Վազգէն Շուշանեան– (1903 – 1941), ֆրանսահայ գրող, բանաստեղծ, հասարակական գործիչ։

Ծնած է Արեւելեան Թրակիոյ՝ եւրոպական Թուրքիոյ երբեմնի հայահոծ Ռոտոսթօ քաղաքին մէջ։ 1915-ի Եղեռնին կը կորսնցնէ ընտանիքին բոլոր անդամները ու կը մնայ որբ։ Կ’ապաստանի Հալէպ, իսկ 1919-ին, զինադադարէն ետք, կ’անցնի Պոլիս եւ կը յաճախէ Արմաշի երկրագործական վարժարանը։ 1920-ին, երբ վարժարանը կը փոխադրուի Հայաստան, ինք եւս կը մեկնի հայրենիք։ Երեւան ու շրջանները որոշ ժամանակ ապրելէ ետք, դէպքերու վերիվայրումին հետ կ’անցնի Թիֆլիս, Պաթում ու աւելի հեռու։

Հանրապետութեան անկումէն ետք կը վերադառնայ Պոլիս, ուրկէ 1922-ին կ’անցնի Ֆրանսա, իբրեւ հասարակ բանուոր աշխատելու համար Ռընոյի եւ ապա Մոնրուժի գործարաններուն մէջ։ Կ’աւարտէ Մարսէյլի երկրագործական վարժարանը (1926), ապա գործի բերումով կայք կը հաստատէ Ֆրանսայի զանազան շրջաններուն, յատկապէս Փարիզի եւ Մարսէյլի մէջ։

Կը վկայուի Մարսէյլի համալսարանէն, բայց կանգ չ’առներ ուսումնառութեան ճամբու կէսին: Բարձրագոյն ուսման կը հետեւի Փարիզի համալսարանին մէջ, ուրկէ 1930-ին կը վկայուի հասարակական գիտութեանց մէջ:

Շուշանեան եւ Շահան Շահնուր կը մնան Փարիզի տղոց ամէնէն աչքառու ու ամէնէն իրաւ մտաւորականները միանգամայն: Անոնց գծած ճանապարհը սփիւռքեան գրականութեան նոր արահետ մը կը բանայ:

Գրած ու հրատարակած է պատանի տարիքէն, նախ՝ բանաստեղծութիւններ, ապա՝ գրեթէ միայն արձակ։ 1925-ին լոյս տեսած է իր առաջին վէպը, որուն յաջորդած են, մեծ մասամբ մամուլի մէջ ու երբեմն միայն առանձին հատորով, ուրիշ արձակ գործեր՝ վէպ ու վիպակ, քնարական-ինքնակենսագրական կամ խորհրդածական-տպաւորապաշտ էջեր, որոնք յաճախ գեղարուեստական-գաղափարական անվիճելի գեղեցկութիւն ու թափ ունին։

1931-ին ՄԵՆՔ գրական հանդէսի խմբագրութեան կ՛աշխատակցի ֆրանսահայ գրողներ Նիկողոս Սարաֆեանի, Բիւզանդ Թօփալեանի, Զարեհ Որբունիի եւ Շաւարշ Նարդունիի հետ: Խմբագրած է նաեւ ՄԱՐՏԿՈՑ հանդէսը:

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վերջին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանի Խմբագրած ԴՐՕՇԱԿ, ՀՅԴ կուսակցութեան օրկանի խմբագրական կազմին մէջ ալ եղած է:

Շուշանեան դարձած է առաջին սփիռքահայերէն, որ զոհ գացած է խորհրդային իշխանութեանց շղթայազերծած հակադաշնակցական պայքարին, «Մարտկոցական» շարժումի օրերուն (1932-1933)։ Կեանքին վերջին տարիներուն, լրիւ քաշուած է ազգային-հասարակական գործունէութենէ: Ուսուցչական պաշտօն ստանձնած է Ֆրանսայի կորսուած մէկ շրջանին մէջ, ապրելով ծայր աստիճան թշուառ պայմաններու տակ, բայց շարունակած է ստեղծագործել:

Թոքատապի անակնկալ սաստկացումը, 2 Յունիս 1941-ին, մահացու կ’ըլլայ Վազգէն Շուշանեանի համար:  Թէեւ շատ շուտ հեռացաւ այս աշխարհէն՝ ընդամէնը 38 տարիներ ապրած, ան ալ թշուառութեան մէջ, սակայն բաւական մեծ գրական ժառանգ ձգած է. գիրքեր, որոնք պատանիներն ու երիտասարդները մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդան մինչեւ այսօր: Յիշենք իր գիրքերէն Փունջ մը. «Երկիր Յիշատակց», «Սիրոյ եւ Արկածի Տղաքը», «Ամրան Գիշերներ», «Ճերմակ Վարսենիկ», «Մթին պատմութիւն», «Գարնանային Սիրոյ Հեզ Նամակներ», «Բանաստեղծն ու Կինը», «Ներքին Դաշտանկար» եւ այլն: