Վահրամ Մավեան (1926 – 1983), սփիւռքահայ բանաստեղծ եւ արձակագիր։

Ծնած է Երուսաղէմ։ Հայրը` Յակոբ քհնյ. Մավեան (1884-1941), բնիկ զէյթունցի, տարագրութեան երկար ճամբաները կտրելէ ետք, 1922-ին հաստատուած է Երուսաղէմ:

Նախակրթութիւնը ստացած է Երուսաղէմի հայկական վարժարանին մէջ։ Երկրորդական ուսումը, նոյն քաղաքը, ստացած է անգլիական վարժարանէ, իսկ բարձրագոյնը՝ Անգլիա, Պելֆասթի համալսարանէն (գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան ճիւղեր)։

Վահրամ դեռ քանի մը ամսու երեխայ, ընտանեօք փոխադրուած են Հայֆա։ Այստեղ մնալով եօթը տարի, յաճախած է տեղւոյն ազգային մանկապարտէզը:

1934-ին Վահրամ վերադարձած է Երուսաղէմ, ուր աշակերտած է Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանին, մինչ իր հայրը չորս տարի հովիւ կը նշանակուի Ամմանի հայոց: Նախակրթարանը աւարտելէ ետք, ան իր երկրորդական ուսումը ստացած է քաղաքին անգլիական «Պիշըփ Կոպաթ» քոլեճին մէջ (1940-1944):

1948-ին, Պաղեստինի արաբ-հրեայ բախումներու թէժ օրերու նախօրէին, անցած է Կիպրոս, ուր նշանակուած է ուսուցիչ՝ Նիկոսիոյ Ազգային Մելիքեան վարժարանին: Երկու տարի ետք հրաւիրուած է պաշտօնավարելու նոյն քաղաքի ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ՝ 1950-58, դասաւանդելով հայերէն, երկրաչափութիւն:

Թոքախտի պատճառով Մավեան ստիպողաբար անցած է Լիբանան՝ 1954-ին, եւ շուրջ տարի մը մնայուն դարմանումի ենթարկուած է Ազունիէի ազգ. բուժարանը (լեռնային շրջան, յատուկ թոքախտանոց):

1958-ին, ժամանակաւորապէս, Կիպրոսէն մեկնած է Պելֆասթ (Հիւսիսային Իրլանտա)։ Երեք տարի հետեւելէ ետք անգլիական գրականութեան, հոգեբանութեան եւ իմաստասիրութեան դասընթացքներուն` աւարտած է «Քուինզ եունիվըրսիթի»ն, 1961-ին:

Վերադառնալով Կիպրոս, երկու տարի եւս ուսուցչագործած է Մելգոնեանի մէջ (1961-63):

1962-էն սկսեալ ան կանոնաւոր կերպով աշխատակցած է Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին։

1960–ական տարիներէն հաստատուած է Լիզպոն, Փորթուկալ, Կիւլպէնկեան կեդրոնի հայկական բաժինին մէջ վարելու պատասխանատու պաշտօն։

Գրած է կանուխէն։ Մավեանի հրատարակած անդրանիկ հատորը քերթողագիրք մըն է՝ «Յամեցող վերադարձ» (քերթուածներ, 1956)։ Մինչ կը պաշտօնավարէր Լիզպոնի մէջ, ան հրատարակած է երեք հատորներ: Երեքն ալ տպուած են Երուսաղէմ՝ «Հայու Բեկորներ» (1967), «Անկապ Օրագիր» (1968), «Ամէն Տեղ Հայ Կայ» (1977)։

Մահացած է Լիզպոն։

 

Անառակը

► Տարիներ վերջ, երբ առաջին անգամ իջայ Լոնտոնի օդակայանը, զարմանքս մեծ եղաւ` նկատելով, որ պայուսակս փոխադրող բեռնակիրը… անգլիացի էր: Անգլիացի բեռնակի՞ր…: Գաղափարն իսկ անըմբռնելի էր մեզի, նախկին «գաղթայիններուս» համար: Մասնաւոր հպարտութիւնով մըն էր ուրեմն, որ պզտիկ նուէր մը սահեցուցի անոր ափին մէջ: Ասիկա զգալը դժուար է անոնց համար, որոնք չեն ապրած գաղութներու մէջ, ուր անգլիացին իշխող, տիրող տարրն է միշտ` տնօրէն, կուսակալ, սպայ, դատաւոր, այլ խօսքով` երկրին ընտրանին: Միւսնե՞րը. անոնք կը մնան միշտ ալ «բնիկներ» որպէս, ու չնայած իրենց զարգացումին ու դաստիարակութեան` կը դիտուին վերէն, լուռ ու ծածուկ արհամարհանքով մը յաճախ:

Ահա թէ ինչու, տարիներու կուտակուած դառնութեան մը, վիրաւորուած արժանապատուութեան մը վրէժն էր, որ կը լուծէի կարծես` անգլիացի բեռնակիրին ափին մէջ այդ քանի մը շիլինը սահեցնելով:

Զարմանալի չէր տակաւին, որ տարիներով անգլիական գաղութներու մէջ որպէս բնիկ ապրած մէկը, երբ կու գար Անգլիա, գոնէ սկզբնական շրջանին, միասին կը պտտեցնէր ստորակայութեան զգացում մը, որ կարծել կու տար իրեն` թէ ինչ որ ինք կ’ընէր սխալ էր անպայման ու թերի: Ճիշդ հակառակն էր սակայն, որ կը պատահէր, երբ անգլիացի մը կ’ելլէր իր երկրէն դուրս, միշտ իր ըրածն էր, որ կը նկատուէր ճիշդ, որքան ալ ծիծաղելի ըլլար ատիկա, ու միւսները բոլոր` սխալ:

Գէորգներուն աչքին անգլիացին մեծ էր ուրեմն, ինչպէս նաեւ ազնուական ու նախանձելի` այս բոլորին համար, այս բոլորին լոյսով, եւ ոչ թէ այն արժանիքներուն համար, որոնք իսկապէս մեծ կ’ընէին զինք: Ո՞վ պիտի չուզէր հետեւաբար մտնել երանելիներու այս խումբէն ներս, ու փոխանակ բնիկ նկատուելու, մաս կազմել միւսներուն` տիրապետող երջանիկներու խումբին:

Գէորգ ինքզինք անգլիացի կը նկատէր, կ’ուզէր նկատուիլ, առանց անդրադառնալու սակայն, որ իսկական անգլիացի ըլլալու, բայց մանաւանդ այդպէս ընդունուելու համար անհրաժեշտ պայմանը արիւնն էր միայն: Ո’չ ֆիզիքական գիծերուն նմանութիւնը, ո’չ անգլիական առոգանութիւնը, ո’չ դաստիարակութիւնը եւ ո’չ ալ անգլիական անցագիրը բաւական էին, որ օտար մը իրենցմէ նկատուէր:

 

► -Արեւելքի մէջ իրարու միս կ’ուտենք այնքան անկարեւոր հարցերու համար: Որքան անկարեւոր ու անիմաստ կ’երեւին այդ վէճերը, երբ կը դիտես այս հեռաւորութենէն, այս պայմաններու մէջէն, երբ կը տեսնես թէ շատ աւելի կենսական խնդիրներու դիմաց կը գտնուինք որպէս հաւաքականութիւն, մեր գոյութեան հարցականին առջեւ, ինչպէս ըսած է, չեմ գիտեր ով: Հաւաքական մեր մտահոգութեան առարկայ կ’ընե՞նք երբեք Աւոներու աագան, ի՞նչ պիտի ըլլան անոնք որպէս հայ ասկէ տասը, քսան, երեսուն տարի վերջ, մտածա՞ծ ես երբեք: Տուն պէտք է վերադառնանք, տո’ւն, ուրիշ ճար չկայ: Եթէ փոր մը հացն է ամբողջ կեանքի մը նպատակը, ես խե’րն եմ անիծեր այդ կեանքին: Մերը շունի կեանք է պարզապէս այս օտարութեան մէջ: Անցեալը այնքան քաղցրացած է հիմա, չես կրնար երեւակայել:

Վահրամ Մավեան «Հայու բեկորներ»