ԱՅՍ  ԳԻՇԵՐ  ՀԱՐՑՆԵՄ  ՔԵԶԻ

*****************************

 

 

Այս գիշեր սորվեցուր ինծի

Ինչպէ՞ս կարելի է լսել առանց յուզուելու

Կարդալ առանց մոռնալու

Ինչպէ՞ս կարելի է չկարօտնալ կարօտը

Ինչպէ՞ս քալեցնել օրը առանց սայթաքելու

Վատ ախտաճանաչում ստանալ առանց ցնցուելու

Ինչպէ՞ս կարելի է հետդ տանիլ արուեստի գործի մը

քեզ պարուրած լոյսը

Խորհրդաւորին ստուերը, ապրելու բազմահմայ հրճուանքը

Վերագտնել մանկութեան ջրհորին մէջ երեւացող դէմքդ

Գիտնալ թէ ո՛ւր գացեր է թաղին անկիւնի ձմերուկի խանութը

Կարելի՞ է տեղափոխել ծննդավայրի յասմիկի թուփերուն բոյրը

Կարելի՞ է լուրերը ունկնդրել առանց ջղայնանալու

Անդենականին մէջ ի՞նչ կ՚ընեն սպաննուածները

եթէ կոտտայ վէրքը

Ե՞րբ պիտի հասկնան մարդակուլ ղեկավարներ

Թէ պատերազմներ չե՛ն վերջացներ պատերազմները

Ահա ինկեր են լուսասիւները կէս դարէ ի վեր

Անհետացած են գնդակը   տետրակը   տոպրակը

 

 

Ինչպէ՛ս բացատրել որ ճառագայթները ժպիտներ են

Ժպիտները միշտ ժպտուն չեն  երբեմն պարտկուած

տխրութիւն են

Տխրութիւնը բարակ դերձան մըն է որ կը փրթի

երբ լռութիւն տիրէ

Աղմուկի ալիքները կրնան քարանալ լռութիւն դառնալ

Որքա՜ն բարիք է գիտութեան ոյժը, արարման շունչը

Սիրոյ տրուած փունջ մը շունչը

Կարմրաշառայլ պահուն մարմրող մոմը

Հաւատքի ցուպը եւ յոյսի բոցը եւ սիրոյ ցոլքը

Հրեշտակներու մեղեդին

Մինչեւ մօտենայ

Սատանային քրքիջը

 

 

Ինչպէ՛ս հեռացնել զուգահեռները

Մահամերձին հոգոցն ու նորածինին ճչոցը

Գունաւոր քամոցը գնչու գիշերներու

Տեսիլքի ցնցուղը եւ խաբկանքի ցնցումը

Գծուծ բարձին տակ ծուարած օձը

Սոսնձացած ծէսը    համբերութեան կէսը

Ցաքուցրիւ ժամերն ու անոնց ցախաւելը

Դէպքերու անէծքը    տօներու ցնծութիւնը

Բարիք աճեցնող ցնցուղ ու ծնունդի ծնծղայ

Բարեկամութեան գանձ եւ թշնամանքի մաղձ

Յաղթանակի ձանձրոյթն ու ձախողութեան քմծիծաղ

 

 

Իսկ ո՞ւր կը տանի տարիներու սանձը,

Կցկտուր փսփսուք    յետոյ սուգի կաղկանձ

Ցամքած հոգիներու մէջ ցանուած հունտերու

Ամլութիւն կամաց-կամաց

Ճնշիչ է տարափը այսքան հարցումներու

Հասցուր զիս    տա՜ր այլեւս զիս

Խաղաղութեան քարափը

 

 

Ամրան տափին գերդաստանը հաւաքուեր է դաշտը գիւղին

Պզտիկ դեղին ծաղիկներով օծուն

Բայց ամէն տեղ դեղին ծաղիկ կը յայտնուէր

Միմոզաներ    շուշաններ    դդումներու ծաղիկներ

Ձմերուկը սառ աղբիւրին տակ դեռ կաս-կարմիր կը մնայ

Հնազանդ շամփուրները    կրակին քմայքը

Պզտիկները՝ վազվզուկ

Տղամարդիկ՝ խոռովածի ու տամայի առջեւ

Կիները՝ աղմուկ    մինչեւ կէսօր ճաշը հազիւ պատրաստ կ՚ըլլայ

Ընտանեկան մէկտեղումի հաճոյքը     ոմանց հմայքը

Զսպուած վէճեր     կեղծիքի մացառ

Ամէնքը մէկ՝ մումպար կը շինեն   ղըյման սըխը-սըխը

պիտի թխմեն

Պահարաթը քիչ է եղեր   կ՚աւելցնեն

(Իսկ հիմա պահարաթը եթէ քիչ չէ՝ քիմքդ կ՚այրէ )

