Թենի Արլէն (1991-2015) – Ամերիկահայ վաղամեռիկ բանաստեղծուհի։

Ծնած է ու մեծցած Քալիֆորնիա, հեռու հայկական շրջանակներէ, Ռիվըրսայտէն մինչեւ կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Լուիս Օպիսփօ քաղաքը: Թենի դուստրն է Թիմ Արլէնի եւ Թէմմի Շօուալթէրի: Մեծ հայրն է որ Առաքելեան մականունը փոխած է Արլէնի:

20 տարեկանին սկսած է սորվիլ հայերէն՝ UCLA յաճախելու միջոցին։ UCLA համալսարանի մէջ կը սկսի արեւմտահայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներու, հետեւելով իր զոյգ աւագ եղբայրներու քայլերուն, բայց հիմնականին մէջ անհատական մղումով:

Արդէն իսկ բանաստեղծական բացառիկ տաղանդի տէր ըլլալով, շուտով կը սկսի գրելու նաեւ հայերէնով եւ դէպի լեզու «վերադարձ»ը կ՛ըմբռնէ որպէս ստեղծագործական՝ արարումով ինքնացումի գործընթաց:

Նախ՝ իր մերձարեւելեան եւ հիւսիսափրիկեան ուսմանց մասնագիտացումը լքելով կ՛անցնի բաղդատական գրականութեան, ուրկէ Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով կ՛աւարտէ UCLA-ի շրջանը 2013ին: Չի դադրիր սակայն որոնելէ իրեն համար ամէնէն հարազատ վայրը: Ֆրանսայի հարաւը եւ ամերիկեան Ինտիանա նահանգը տարբեր ձեռնարկներու մասնակցելէ ետք, 2015ի կիսուն կ՛ընդունուի դոկտորականի ծրագրին՝ Միշիկընի համալսարանի (Էնն Արպըր) բաղդատական գրականութեան բաժանմունքէն ներս, նպատակ ունենալով կեդրոնանալ  ֆրանսական խորհրդապաշտ գրականութեան եւ այդ շարժման հայկական արտայայտութիւններու առնչութիւններուն վրայ:

Ատկէ անմիջապէս առաջ, «Նոթր Տամ» համալսարանի աստուածաբանական դասընթացքներուն իբր ունկնդիր հետեւելէ ետք, երկար մտորումներէ ետք կ՛որոշէ կրօնական իր պատկանելիութիւնն ալ շեղել դէպի հայ եկեղեցին, ուր մկրտուելով 2015ի Յունիսին կ՛ընտրէ անուն մը եւս՝ Սողովմէ:

1991ին ծնած Թենիի կողմէ Սողովմէի որդեգրումը յարացուցական է, յատկապէս իր կողմէ հայերէնի եւ հայութեան պատկանելիութեան որդեգրման ընդհանուր հոլովոյթի շրջարկին մէջ: 

Թենի Արլէն՝ 1991-2015, դադրեցաւ ստեղծելէ Սողովմէն որդեգրելէ ամիս մը ետք, «քաղաքէ մ՛ուրիշ քաղաքի միջեւ» փոխադրութեան ճամբուն վրայ:

Թենի Արլէնի հայերէնով ստեղծագործած բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն՝  «Կիրքով Ըսելու՝ Ինչո՞ւ Հոս Եմ»ը, կազմուած է յետմահու։ Հատորը կ՚ընդգրկէ 2012-2013ին գրած բանաստեղծութիւններուն ամբողջութիւնը, որոնց մասին անոր ուսուցիչը՝ UCLAի արեւմտահայերէնի դասախօս Յակոբ Կիւլլիւճեան, կը բացատրէ վերջաբանին մէջ. «Այստեղ հրատարակուած քերթուածներէն գրեթէ բոլորն ալ գրուած են հայերէնի ուսումնառութիւնը սկսելէն 15-20 ամիս ետք, ինչ որ անշուշտ ենթադրած է ժամանակի նշանակալից ներդրում եւ լուրջ կեդրոնացում լեզուի իւրացման եւ բառապաշարի նրբութիւններու վրայ։ (…) Բացառիկ այդ ճիգի գլխաւոր շարժառիթը սիրահարութիւնն էր լեզուին եւ գրականութեան, ինչպէս պատահած է ու կը պատահի գրեթէ բոլոր գրողներուն։ Լեզուին տակաւին չտիրապետած կը սկսին կազմուիլ անոր հանդէպ “սիրոյ կապանքները”, որոնց արմատները պէտք է փնտռել Թենի Արլէնի կանուխ, այլ տքնաջան ընթերցումներուն՝ գլխաւորաբար Նարեկացիի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Պըլտեանի, Սարաֆեանի եւ Վահէ Օշականի գործերուն ներշնչած հիացմունքին մէջ»։

 

Պատումը

Վայրկեանները ուժով կը հարուածեն:

Վայրկեաններ,

եւ իրենց վաղանցիկ երջանկութիւնը, ցաւը,

վաղանցիկ ուրախութիւնը, մինակութիւնը:

Անկումէն ետք լռութիւնն է

որ կը փորձէ զսպել:

Անկումէն ետք կայ վայրկեանը առանց ձայնի:

Կը մեռնինք լռութեան ընդմէջէն:

Փոշիի պէս որ պատուհանի յեցուկին կ՛իյնայ

եւ կամաց կամաց կը հանգչի.

փոշին անշարժութեամբ եւ ժամանակով

վայրկեանները կը թաղէ,

պատմութիւնը կը թաղէ:

Բառերուն ջնջումը.

կեանքի անիմաստութիւն.

եւ աշխարհ փշրանքներու կը վերածուի:

Երբ յանկարծ—խօսելով—

Բառերուն ծնունդը.

աշխարհի վերածնունդը:

Բառը, շունչը բերանէն

փոշին կ՛արծարծէ

եւ պատուհանի յեցուկը կը պարզէ:

Լռեցուած պատումը պատմուած է:

Մենք կ՛ապրինք պատմողներէն

որոնք ձայն մը կու տան,

որոնք շունչ կու տան

հսկայ լռութեան մէջ:

 

Բանաստեղծութիւն

Ձայն մը չունիմ արձակին համար:

արձակը, իր անթերի մտածումներով,

իր գուշակելի կէտադրութիւնով, իր գծակերպ շարժումով.

բառերը էջին մէկ կողմէն միւսը կը քալեն,

անոնք կատարելաբար լուսանցքներու միջեւ

կը սկսին ու կը վերջանան:

Բայց բանաստեղծութիւնը փափուկ պար մըն է:

Բառեր եւ գիրեր էջին մէջտեղէն

կը պարեն

վեր

ու

վար.

ան կ՛արտայայտէ

միտքս—

խախտած

կեանքս—

փափուկ պար մըն է,

վեր

ու

վար:

 

 

Բառեր

Եւ մանաւանդ

կեանքը մենակեաց է:

Բոլոր շողշողուն հանդէսներէն ետք, դուն

խօսակցութիւններէն ետք առանց իմաստի,

խոստումներէն ու սպասումէն ետք,

պարապ սենեակի մէջ կը գտնես դուն քեզ:

Անշշուկ շնչառութիւնդ, շփոթած խորհուրդներդ.

Այսպէս, ամէն տեղ ուր միտքս թափառի՝ քեզի դարձեալ կը յարի:

 

աշխարհի կայտառութիւնը մեռած է,

եւ դուն –

դուն ես

դուն ես:

Աչքերդ կը գոցուին եւ աշխարհի թատրոնը կ՛աներեւութանայ,

աչքերդ կը բացուին եւ դերասան ես,

եւ յանկարծ ամբոխի մէջ – դիմակներ ունիս.

դիմակներ

որ դէմքեր կը ծածկեն:

Բայց ինչպէ՞ս կ՛ըսես դիմակներուն.

մենակեաց

միայնակ

կոտրած:

Բառերը քարերու պէս կ՛իյնան,

յոգնած եւ օթեկ եւ անվարժ

բերանէդ:

Բերանդ,

այդ նկուղը ուր բառեր կը խառնուին

իմաստով, յիշողութիւնով, մոռացութիւնով:

Մոլորած անգործածութենէ,

բառերը օդին մէջ ուրուականներու պէս կը քալեն:

Այս բառերը, անտեսանելի,

մխիթարութիւն չեն կրնար ընծայել:

 

Անվերջ Սկիզբ

Կեանքիս պատմութիւնը պիտի չվերջանայ մահուանս հետ:

Երբ ծնայ, պատմութիւնս սկսաւ:

Մարդիկ կ՛ըսեն մեզի որ «օր մը, պիտի մեռնինք»:

Բայց ճիշդ չէ: Մեր կեանքերը շրջանակներու պէս են,

նոր պատմութիւններ եւ նոր սկիզբներ

կու տան ամէն բանի որու դպչինք:

Ամէն բառ որ կը խօսինք, քիչ մը նոր սկիզբ է.

ամէն բառ որ կը գրենք, քիչ մը նոր սկիզբ է.

ամէն բառ որ կը կարդանք, նոր խորհուրդ մը կամ մտմտուք մըն է մեր միտքերուն մէջ:

Միւսներուն նոր սկիզբներ կու տանք խօսելով եւ գրելով:

Երբ մեռնինք, մեր հետքերը կը շարունակուին այս կեանքին մէջ եւ ուրիշ մարդոց մէջ:

Ուրեմն, մահը բնաւ չի գար մեզի:

 

Գիշեր

Գիշերը հանդարտ էր:

Մեղմ առուի մօտ խորունկ կը քնանայի:

Երազներ կը նուագէին մտքիս մէջ ջութակի մը պէս.

