Վահէ Օշական (1922 – 2000), սփիւռքահայ բանաստեղծ, արձակագիր։
Ծնած է 1922-ին, Փլովտիւ, Պուլկարիա։ Որդին է յայտնի գրագէտ եւ վիպասան Յակոբ Օշականի։ Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը անցուցած է Կիպրոս եւ Երուսաղէմ։ 1933-ին աւարտած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, իսկ 1939-ին՝ Երուսաղէմի անգլիական Սէն Ճորճ քոլէճը։ 1951 թուականին աւարտած է Սորպոնի համալսարանը (Փարիզ), ուր 1968-ին պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը բաղդատական գրականութեան մէջ (նիւթը՝ արեւմտահայ գրականութիւն)։
Երկար տարիներ ապրած է Պէյրութ։ 1960-1975 թուականներուն դասաւանդած է տեղւոյն Ամերիկեան միջազգային քոլէճին մէջ, 1962-1975-ին՝ Ամերիկեան համալսարանին մէջ, 1972-1975 թուականներուն՝ «Հայկազեան» քոլէճին մէջ, ուր հայագիտական բաժնի տնօրէնը եղած է։ 1960-ական թուականներուն «Բագին» ամսագրի խմբագրական կազմի անդամ եղած է։ Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով, 1976-ին փոխադրուած է Ֆիլատելֆիա, ուր 1976-1982-ին դասաւանդած է Փենսիլվանիոյ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնին մէջ։ 1987-2000-ին հիմնած ու խմբագրած է “Raft” հայ բանաստեղծութեան ու գրաքննադատութեան անգլերէն տարեգիրքը։ Խմբագրած է Յակոբ Օշականի «Երեք թատերախաղեր» հատորը (1991)։
Վահէ Օշական հեղինակած է բանաստեղծութեան եւ պատմուածքներու տասնեակ հատորներ. ինչպէս նաեւ գրական, գրականագիտական եւ քննադատական բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ ու յօդուածներ։
Անոր բանաստեղծական երկերն են՝ «Պատուհան (Պէյրութ, 1956), «Քաղաքը» (Պէյրութ, 1963), «Քառուղի» (Պէյրութ, 1971), «Ահազանգ» (Նիւ Եորք, 1980), «Խուճապ» (Նիւ Եորք, 1983), «Արուարձաններ» (Սիտնի, 1991), «Համբոյրը» (Սիտնի, 1996), «Ինքնութիւն» (Անթիլիաս, 1996), «Ճամբորդը»: Վէպ /արձակ գրութիւններն են՝ «Փախստականը» (Անթիլիաս, 1987), «Թակարդին շուրջ» (Նիւ Եորք, 1988), «Հատընտիր» (Պէյրութ, 1994), «Սերունդներ» (Պէյրութ, 1995):
Մահացած է 2000-ին, ԱՄՆ Լոս Անճելոս քաղաքին մէջ:
Ինքնութիւն
Վահե ՕշականԵս սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
կարծելով թէ տեղս կայնած
մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն
բայց չեն գիտեր ինչու քաղցը դեռ կը կրծէ
ներսը տեղ մը մթին փոսը յատակ չունի
հուժկու հովը լուռ անդադրում
կը փչէ:
Անքուն գաղտնի
էլեքթրոնիք սեւ աչքն եմ ես
թանգարանին դուռը գոց էր
իր բացումին առաւօտէն
կը դիտեմ
վանտալներու խելառ
գրոհ գիշերին մէջ
թաղի լաճեր ապակիները կը փշրեն
ներսը արդեօք գանձեր կա՞ն թէ պարապ է
ոչինչ երբեք հոն չէ մտած չէ պահուըտած
ես եմ միայն չռած պշնած ու շուարուն՝
հրաշքի մը երեւումին
կը սպասեմ:
Անտես անյայտ
անէութիւն մարդն եմ ես
անպէտ շքեղ մեծղի ռատար
հսկայ փարոս գիտակցութեան
լոյս կու տամ
տիեզերքի հարթավայրը կը շողշողայ
բայց ես ներսը մութին նստեր՝ ի՞նչպէս գիտնամ
ուր է լուցկին զարնեմ կեանքին յանկարծ վառի
կարելի է ես եմ միակ տեսանելին
բառերու մէջ խանձարուրուած միակ ողջը՝
խորհրդաւոր կրաֆիթի
կը գծէ:
Ես լրտեսն եմ
ըլլայ բայի նրբանցքներուն
կը սլքտամ զիս կը փնտռեմ
ո՞վ է ի՞նչ է տեղս անցեր
ու կ’ապրի
կեանքս փախեր ինձմէ ծածուկ վանք մտեր է
ետին թողած անթիւ անդէմ դերանունը
մարդոց մասին իրար ձեռքէ ի՞նչ կը խլեն
յետոյ չկան՝ կարօտներու գիրկը ինկած
մինչ սգաւոր հիւլէները մեծ բակ կու գան՝
ես եմ միայն որ տակաւին կը փնտռեմ:
Անգոյ մարդն եմ
որ չէ եղած ու ալ չ’ըլլար
բանդագուշակը կրկներեւոյթ՝
ամէն ինչի ձեւը առնող
դեւին պէս
ձեր կեանքին մէջ առօք փառօք կը բնակիմ
կը յօշոտեմ ներսէն դուրսէն ձեզ կը պարպեմ
մինչեւ ձեզմէ ուշքի կեղեւ միայն մնայ
ու ներս նայիք բան չգտնէք բացի ինձմէ
ու փոխանցէք մէկզմէկու՝ մինչեւ հասնիմ
անմահութեան դարպասները
ու հատնիմ:
Ոճրագործն եմ
բանտ նետուելիք միա՛կ մարդը
փախստական կը թափառիմ
փողոցներէն ազատ անմեղ
բայց ես եմ
մարդոց ցեղի աննախընթաց պատուհասի
ազդանշան տիւ ու գիշեր թակը լախտը
թաղանթներուն ու կոպերուն՝ ճամբայ բացէ՛ք
ճշմարտութեան թաքսիներով պիտի սուրամ
պիտի անվերջ ձեզ կոխկռտեմ որ արթննաք –
ապրիլ չի կայ առանց մահէն
անցնելու:
Մարդ էակն եմ
վկայ չունիմ նոտար չունիմ
բառէ լաստ մը վրան ելեր
նշան կ’ընեմ բան մը կ’ըսեմ
թէ ինչպէս
ես սա մարմնին վարձակալն եմ ու տանտէրը
զիրար գրկած դանակ դանկի ողջ ողջ թաղուած
վայրկեաններու շաղախին մէջ քար չկտրած՝
գուցէ յոյս կայ կենաքի ծէսը հեղ մը լարել
բանալ սիրոյ գաղտագողի ամբարտակը
ու փորձ ընել մահը չեկած
ապրելու:
Խեղճին մէկն եմ
տաշեղ ցեխոտ՝ սեւ սրինգէն
ժամանակի՝ գետին ինկած
խուլ սուրբերու խօլ շուրջպարէն
կոխոտուած
ունայնամիտ եպերելի մեղծ թերածին
բառատունէն վռնտուած լկտի սիղեխ
փօձագալար մեղք ու յանցանք զիս կը հեղձեն
եղծ շուշփան եմ ժանգոտ սռնակ խորտակ յեսան
նեխ դոժինքի քակոր ժահս աշխարհ բռներ՝
ուրիշ կեղերջ ուրիշ կորուստ
չունիմ ես:
Ես Աստուածն եմ
որ պիտի գայ ստեղծելու
լոյսի շողը խաւարին մէջ
փսփսալու անցաբառը
խեղճ մարդոց
ծուղակ ինկեր՝ ապուշապուշ կը ծիծաղիք
յոյսի յիմար թռուցիկներ բռներ կեցեր
դաշտերու մէջ տգիտութեան տառապանքի
մրրիկներու ցաւի ճիչէն ա՛լ խուլցեր եմ
արդէն կոյր եմ լեզուս շատոնց բռնուած է –
ես աս եմ:
2 Նոյեմբեր 1988
Սան Ֆրանսիսքօ