Մումպարը ե՛րբ այսքան անհամ եղեր է

«Գացի Յոյնին խանութէն գնեցի ամմա

Ամերիկայի՛ մումպար է»

Մեր երկիրը կը պնդէին թէ

Քելլէ փաչան եօթը անգամ եռալու է

Ոչխարին լեզուն շերտէ՛ սարմային տակ դիր

բրինձը վարդագոյն կ՚ըլլայ

Մութապպալին մածուն խառնէ գոյնը աղուո՜ր բաց կ՚ըլլայ

 

 

Յետոյ կուգաս սուրճ կը խմես    ալպոմները կը բանաս

Կը յիշե՞ս մը    ասոնք փըրը-փըրթը հաւաքեցին

մինչեւ Գանատաները գաղթեցին

Աս ալ՝ քոյրը հոն է տէյի Արժանթին վազեց

Վախ եմ ըսեր    սա փաշայի պէս երիտասարդը մեռաւ գնաց

Քովինն ալ գացեր է    խանութը գնաց   ինքն ալ ետեւէն գնաց

Սա ծայրինն ալ քա՛ հե՜չ չէր խօսէր    ան ալ գացած է

Փաթիշահի պէս տէտէն՝ եօթը տարի առաջ հոգին աւանդեց

Հարիւրը անց էր    տառապա՜ծ ալ էր    Եղեռն տեսած մարդ էր

ճիները լաւ էին զաար

Գերդաստան շինեց նահապետ դարձաւ

Մէյ մը կ՚ըսես՝ հոն վերը իրարու հետ են

Մէյ մը կ՚ըսես՝ հոգի դարձեր են   մինչեւ քառասունք

հոս-հոն կը թռին

Ամէն մէկը իր պահապան հրեշտակը ունէր    անոր հետ գնաց

Կռունկը բերաւ     հրեշտակը տարաւ

Մնացողներուն լացուց     մինչեւ որ վարժուեցան

Է՜հ գացին անոնք     ինչ եղաւ նէ՝ մնացողներո՛ւն եղաւ

 

 

Այս գիշեր սորվեցուր ինծի յիշելու սփոփանքը

Վերյիշելու ափսոսանքը

Ծերանալուն վերջը

 

 

Հայրս մայրս ժայռին նստած՝ ես մէկուկէս տարեկան

Զիս մէջտեղնին այնպէս գրկած՝ թոմպուլ-թոնթոշ կը ժպտիմ

Հինգ տարեկան էի     ծովափին բերդ մը շիներ էի

Բերդին մէջ խճաքար լեցուցեր էի

Պատերը կանգուն էին երբ հեռացայ

Եօթ տասնամեակ ետք վերադարձայ նոյն կէտին

Տեսայ որ աւա՜զ դարձեր են

Բերդին պատերը փլեր են

Դրօշակն ալ ինկեր է

Աւազէ զինուորները որքա՛ն պիտի դիմանան

Հարկաւ պիտի գետին փռուին

Բայց քարը իիինչպէ՞ս աւազ դարձաւ

Այսքան անգո՞ւթ է ժամանակը

Ժամանակը աչքերը բաց կը քալէ բայց բան չի յիշեր

 

 

Երեք տարեկան տոտիկներս

Լճակին մէջ պըտըր-պըտըր պարեր էին

Հիմա աւազը կը պարուրէ մարմինս

Սեւ խոռոչին հասցնելու

Կապոյտ անջրպետի էն վերջին բարձունքին

Հո՛ն կ՚ապրի Աստուած

Աղօթքներս երբեմն լսեց     երբեմն չլսեց

Աստուծոյ գործերուն խելքերնիս չի հասնիր    ըսինք ապրեցանք

Ադամանդ ու շափիւղայ չկայ

Բայց յաւիտենութի՛ւն կայ

Հայրս մայրս զիս մէջտեղնին պիտի առնեն

 

 

Վեհանոյշ Թեքեան

Մարտ, 2023