Ուիլիըմ Սարոյեան (Արամ Գարաօղլանեան) (1908 – 1981), ամերիկահայ գրող, թատերագիր, վիպագիր եւ բանաստեղծ։

Սարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ (Քալիֆորնիա, ԱՄՆ), որպէս զաւակը Պիթլիսէն գաղթած հայ ընտանիքի մը։ Գրողի ձեւաւորման մէջ մեծ դեր խաղացած է ինքնակրթութիւնը, ամերիկեան ու համաշխարհային գրականութեան ընթերցումը։

Սարոյեան կանոնաւոր կրթութիւն չէ ստացած: «Եօթը տարեկանին սկսայ լրագիրներ վաճառել մայթերուն ու խաչմերուկներուն վրայ: Երրորդ դասարանն էի, երբ առաջին անգամ շահեցայ դպրոցի ամենաչար տղու համբաւը, ու զիս յաճախ անկիւն մը կը կանգնեցնէին, կը հայհոյէին, մազերս ու ականջներս կը քաշէինեւ, ի վերջոյ, վռնտեցին դպրոցէն…»։

1922-ին, երբ մայրը իրեն կը յանձնէ հօր թուղթերէն ու տետրակներէն կազմուած ծրար մը, 14-ամեայ Ուիլիըմ կը գիտնայ, որ իր հայրը բանաստեղծ էր, բանաստեղծութիւններ գրած էր «հին հայրենիքի» լեզուով։

1926-ին 18-ամեայ Ուիլիըմ, որ մինչ այդ եղած էր թղթատար, սեւագործ բանուոր եւ Սան Հոաքինի ագարակներուն ու այգիներուն մէջ աշխատած էր որպէս մշակ, կը հեռանայ Ֆրեզնոյէն ու կ՚երթայ Սան Ֆրանսիսքօ: Կ՚աշխատի որպէս հեռագրատան ծառայող, մարզային ապրանքներու խանութի վաճառող, պահեստի բանուոր: Ոչ մէկ տեղ երկար կը մնայ, կ՚ապրի վարձու սենեակներու մէջ:

Առաջին անգամ իր ստեղծագործութիւնը կը տպագրուի 1933-ին, Պոստոնի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ։ 1939-ին Ուիլիըմ Սարոյեան վեց օրուան ընթացքին կը գրէ «Քու կեանքի ժամերը»: Այս ստեղծագործութեան շնորհիւ գրողը կ՚արժանանայ Փուլիցերի եւ Նիւ Եորքի քննադատներու հեղինակաւոր գրական մրցանակներուն: 1940-ին Սարոյեան կը հրաժարի առաջին մրցանակէն՝ յայտարարելով, որ «Առեւտուրը իրաւունք չունի հովանաւորելու արուեստը»:

Գրական կեանքի առաջին տասնամեակին Սարոյեան գրած է քանի մը հարիւր պատմուածքներ, որոնց մեծ մասը ամփոփուած են աւելի քան տասը հատորներու մէջ։ Սարոյեան յատկապէս կարճ պատմուածքի, նորավէպի մէջ մուծած է տեղի ու ժամանակի իրողութեան հետ սերտօրէն կապուած ընկերա-հոգեբանական թարմ նիւթեր, արդիական հնչեղութիւն ունեցող մարդասիրական բարոյական տարրեր, պատումի նոր ձեւեր:

Հայեցի որոշ շունչ, երբեմն նաեւ հայկական հարցադրումներ ներկայ են Սարոյեանի գործերուն մէջ։ Ան թէեւ անգլերէն գրած է, բայց իր գործերուն ոգին զուտ հայկական է, իսկ կարգ մը գործերուն հերոսներն ալ՝ հայեր։ Ուիլիըմ Սարոյեան ներշնչուած է իր հայկական միջավայրէն, «հին հայրենիք»ի կարօտէն եւ համամարդկային ազնիւ զգացումներէն: Ան ըսած է. «Ոգին, սակայն, որ զիս կը մղէ գրելու, հայոց ոգին է: Ուրեմն եւ` հայ գրող եմ»: Իր գործերը միշտ լաւ ընդունելութիւն գտած են Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ թարգմանուած՝ բազմաթիւ լեզուներու:

1942-ին Սարոյեան կը զօրակոչուի։ Բանակի մէջ կ՚աշխատի զինուորական բեմագրութիւններու ստեղծման վրայ։ Ան պատերազմը ընկալած է որպէս աղէտ։ Այս նիւթը արտացոլած է «Մարդկային կատակերգութիւն» վիպակին եւ «Ուեսլի Ճեքսընի արկածները» վէպին մէջ։

1950-1960-ական թթ. Սարոյեան ապրած է Եւրոպայի մէջ, ապա դարձեալ հաստատուած է ԱՄՆ։ Այդ տարիներուն ինքնակենսագրական նիւթի օգտագործումով ստեղծած է հոգեբանական վիպակներու շարք։

1960-ականներէն սկսեալ գրած է յուշագրական գործեր։ Յատկապէս ուշագրաւ են Պեռնարտ Շոուին, Չարլի Չափլինին, Թ. Ս. Էլիըթին, Եղիշէ Չարենցին նուիրուած էջերը, հեղինակի մտորումները գրականութեան կոչման վերաբերեալ։

Ան 1964-ին այցելած է իր պապերուն հայրենիքը՝ Պիթլիս, իսկ 1976 ու 1978 թուականներուն ալ Սովետական Հայաստան։

Մեծանուն գրող Սարոյեան գրիչով կերտած է իր ապագայ կեանքը եւ իր տեղը գրաւած՝ անմահ գրողներու ցանկին մէջ։

Սարոյեան մահացած է Ֆրեզնօ։ Իր կտակին համաձայն՝ իր աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան, ուր թաղուած է «Կոմիտասի Անուան Պանթէոն»ին մէջ։

 

***

«Կ’ուզէի տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին անկարեւոր ժողովուրդը, որուն պատմութիւնը վէրջ գտած է, իսկ պատերազմները՝ յաղթուած, կառոյցները՝ փշրուած, գրականութիւնը՝ չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը՝ չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ՝ չեն պատասխանուած:

Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել այս սերունդը: Սեպեցէ՛ք, թէ դարձեալ 1915-ի համաշխարհային պատերազմն է, քանդեցէ՛ք Հայաստանը, տեսէք թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք իրենց տուներէն դէպի անապատները, ձգեցէ՛ք առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէս պիտի վերածնին: Տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէս կրկին պիտի խնդան:

Տեսէ՛ք, թէ կրնա՞ք զիրենք կեցնել աշխարհի մեծ գաղափարները ծաղրելէ, դուք, շան լակոտներ, համարձակեցէ՛ք բնաջնջել զիրենք»:

 

Armenier

Հայերը

Մտածումի Շիթեր՝ Սարոյեանէն

– Ես հայերէն չեմ գրեր, բայց աշխարհին կը նայիմ հայերէն։

– Ափսո՜ս, որ չեն յօրինած մրցանակ մը այն գրողներուն համար, որոնք կը կարողանան խուսափիլ աշխարհին եւս մէկ անպէտք գիրք նուիրելու գայթակղութենէն:

– Հայերէնը հայուն խորհուրդն է:

– Երբեմն ես կը մտածեմ, որ հարուստ մարդիկ կը պատկանին բոլորովին ուրիշ մէկ ազգութեան, անկախ այն բանէն, թէ ի՞նչ ազգութիւն ունի անոնցմէ իւրաքանչիւրը։

– Ինչքան շատ կը սպասենք, այնքան աւելի քիչ բան պէտք է ակնկալենք:

– Իւրաքանչիւրը, ով երբեւէ ճաշակած է տխրութիւնը, չունի տարիք:

– Սէրն անմահ է եւ անմահութիւն կու տայ այն ամէնուն, որ մեզ կը շրջապատէ: Իսկ ատելութիւնը վայրկեան առ վայրկեան կը մահանայ։

– Ամէնուր բարին փնտռէ՛, իսկ գտնելով՝ ի ցոյց դիր աշխարհին, եւ թող ան ազատ ու հպարտ ըլլայ:

– Հայոց լեզուի ուսուցումը հաւատքի հարց է:

– Յիմարը, որ հաճոյք կը փնտռէ ամէն պահ, ի վերջոյ կը յայտնաբերէ, որ իւրաքանչիւր ժամ իրեն միայն յուսահատութիւն եւ պարապութիւն կը բերէ:

– Տարօրինակ է, բայց հայրենիքդ կը սկսիս իսկապէս սիրել միայն այն ատեն, երբ ան դժուարութեան մէջ է, մնացած ժամանակը զայն կ՚ընդունիս սովորականի պէս, այնպէս՝ ինչպէս ծնողներդ:

– Իւրաքանչիւր երեխայ կ՚ուզէ մեծերուն մէջ մանկական ինչ-որ բան գտնել: Եւ, եթէ արդէն գտնէ ատիկա ինչ-որ մէկուն մէջ՝ այդ մարդը կը սիրէ բոլորէն աւելի:

– Ամէն ճիշդ բան անմահ է։

– Միայն յիմարները կը ձգտին կատարելութեան, որ ոչ այլ ինչ է, քան մահը:

– Աղօթքը ովկիանոս է, որ կը դառնայ աւելի ընդարձակ, ինչքան աւելի հեռու կը լողաս անոր մէջ:

 

ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԷՆ…

  • «Թէեւ անգլերէն կը գրեմ ու հակառակ անոր որ ծնունդով ամերիկացի մըն եմ, ինքզինքս կը նկատեմ հայ գրող մը։ Գործածած բառերս անգլերէն են։ Միջավայրը, որուն մասին կը գրեմ, ամերիկեան է։ Ոգին, որ կը ստիպէ զիս գրել, սակայն հայ է։ Ուրեմն հայ գրող մըն եմ։ Խորապէս կը սիրեմ հայ գրողներու մեծ ընտանիքին պատկանելու պատիւը»։

 

  • «Մարդ պէտք է միշտ մէկը ունենայ իր քով, թէ՛ ձմրան, երբ ցուրտ է, թէ՛ գարնան, երբ հաճելի եղանակ է, թէ՛ ամրան, երբ տաք է եւ կարելի է լողալ: Մարդ պէտք է բոլոր ժամանակներուն՝ անձրեւին, ձիւնին եւ ամէն տեսակ եղանակին միշտ մէկը ունենայ իր կողքին, որ անոր հետ քալէ մինչեւ գերեզման: Եւ պէտք է ունենալ լաւ մարդը: Մէկը, որ գիտնալով հանդերձ, որ դուն վատ ես, այնուամենայնիւ, սիրէ քեզ: Ես գիտեմ, որ ես վատ եմ, բայց ի՞նչ կրնամ ընել: Եթէ դուն ինծի հետ գաս, ես կ՚ըլլամ աշխարհի ամենաերջանիկ մարդը: Ես կը դադրիմ այլեւս վատ մարդ ըլլալէ…»։
  • «Երբ Պոլիս հասայ, թուրք գրողները հարցուցին ինծի, ո՞ւր կ՚ուզես երթալ։ Ըսի՝ միայն Պիթլիս։ Դժուար է, ըսին, օտարներուն այդ կողմերը չեն արտօներ, բայց բան մը կ՚ընենք, որպէսզի երթաս…

Բան մը ըրին, ու գացի…

Քաղաքը աւերակ էր, միայն բերդը կանգուն էր։

Քիւրտ մը կար, ութսունն անց, հայրս յիշեց, ճանչցաւ։

Ան էր, որ ինծի մեր տան տեղը ցոյց տուաւ։

Տունը աւերակ էր, բայց օճախ կար…

-Ճամբորդ ախպա՛ր, մեր տուն արի

Աս ալ հայու օճախ է…

Մեծ մայրս՝ Լուսնթագ Քարօղլանեան կ՚երգեր, իրմէ սորված եմ։

Հիմա, որ «օճախ» ըսի, այդ երգը յիշեցի։ Հաւանաբար այդ օճախին քով մեծ մայրս այդպէս երգած է… Հա, գտայ մեր տունը, մեր օճախը։ Հետս մարդիկ կային, քիւրտեր, թուրքեր. ըսի՝ դուք գացէք, կ՚ուզեմ մինակ մնալ…»:

  • «-Դուք կը հասկնա՞ք հոգեբուժութենէ,- ըսաւ Թրէյսին:

-Հոգեբուժութե՞նէ: Ոչ,- ըսաւ Տքթ. Պինգիցեր: Մարդոցմէ՝ քիչ մը, քիչ, քիչ, քիչ մը: Ամէն տարի, ամէն օր՝ աւելի քիչ, աւելի քիչ, աւելի քիչ: Ինչո՞ւ: Մարդիկ դժուար են: Մարդիկ մարդիկ են: Մարդիկ՝ ցաւ, մարդիկ՝ հիւանդ, մարդիկ՝ խենթ, վիրաւոր, մարդիկ՝ մարիկը վիրաւորող, մարդիկ՝ սպաննող, սպաննուող: Ո՞ւր է ծիծաղ, ո՞ւր է խաղ, ո՞ւր է երեւակայութիւն, ո՞ւր է հրաշք: Կ՚ատեմ հոգեբուժութիւնը: Կը սիրեմ մարդիկը, գեղեցիկ մարդիկը, վիրաւոր ու հիւանդ մարդիկը, կոտրուած, փշուր-փշուր եղած մարդիկը, կը սիրեմ, կը սիրեմ: Ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ մարդիկ կորսնցուցին ծիծաղը, խաղը, երեւակայութիւնը, հրաշքը: Ինչի՞ համար: Ահա՛: Դրամի՞,- ան ժպտաց,- կը կարծեմ՝ այդպէս: Դրամը: Սէրը՝ դրամ: Գեղեցկութիւնը՝ դրամ: Ծիծաղը՝ դրամ: Իսկ ո՞ւր է դրամ: Չեմ գիտեր: Ծիծաղ՝ չկայ: Խաղ՝ չկայ: Աշխատիլ: Աշխատիլ»:

 

  • «Երբ առաջին անգամ դողալով զանգ տուի Պեռնար Շոյին, ասանկ բան մը պատահեցաւ.

-Պարոն Պեռնար Շո, Ձեզի կ՚անհանգստացնէ Ուիլիըմ Սրո’յըն (այսպէս ինծի կ՚ըսէին ամերիկացիներ, Սրո’յըն)…

Շատ ամչցայ, երբ Պեռնար Շոն ըսաւ.

– Որքան գիտեմ, դուն ոչ թէ Սրոյըն ես, այլ Սա-րո-յեան…

Շատ ամչցայ»:

  • «Կարեւոր չէ, թէ ինչ սխալներ կը գործես կեանքին մէջ, մի վախնար գործած սխալներուդ համար կամ նորերը գործելէ: Դուն բարի սիրտ ունիս, վստահէ քու սրտիդ, ունկնդրէ անոր եւ շարունակէ ճանապարհդ առանց կանգ առնելու: Եթէ իյնաս, խաբուած կամ հալածուած ուրիշներէն կամ դուն քեզմէ, վեր ել եւ ետ մի նայիր: Բազմաթիւ անգամներ պիտի ծիծաղիս եւ բազմաթիւ անգամներ պիտի լաս, այդ ծիծաղն ու արտասուքը շարունակ անբաժան պիտի ըլլան իրարմէ: Քու կեանքիդ մէջ դուն ոչ մէկ վայրկեան կ՚ունենաս ստոր, նենգ կամ փոքրոգի ըլլալու…»:
  • «Հայաստանեան իր այցերէն մէկուն ընթացքին Ուիլիըմ Սարոյեան Սեւանի ափին կը գտնէ ծանր, լիճի ալիքներէն լաւ յղկուած քար մը եւ կը խնդրէ, որ քարը տեղաւորեն ինքնաշարժին մէջ:

-Ամերիկա, Ֆրեզնօ պիտի տանիմ,- կ՚ըսէ գրողը:

-Այդ հսկայ քարը ինչպէ՞ս պիտի տանիք…

-Օդանաւով պիտի տանիմ…

-Ինչո՞ւ համար…

-Ով որ Հայաստանի դէմ վատ խօսի, անոր գլխուն պիտի զարնեմ քարը,- պատասխանած է Սարոյեան:

Ուրիշ առիթով ան ըսած է. կը տեսնէ՞ք այս քարը: Լեռներէն բերած եմ: Հիմա կը հարցնէք, թէ ինչու՞ բերի: Է՜, ի՞նչ գիտնամ, սիրեցի ու բերի: Հապա նայեցէք, անջրպետի քաոսի պատկերը կայ այս քարին մէջ: Քար շատ կը սիրեմ: Դէմքեր, քարեր, մանկական դէմք… Վիքթոր Համբարձումեանի դէմքը, գիւղացիի դէմք: Քարեր, քարերն ալ դէմք ունին, հոգի. դէմք ալ կայ քար է, անհոգի… Մեր նախնիները քարերու դէմ կռուած են, հիմա ձեր հայրերը կը կռուին: Դուք ալ պիտի կռուիք, կռուիք այն քարերուն դէմ, որ դուրսն են, այն քարերուն դէմ, որ ներսն են, ձեր հոգիներուն մէջ»: