Վեհանոյշ Թեքեան – Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 1948-ին, Սարգիս եւ Մարի Թեքեաններու յարկին տակ:

Հայ Աւետարանական Գոլէճէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք յաճախած է Հայկազեան համալսարան . ապա յաճախած՝ Պէյրութի ամերիկեան

համալսարանը ուր մասնագիտացած է փիլիսոփայութեան եւ անգլիական- Ամերիկեան գրականութեան մէջ:

Թեքեան գրելու սկսած է կանուխ տարիքէն. իր բանաստեղծութիւնները սկսած են հրատարակուիլ երբ  դեռ տասնչորս տարեկան էր:

Սփիւռքի խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեան առաջին օրէն գնահատեց իր տաղանդը եւ լայն տեղ տուաւ Թեքեանի, ինչպէս նաեւ այլ երիտասարդ գրողներու ստեղծագործութեան։

Վեհանոյշ Թեքեան կը հաւատայ իր աստուածատուր տաղանդին։ Իր յաջողութիւնը կը պարտի նախ՝ իր սքանչելի մօր անհատնում գուրգուրանքին եւ սիրոյն հայ գրականութեան հանդէպ։ Ապա՝ Սիմոնեանի անգնահատելի խրախուսանքին մէկուկէս տասնամեակ։

Իր առաջին գիրքին նախաբանը գրած է Գուրգէն Մահարի: «Կապոյտ Ապրիլ»ը լոյս տեսած է 1969-ին, եւ բարձրօրէն գնահատուած՝ Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ։

«Ոստրէ»ն հրատարակելէ ետք այցելած է Հայաստան։

Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Վահագն Դաւթեանի խմբագրութեամբ իր բանաստեղծութիւններէն հատընտիր մը կը յանձնուի հրատարակչուտուն, բայց Խորհրդային իշխանութիւններու գրաքննութեան ճնշումներուն տակ կ՛արգիլուի տպուած հատորը տպարանէն դուրս հանել,  այնտեղ նկատուած ազատ հայրենիքի եւ հայրենիքի մէջ ազատ հայութեան տեսլականին պատճառով: Առ այդ, իր անունը կը զետեղուի Հայաստանի Սեւ Ցուցակին վրայ մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը:

Վեհանոյշ Թեքեան 1978էն ի վեր հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ: Ամուսնացած է եւ ամուսնալուծուած։ Ունի երկու զաւակներ՝ Հայկ եւ Նայիրի։

Աշխատակցած է Սփիւռքի եւ Հայաստանի բազմաթիւ թերթերու։

1995ին, Մ. Աբեղեանի Անուան Գրականութեան հիմնարկին մէջ պաշտպանած է դոկտորական աւարտաճառը:

1992-էն ի վեր անդամ է Հայաստանի Գրողների Միութեան:

2005-էն 2018 Թեքեան պաշտօնավարած է Գոլոմպիա համալսարանի գրադարանին մէջ։ Ան պատասխանատուն եղած է հայերէնով գրուած գիրքերու, ինչպէս նաեւ հայկական նիւթեր արծարծող անգլերէնով լոյս տեսած գիրքերու։

Իր երկու մեծ երազները կատարուած են, երբ 2006-ին այցելած է Տէր-Զօր, իսկ 2012-ին՝  Արեւմտահայաստան, մինչեւ իսկ իր նախահայրերուն բնակարանը Թալասի մէջ։

Գրական մրցանակներու կողքին, Թեքեան 2012-ին Հայաստանի մէջ պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացիի անուան շքանշանով։ Իսկ 2018-ի Նոյեմբերին, Լոս Անճելըսի եւ Սան ֆրանսիսքոյի, ինչպէս նաեւ Մոթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ կատարուած են իր յիսնամեայ վաստակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկներ։

Այս առիթով, Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը զինք պարգեւատրած է Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:

Հրատարակուած հատորներ.

ԿԱՊՈՅՏ  ԱՊՐԻԼ, 1969  —
Բանաստեղծութիւն

ՈՍՏՐԷ, 1974  —
Բանաստեղծութիւն

ՃԵՂՔՈՒԱԾ  ՄԱՆՐԱՆԿԱՐ, 1977 (երկու անգամ հրատարակուած) – Պատմուածքներ Լիբանանի պատերազմի առնչութեամբ

ԿԻԶԱԿԷՏ, 1978 (երկու անգամ հրատարակուած)  —
Բանաստեղծութիւն

ՆՇԱՆԱԳԻՐ, 1987 –
Բանաստեղծութիւն եւ արձակ

ԲԱԶՄԱԾՈՒՓ  ԱՇԽԱՐՀ, 1993  —
Բանաստեղծութիւն

ՏՈՀՄԱԾԱՌ, 1997 –
Պաատմուածքներ

ՍՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՆԴՈՒՆԴ, 2000  —
Բանաստեղծութիւն

ՀՐԱԳԻՐ, 2000  —
Բանաստեղծութեան հատընտիր, Երեւան

–  ԽՈՍՈՂ ԼԵՐԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ, 2015 –
Գրավերլուծում եւ խոհագրութիւն

–  ԱՂՕԹՔՆԵՐ  ՈՒՌԿԱՆԻ  ՄԷՋ, 2015  —
Բանաստեղծութիւն

ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՐ,  2016 –
Բանաստեղծութիւն

ՍՓԻՒՌՔԱՊԱՏՈՒՄ, 2017 –
Արձակ

ԿԻՆ՝ ԱՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՏԵԱՆ, 2022  —
Արձակ եւ բանաստեղծութիւն

Կրինուուտի Ամերիկեան Բազմազգ Գրականութեան Հանրագիտարան-ին մէջ զետեղուած է Թեքեանի հակիրճ կենսագրութիւնը. կ’ըսուի՝ « Վեհանոյշ Թեքեան կը պայքարի յաղթահարելու համար ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի հոգեբանութիւնը: Իր մեծ հօր տխուր պատմութիւնները ունկնդրելով հանդերձ՝ ան կաղնիի պէս բարձր կը կանգնի:  Իր պարագային,

հայ ժողովուրդի անցեալին գիտակցութիւնը վերափոխուած է եւ դրսեւորուած  է որպէս կամք, որպէս ազգային նպատակները նուաճելու եւ անոնց համար պայքարելու աննկունութիւն:»

Քառասուներեք տարիներէ ի վեր  Վեհանոյշ Թեքեան կ՚ապրի Միացեալ Նահանգներ։  Իր գրիչով թէ՛ կ՚արարէ եւ թէ՛ կը պայքարի հայութեան ի խնդիր։