Վիգէն Յովսէփեան – Գրող, հրապարակախօս, հասարակական գործիչ։
Ծնած է Պէյրութ (Լիբանան): Երկարամեայ գործիչ եւ համայնքի ղեկավար։ Մասնագիտացած է քաղաքագիտութեան ճիւղի մէջ ու արժանացած Պսակաւոր Արուեստից կոչումին՝ Uոiversity of California համալսարանէն: Մագիստրոսական եւ ապա դոկտորական կոչումները ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դպրոցէն (USC): Վիգէն Յովսէփեանի մասնագիտացումը եւ դոկտորական ատենախօսութիւնը կապուած են ԱՄՆ-ի արտաքին յարաբերութիւններու հետ, յատկապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի հետ առնչութիւններուն։
Դոկտոր Յովսէփեանը հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու մէջ քանի մը պաշտօն վարած է։ Եղած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան ԱՄՆ Կեդրոնական կոմիտէի նախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի՝ կազմակերպութեան բարձրագոյն գործադիր մարմնի անդամ։
Վիգէն Յովսէփեանը 2015 թուականին Արցախի նախագահի կողմէ պարգեւատրուած է «Մխիթար Գոշ» մետալով՝ ժողովուրդին եւ Արցախի Հանրապետութեան մատուցած բազում ծառայութիւններու համար։
2019 թուականին ան գլխաւոր հիմնադիրը եղած է Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ գործող Համահայկական խորհուրդին, որ կը միաւորէ (մինչ օրս) 28 խոշոր համայնքային կազմակերպութիւններ՝ փորձելով խթանել երկխօսութիւնը եւ համակարգել համայնքի հասարակական կազմակերպութիւններու գործողութիւնները: Դոկտոր Յովսէփեանը միաժամանակ եղած է այս կառոյցի առաջին նախագահը։
Որպէս կեանքի ասպարէզ, դոկտոր Վիգէն Յովսէփեանը կը ծառայէ որպէս Քալիֆորնիոյ «Կոլտըն Սթէյթ» դրամատան Խորհրդատուական խորհուրդի անդամ:
Յովսէփեանը բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ է, որոնք տպագրուած են մասնագիտական պարբերականներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հայաստանեան մամուլի մէջ։ Վերջերս ան հրատարակած է արեւմտահայերէնով իր առաջին բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Աստղերու հաւատքով» խորագրով։
Այստեղ երազանքներս մարմին կ՚առնեն,
մինչ ուրիշներունը կը ճզմուին, կ՚անհետանան,
հոս ոչինչ կայ անցեալէս, բայց շատ բան կայ ներկայէն,
այս Նիւ Եորքն է՝ անյոյս ծոյլերու սպանդարանը,
ուր մարդիկ ծակ-ծակ եղած՝ կը յարատեւեն,
ոմանք ալ ծակ-ծակ պիտի ըլլան եւ անհետանան,
հոս, ամէն կողմ, խենթեր կան հրաշքներ ծնող,
վայրն է ուր ես այսօր կը ծնիմ անգամ մը եւս,
ուր ծնած եմ գուցէ տասը-քսան անգամներ,
եւ ուր միլիոնաւոր պլպլացող լոյսերուն խորքը,
աչքեր կը գտնեմ զիս հեռուէն հալածող.
հոս, գիշերային ակումբներու իւղոտ սեղաններուն շուրջ,
անիմաստ սէրեր կան պահ մը ծլող,
բայց նաեւ ակնթարթի մը մէջ մեռնող-գացող,
պէտքարաններու գետինը՝ մէզի լիճեր ծփծփացող,
մութ գռիհներու այս եւ միւս անկիւնին մէջ,
սահուն ու փայլուն մորթերու վրայ՝
սահնակով սահող լկտիութիւններ քսքրտուող։
Այստեղ ամէն խեղճուկ իր աշխարհը ունի,
աշխարհ մը՝ ուր ինք թագաւոր է եւ արքայ,
ուր միլիոն մը իրենք-իրենց հետ խօսող մարդուկներ կան,
որոնք ծակ-ծակ եղած կը յարատեւեն,
իսկ ոմանք ալ ծակ-ծակ եղած կ՚անհետանան,
այստեղ, Սենթրըլ Փարքի ծառերուն տակը ճեմող
գիրուկ աղաւնիներ են կուտի մասին երազող,
մինչ Ատիսին նմանող թաքսիի հնդիկ վառորդը
քիթը փորելով վաթսուն անգամ կը յօրանջէ.
այս փառայեղ ու փտտող Նիւ Եորք Սիթին է,
ուր մարդիկ հեւքոտ քայլերով եւ արագընթաց,
իրենց սիրտերու հեւքին հետ քայլ պահելով,
կ՚աճապարեն հասնելու համար չես գիտեր ու՞ր՝
գուցէ խօսելու համար
Սէյնթ Փաթրիքի մէջը թաղուած սուրբերուն հետ,
կամ ալ աղօթելու համար
ռուս լպիրշ պարուհիներուն հետ։
Լոյսերու այս հրաշալի, ծաւալուն ծովին մէջ,
խախամին կնկան մեղմ ժպիտովը խանդավառ,
ես կը բարեւեմ այս սեւամորթին՝ վախէս ժպտալով,
որուն ուր է ուր չէ, ոստիկան մը ծակ-ծակ պիտի ընէ,
ու անյայտ բոսի մը մէջ պիտի նետէ,
Նիւ Եորքը՝ ուր իբր թէ ամէն բան փայլուն է,
ըստ Սինաթրային՝ հոս ամէն բան կարելի է,
թող այդ պուլշիթը երթայ՝
կծկուած եւ անօթի անտունին համոզէ։
Այս Նիւ Եորքն է՝ հարուստ պոռնիկներու դղեակը,
ուր յոգնած սիրտս հանգիստ անկիւն մը կը փնտռէ,
մինչ ձեռքիս սուրճի գաւաթ մը, եւ ես արդէն ապուշցած՝
յիսուն հարկանի շէնքը Մասիսը կը կարծեմ,
Հատսըն գետը Արաքսը կը կարծեմ, ու կը յուզուիմ,
կը լողամ, կը սողամ, աւելի կը շփոթիմ,
փնտռելով երազներու օրրան մը ուր տեղաւորուիմ.
այս, իմ կախարդական Նիւ Եորքն է՝
քաշողական եւ սակայն նոյնքան վանողական,
ես անոր տէրն եմ, ու նաեւ իր ծառան,
վայրն է ուր չեմ գիտեր ինչպէ ՞ս եւ ու ՞րկէ,
անհանգիստ հոգիս՝ իր սուտ անդորրը կը գտնէ։