Վահան Մալէզեան (1871-1963) – Գրող, բանաստեղծ, հասարակական գործիչ, թարգմանիչ։

Ծնած է 1871-ին, Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր հայրը՝ բժիշկ Ֆրանկիւլ Մալէզեան, կը գտնուէր առժամապէս, Դանուբի Միջազգային Յանձնախումբին մօտ Թուրքիոյ առողջապահական պատուիրակի պաշտօնով: Վահան թոռն էր յայտնի հայկաբան Յովսէփ Մալէզեան պատուելիին։

Ծնունդէն վեց ամիս ետք, Մալէզեան ընտանիքը փոխադրուած է Կ. Պոլիս, հաստատուելով Օրթաքէօյ թաղամասը՝ Վոսփորի գեղատեսիլ ափին, որ այդ թուականին մտաւորական տեսակէտով ազնուական թաղն էր եւ պոլսահայ վերածնունդի ու ազգասիրական գործունէութեան վառարանը: Հոն բնակած են Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, օր. Սրբուհի Վահանեան (յետոյ՝ Սրբուհի Տիւսաբ), Թովմաս Թէրզեան, Մկրտիչ Աճէմեան, Յակոբ Պարոնեան, Արփիար Արփիարեան, Յովհաննէս Սէթեան, Յակոբ Գուրգէն, ելն., բոլորն ալ գրական կամ կրթական մարզի վրայ փայլող աստղեր:

Կ․ Պոլսոյ մէջ կրթութիւն ստացած է Յակոբ Գուրգէնի դպրոցին մէջ, ապա յաճախած է իրաւաբանական դպրոց, զոր աւարտած է 1895-ին:

1896-ին տեղափոխուած է Մերսին, ուր տարի մը բանտարկուած է՝ յեղափոխական գործունէութեան մեղադրանքով:

Իր կեանքը անցուցած է տարբեր քաղաքներու մէջ. Գահիրէ (1898-1923), Պրիւքսէլ (1923-27), Փարիզ, Մարսէյլ (1927–45) եւ Նիւ Եորք (1945-47): Սակայն, ի վերջոյ, բնակութիւն հաստատած է Նիս, 1948-ին:

Գահիրէի մէջ, ան եղած է Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ հետագային միաւորուած է այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կազմելու համար:

Ան վարչական պաշտօններ ստանձնած է 1906ին Գահիրէ հիմնուած Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ, երկար տարիներ վարելով պատուիրակ-քարտուղարի պաշտօնը։ Հեղինակն է նաեւ ՀԲԸՄ-ի քայլերգին։ 

ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը լաւագոյնս կատարած է եւ արդիւնաբեր եղած են իր պաշտօնավարութեան տարիները: Սակայն, ի՜նչ-ինչ պատճառներով ժամանակ եկած է եւ Մալէզեան հրաժարած է իր պաշտօնէն: 

Գրական ասպարէզ մուտք գործած է 1880-ականներուն: Աշխատակցած է «Մասիս», «Արեւելք» պարբերականներուն, օգտագործելով «Զեփիւռ» ծածկանունը: Այլեւ աշխատակցած է «Արեւելեան Մամուլ», «Ծաղիկ», «Անահիտ», «Բանբեր Գրականութեան եւ Արուեստի», «Շիրակ», եւ ուրիշ պարբերականներու: 1890-ին իր արձակ եւ չափածոյ գրութիւններուն մէկ մասը ամփոփուած են «Մրմունջք» ժողովածուին մէջ:

1911-ին հրատարակած է «Յուշարձան մը Արփիարեանի» կենսագրական գրքոյկը:
1892-ին «Անիծեալը» չափածոյ գործը:
1912-ին «Կերոններ» չափածոյ գործը:
1915-ին «Տարագրի մը յուշատետրը» արձակ գործը:

Ֆրանսայի մէջ ապրած տարիներուն հրատարակած է հետեւեալ գործերը: Այսպէս.
1927-ին «Անցած օրեր…»:
1949-ին «Կարապի երգը», «Հոգիի ձայներ» եւ «Մեծ հայրս Յովսէփ Մալէզեան պատուելի»:
1950-ին «Ճամբուս վրայ» (Յուշագրութիւններ, նամակներ եւ այլ նիւթեր):
1954-1955-ին «Ճամբուս վրայ» (2 հատորով, յուշեր, յօդուածներ, զանազան գրութիւններ):

Թարգմանութիւններ կատարած է Անրի Պարպիւսէն, Վիքթոր Հիւկոյէն, Մորիս Մետերլինքէն, Ալպէր Սամէնէն, եւ ուրիշներէ:

Գրած է նաեւ ֆրանսերէնով եւ թրքերէնով:

 

ՓԱ՜ՌՔ ՄԻՈՒԹԵԱՆ                                               

Աւետի՜ս, Հայեր, ա՜լ սուգը մէկդի,
Նոր արեւ ծագեց մեր ազգին վերեւ.
Հայութիւնն ամբողջ կու տայ ձեռք-ձեռքի՝
Հայկական Միութեան դըրօշին ներքեւ:

Հայեր, միանա՜նք մէկ սիրտ մէկ հոգի՝
Ազգաշինութեան վըսեմ գործին շուրջ.
Մոռնալով վէրքեր եւ ոխն երէկի,
Ժամ է, որ ըլլանք վաղուան աչալուրջ:

Հարուստ ու աղքատ, անուս թէ գիտուն,
Երթանք կանգնելու օճախը կործան,
Երթանք հիմնելու դըպրոց, գործատուն,
Երթանք մըշակին տալ ցանք ու լըծկան:

Եթէ ճիշդ է որ միութիւնն է միայն
Վերջին զօրութիւնն ազգիս քարուքանդ,
Մէկ սիրտ մէկ հոգի փութանք Միութեան
Սուրբ գործին բերել մեր ուխտն ու եռանդ:

Եւ դուն ա՜լ մի լար, թըշուառ Հայրենիք,
Քանզի հըրաշքով Հայը միացաւ.
Քանզի վաղն ամէնքս՝ գոհ եւ երջանիկ՝
Միութեան փառքը պիտ» երգենք կարգաւ:

Վահան Մալէզեան

 

ՏԱՊԱՆԱԳԻՐՍ
Հալածուած ազգի մը զաւակն եղուկ
Լծակից անոր բախտին յեղյեղուկ,
Բայց՝ անոր նման վէս եւ անհանդարտ՝
Ցեղին պայքարը մղելուն հպարտ:
Ու չի հասկցուած շատերէն, աւա՜ղ,
Հալածանքին դէմ չարերու՝ անվախ,
Քալեց անվեհեր դէպի նպատակ,
Քնարը գրկած պինդ իր թեւին տակ:
Քո՛ւրմը տաճարին գեղեցկութեան՝ զոր
Պաշտեց իր հոգին հաւատքով հզօր,
Առաքեա՛լ ուխտին բարեգործութեան,
Հայրենեաց սիրով շիջաւ Մալէզեան»:

(Վահան Մալէզեան, «Ճամբուս ծայրը», (Բ. Յուշաքաղ), տպ.՝ Փարիզ, 1955, էջ 273):