Վահան Զանոյեան – Սփիւռքահայ գործարար, գրող եւ բանաստեղծ։

Ծնած եւ մեծցած է Լիբանան: Ապրած է ԱՄՆ, Զուիցերիա եւ Պահրէյն: իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է նախ Պէյրութի Հայ Աւետարանական քոլեճէն եւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն, ապա ուսումը շարունակած է Ամերիկայի մէջ՝ յաճախելով Փենսիլվենիոյ համալսարանը:

Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին եւ Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ ուսանած Զանոյեան կատարած է ռահվիրայի աշխատանք անցած չորս տասնամեակներուն` քարիւղ արտադրող երկիրներու քաղաքական տնտեսութեան եւ այդ երկիրներու զարգացման ընթացքի գործնական վերլուծումի ծիրին մէջ։ Անդամ է Արտաքին յարաբերութեանց խորհուրդին: Ունի հրատարակուած բազմաթիւ մասնագիտական յօդուածներ ուժանիւթի յատուկ մամուլի էջերուն մէջ, ինչպէս նաեւ տուած է անհամար դասախօսութիւններ եւ կարդացած ճառեր` նոյն նիւթը արծարծող արհեստավարժներու գիտաժողովներուն ընթացքին:

Զանոյեան եղած է միջազգային ուժանիւթի փորձագէտ եւ խորհրդատու՝ բազմաթիւ Միջազգային քարիւղի ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ կարգ մը հանրային ընկերութիւններու:

Զանոյեան հեղինակ է երկու բանաստեղծական հատորներու՝ «Վերադարձ»՝ 2010-ին, «Եզրէն Դուրս»՝ 2011-ին:

Ան խորապէս ազդուած Հայաստանէն դուրս մարմնավաճառութեամբ զբաղող երիտասարդ աղջիկներով. հանդիպելով անոնց ու լսելով իրենց սրտցաւ պատմութիւնները՝ ան գրած է երկու վէպերը՝ «Հեռաւոր Մի Տեղ»՝ 2013-ին, «Օհանավանքի Աղաւնիները»՝ 2014-ին:

Առաջին վէպը՝ «A Place Far Away»ը, հրատարակուած է 2013-ին, ապա թարգմանուած է արեւելահայերէնի «Հեռաւոր Մի Տեղ» խորագրով:

 

Խենթերս

Բառեր կան մէջս
խուժաննե՜ր բառի
կը ժայթքին չորս դիս
խելար ու վայրի
ինչպէս բզզացող
պիծակներ կատղած
կայան տենչացող
տեղահան բառեր

Ձայներ կան մէջս
ալիքնե՜ր ձայնի
կ՚ողողեն գանկս
ողջ էութիւնս
խլացնող կիրքով
անձնագիր կ՚ուզեն
շփոթ աչքերէս
յոգնած աչքերէս

Յոյզեր կան մէջս
գնացքնե՜ր յոյզի
կը սուրան վայրագ
անողոք, դաժան
անզուսպ կորովով
կը հարցաքննեն
խղճմտանքս խռով
խղճմտանքս մունջ

Բուռն կռիւներ կան
Հանդէսնե՜ր վէճի
ձայներն ու յոյզերն
ու բառերն այդ խենթ
կ՚արձակեն կայծեր
բոցեր ամեհի
ու կը հրկիզեն
գիշերն ցնորքի

Վահան Զանոյեան
Նոյ 27, 2019