր կը տեղայ կանաչորակ մարմանդներէն,
Վարդենիներ երեք գոյնով` կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն,
Կը ծածանին դրօշի պէս ու շուշաններ բաժակ-բաժակ
Ցօղ կը խմեն կենաց արտէն կենաց սարին հայապատկան…

Երգ է, շուրջպար` սարի լանջին: Եղէգնուտներ հեղ մը սրինգ,
Հեղ մը շեփոր հովի շուրթին` կը ձայնակցին յաղթարշաւին,
Ու Չարենցի հեզաճկուն աղջիկներու «Տուն դարձ» պարին
Կը ղօղանջէ, կը թրթռայ Ղարաբաղի երգը ցնծուն`
Մերն է սարը, մերն է արտը խամսայի հայ մելիքներուն»:

 

Հետքեր

Ես սիրեցի բոլորին

Բայց գարունէս վերջ գացին

Տուած վարդերս ալ տարին

Ինծի փուշեր ձգեցին․․․

Սիրածներս այդ բոլոր

Սրտէս անցան ու գացին

Մնաս բարով ալ չըսին․․․

Հետքը անոնց քայլերուն

Տաղերուս մէջ մնացին։

«Պարզ ու տաքուկ բառերով», 2021