Պէյրութ-Փարիզ
Ջափ ջափ ջափ ջափ
Քէպապ հոտող ափերը, հարիւր քունէ արթնցած կը ծափեն ու կը ծափեն
Հաստ վիզերու ծխնիներ, գէշ խարկուած դիմագծեր ու ծանր քիթ
Սրահն ամբողջ կը կաթկթի մահամերձի տրոփներով:
Փշրեմ ճզմեմ բռունցքիս մէջ
Հիւանդ դունչերը սա մարդոց
Որ ոչ ապրեցան ոչ ալ մեռնիլ գիտեն
Պէյրութի մէջ ամէն միւնի ու անկիւնի շուները կարգով միզեր են
Ու սակարկեր մէն մի փշրանք լումայափոխ աներձագի աշկերտին հետ
Պէյրութի մէջ պարարտ ծիծեր կը կախուին իտէալներու կուրծքերէն
Ու կը կաթին բռնաբարուած լռութիւններու բերաններուն
Պէյրութի մէջ պատանիներ կաղանդ պապան կը կապկեն կէսօրուայ մօտ
Դիակներու բերանները կռուի երգով խցեր են որ չնեխին
Քահանային միակ տղան իր հօր կաշի սեւ գօտիով առաստաղէն կը կախուի
Ու մարդակեր վարժապետներ իրենց մորթով
Պատանքի առուտուր կը սարքեն
Ջափ ջափ ջափ
Փարիզի մէջ
Պզտիկ կայծեր մոխիրին տակ կը ցատկրտեն ու կը մարին
Յոյսը տակաւին չծնած
Թանգարանի մուտքի դրան երիտասարդներ կուկուզ ըրած
Կը մուրան օրն ի բուն
Քնաշրջիկ ճամբորդներէ որոնք պատերու մէջ կը հալին
Փարիզի մէջ տարիներ դգալ դգալ կը մտցուին կոկորդն ի վար
Խանձարուրներ դեռ կը կառչին քառսուն հասած մարդոց Մարմնին
Ալ մանչուկ չես դուրս ելիր ծօ
Քերխանաճի
Քու անցեալի որովայնի ջերմանոցէն
Փարիզի մէջ
Ծեր կիներ ֆէտայիներ կը շուլլեն սրճարանի անկիւններուն
Մինչ պատանին ֆրանսուհին կը շոյէ, թուքը կամաց մը կը կլլէ
Աս ինչ ազգ է Աստուած իմ, իր լորձունքով արբեցած, ինքն իր կեանքով գիջացող
Սիրտը դրած միջազգային աճուրդի
Լալկան ու լալկան
Հին մէզ հոտող վերմակին տակ
Կծկուած որբանոցի տնտեսուհին
Կարօտնալով ու կարծելով Հայրենիքը սիրել,
Պէյրութ Փարիզ ճամբան չանցնիր Հայաստանէն
Հայաստանի նեխած ու թաց կարօտէն
Այլ կը կտրէ մեծ պողոտան պայքարներու աշխարհին
Չոր աչքերով ու ջիղերով
Չար անհամբեր ու ջղային մարդկութեան:
Ջափ ջափ ջափ
Գոց Վայրերու ինչ բնազդով սա մարդիկը ակումբներու ու Ժամերու պատերու մէջ
Հնութիւննին կը պարտկեն,
Կը թութակեն իրար զիրար
Սայլերով դար դրան քովը պարպուելու կը սպասէ
Ներսը իրենք ճակատագրի ժամացոյցը, կոտրած մաշած կը լարեն ու կը լարեն
Սպասելով հրաշքին զոր խոստացան երկակենցաղ ճառախօսներ
Պէյրութի մէջ երեխաներ ստամոքսէն կը ծնին
Ու աղջիկներ մինչեւ գօտին կը մեծնան
Կուրծքին հասած կը ծանրանան
Ու կը կախուին դէպի քղանցք
Տղամարդիկ աղիքներու փաթթուած դէպի իտէալ կը շուլլուին
Ու հերոսի ափին մէջէն քանի մը ղրուշ կը թռցնեն
Որ արտօնուին լկտի պատմութիւն պատմելու:
Հոն սալոնը կենդանի պատկեր վերածուած թաց շրթունքներ
Հայկ Նահապետ դպրոցական պայուսակին մէջ մոռցուած:
ՎԱՀԷ ՕՇԱԿԱՆ