յանկարծ, գետինը քայլափոխներու ձայնէն արթնցայ:

Ան իմ քովս էր:

Իր շունչը ծաղիկներու նման էր,

իր մորթը առուի մամուռին պէս կը բուրէր:

Երբ խօսեցաւ, բառերով չխօսեցաւ,

իր բառերը աստղերու պէս ձեռքերուս մէջ ինկան:

Երկինքներ ստեղծեցի այս աստղերով: Ես եմ արարիչը, ես եմ տէրը:

 

Արծաթէ Սանդուխը

Համբերատար, ուշադիր, լռիկ.

լուսինը:

Իր կլոր աչքերով արծաթէ պարաններ կը ցաթէ

դէպի գետին՝ լիճին, անտառին:

Լուսինը մութ գիշերուան մէջ կը յայտնաբերէ հանդարտ ճամբորդը,

մեղմ ծփանքները,

քնացող ծառերը:

Յաւիտենական պահապան մը:

Այս գիշեր անօթի աչքերով կը վազեմ:

Կեանքը կորսուած է անբացատրելի հարցումներու մէջ,

փայլուն լոյսերու մէջ,

կերպընկալ դղեակներու մէջ:

Այս գիշեր աչքերս վեր կը նային—

երկու լուսիններ որ կը հանդիպին լուսնին—

եւ կեանքը կ՛աներեւութանայ

անտեւականութիւնը կ՛իյնայ

եւ մնայունը կը փայլի:

Եթէ այս արծաթէ պարաններէն արծաթէ սանդուխի պէս կարենայի մագլցիլ,

պատասխանները պիտի ունենայի՞:

 

Միտքս

Միտքս հանգստանալ փորձեց,

հանդարտ ըլլալ փորձեց:

հեռու լեռներ տարի զայն,

դէպի ցորենի դաշտերն ու կապոյտ ծովերը առաջնորդեցի զայն:

Պղատոն, Նիցչէ, եւ Քանթ անոր կերակրեցի,

եւ ան նկարիչներ ու հեղինակներ ու բանաստեղծներ խմեց:

Բայց ասոնցմէ միշտ շուտով հեռու վազեց.

դուն. քեզի վազեց:

Որովհետեւ երկու լեռներու պէս են ուսերդ,

մազդ ցորենին գոյնը ունի,

աչքերդ աւելի կապոյտ են քան թէ ծովերը,

միտքդ արդէն փիլիսոփայութիւնով եւ բանաստեղծութիւնով լեցուն է:

 

Զարթնում

Կարելիութիւնը բնաւ չարթննալու:

Կեանքս այս պզտիկ սենեակն է,

գիրքերով ու ճաշերով ու լռութիւններով:

Դուրսը ամբողջ ապակի է

կ՛ըսէին ինծի ամէն օր:

Բայց յանկարծ պատուհանը կը բացուի,

եւ աշխարհն այնտեղ է ինծի համար:

Եւ այս ձայները

այսօրուան ձայներ են,

իսկ ես անզօր եմ:

Մեռած ձայները չեմ կրնար լսել այլեւս,

այն հին ձայները որոնք

հոգիս կը կերակրէին

այդ սենեակին մէջ:

Ապրողները հոս են խօսելու համար

կը փսփսան,

կեանք տալու քեզի:

Ուրեմն խօսէ՛, խօսէ՛

կը կանչեմ սենեակէս:

Գիշերը կու գայ

մութ խորհուրդի մը պէս:

Ձայները պիտի խօսի՞ն

գիշերէն առաջ:

Սպասումը, անդորրութիւնը—

կարելիութիւնը—տանջա՜նք—բնաւ չարթննալու:

 

Հայ լեզուի խնդիրը

Հայ լեզուն տարիներով կը վերապրէր: Իր գոյութիւնը կը վտանգուէր, իր տունը կը խորտակուէր: Բայց կ՛ապրէր: Հայ լեզուն մոլորական հովուն պէս կը ճամբորդէր լեռներուն միջեւ, գետերուն քով, ծովերուն վրայ: Ան հիմա կ՛ապրի տարբեր վանքերու մէջ, քաղաքի մէջ, գիւղի մէջ, ագարակի մէջ: Բայց ինչի՞ համար: Ըսելու «տո՞ւն», «ճա՞շ», «մա՞յր», «հա՞յր», «խոհանո՞ց»:

Թէ՞ ըսելու «բնութիւն՝ մայրը որ ինծի կեանք տուաւ»: Կիրքով ըսելու՝ «ինչո՞ւ հոս եմ»:

 

ԹԵՆԻ ԱՐԼԷՆ