Վահան Թէքէեան (1878 – 1945), բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր, հասարակական գործիչ։

Հայ մեծագոյն բանաստեղծներէն մին, որուն շնորհուած է «Բանաստեղծութեան Իշխան» տիտղոսը, նաեւ ճանչցուած է որպէս «Հնչեակի (Սոնէթ) վարպետ»:

Ծնած է Պոլիս 1878-ին: Ուսանած է Պոլսոյ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ: 1896-ի Համիտեան ջարդերէն (Որուն զոհ գացին 300 հազար անմեղ հայեր) ետք, շատերու նման կը լքէ Պոլիսը եւ կ՛անցնի Եւրոպա, ապա կը հաստատուի Գահիրէ (Եգիպտոս), ուր կ՛ունենայ նշանակալի գրական-հրապարագրական գործունէութիւն:

Սուլթան Ապտուլ Համիտի անկումէն եւ Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք 1908-ին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ Պոլիս, սակայն 1914-ին կը լքէ զայն դարձեալ ու կը վերադառնայ Գահիրէ, այդ ձեւով կը փրկուելով 1915-ի ջարդերէն:

Կը հիմնէ «Շիրակ» պարբերաթերթը: Իր խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնէ «Ժողովուրդի Ձայն» թերթը, իսկ «Արեւ»ը կը շարունակէ խմբագրել մինչեւ իր մահը: Իր գործերէն են՝ Հոգեր, Հրաշալի Յարութիւն, Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյս, Սէր, Հայերգութիւն, Տաղարան եւ այլք:

Վ. Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը գրական գոհար մըն է: Իր բանաստեղծութիւնները փիլիսոփայական միտքերու շտեմարան մըն են: Մակերեսային ընթերցումը բաւարար չէ լրիւ ըմբոշխնելու համար իր բանաստեղծութեանց նեկտարը, պէտք է ընթերցողը փորձէ թափանցել եւ հասկնալ անոր տողատակ ըսուած միտքերը:

Թէքէեան վախճանեցաւ եւ թաղուեցաւ Գահիրէի հայոց գերեզմանատունը 1945-ին:

Կ՛անձրեւէ տղաս…

Կ՛անձրևէ, տղա՛ս… Աշունը թաց է,
Թաց աչքերուն պէս խեղճ խաբուած սիրոյն…։
Պատուհանն ու դուռը գնա գոցէ՛
Եւ դէմըս եկուր նստիլ վեհագոյն
Լռութեան մը մէջ…։ Կ՛անձրևէ տղա՛ս…։

Կ՛անձրևէ՞ երբեմն հոգիիդ մէջ ալ,
Կը մըսի՞ սիրտըդ, և կը դողդըղա՞ս`
Խորհելով պայծառ արևին անցեալ,
Դրան մը ներքև գո՜ց ճակատագրին…։

Բայց կու լաս, տղա’ս… Մութին մէջ յանկարծ
Ծանր արցունքներ աչքէդ կը գլորին…։
Լա՛ց անմեղութեան արցունքը անդարձ,
Լա՛ց չգիտնալով, խեղճ, անգէ՛տ տղաս,
Խե՜ղճ որսը կեանքին, ա՜հ, լա՛ց, որ մեծնաս…։

 

Պիտի Իյնաս

Պիտի իյնաս այս անգամ, եւ ալ իսպառ, անյարիր
Պիտի մնաս գետնին վրայ ճանկռտելով հողը դեռ,
Եւ դեռ երկար չմեռնիս պիտի եւ տունըդ մոխիր
Եղած ծածկէ պիտի քեզ, երբեմնի տունդ եռուզեռ…

Հերի´ք որքան աշխարհի ցաւ ու չարիք հասցուցիր,
Որքան ի սուգ թաթխեցիր քաղաք ու գիւղ, դաշտ ու լեռ,
Հերի´ք մայրերը լացին բոյներուն մէջ ցանուցիր
Եւ մեր սիրող սրտերուն մէջ լեցուցիր ոխ ու հեռ…

Պիտի իյնաս, կ´իյնաս ալ… Բայց որպեսզի դեռ ճանչնաս
Քու անարգ սիրտդ ծակող մեծագոյն ցաւը վերջին
Պիտի զարնեն քեզ անոնք որ քեզ յաճախ փրկեցին:

Եւ չմեռած դեռ տեսնես պիտի արդար պատուհաս,
Ծաղկիլը մեր աշխարհին զոր թողուցիր աւերակ.
Ու ցնծութիւնը մերին քու ստրուկի աչքիդ տակ…: