Ծնած է Պէյրութ, 1961 թուականին։

Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Ազգ. Կիլիկեան Վար­ժարանէն, յաճախած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէ­ճը։ Համալսարանական ուսումը շարունակած է Հայկազեան Հա­մալսարանի մէջ, հետեւելով պատմաբանասիրութեան ճիւ­ղին, զոր աւարտած է 1984-ին։ Նոյն մասնագիտութիւնը շարունակած է Թորոնթոյի Համալսարանին մէջ, Քանատա։

Երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայց. Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ), Համազ­գային Մշակութային Միութեան թատերական միաւորի գոր­ծու­նէութեան ու միջ-եկեղեցական շարժումին։ 1991-ին մասնակցած է ԵՀԽ-ի 7-րդ Համաժողովին, Քանպերայի մէջ, ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Դպրեվանքէն ներս դասա­ւան­դած է ուսողութիւն եւ անգլերէն լեզու։

Գրական գործունէութիւնը սկսած է ուսանողական տա­րինե­րուն։ 2003-ին, հրատարակած է ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՆԾԱՆՕԹԸ բանաստեղծութիւններու հատորը, ուր ամփոփուած է երիտասարդական շրջանին գրուած քերթուածներու փունջ մը։ 2008-ին, լոյս կը տեսնէ ԴԱՐԱՍԿԻԶԲԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ բանաստեղծութիւններու հատորը, 2012ին, ԽԵՆԹ ԳԻՇԵՐՆԵՐՈՒ ԹԱՓԱՌՈՒՄՆԵՐ հատորը։ Աշխատակցած է ‘’ԲԱԳԻՆ’’, ‘’ԿԱՄԱՐ’’ գրական պարբերաթերթերուն, ‘’ԱԶԴԱԿ’’, ‘’ԱՐԱՐԱՏ’’ եւ ‘’ԶԱՐԹՕՆՔ’’ օրաթերթերուն “ԱՐԾԻՒ” ամսաթերթին եւ ‘’ՆԱՅԻՐԻ’’ երկշաբաթաթերթին։ Գրողներու Համահայկական Զ. Համաժողովին ընտրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ։ 2018ին, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ ԵՐԱԶԷՆ ԱՆԴԻՆ բանաստեղծութիւններու զոյգ հատորները, Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով։

Խմբագրական եւ թարգմանական գործեր կատարած է. 1983ին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ճպրան Խալիլ Ճպրանի ՄԱՐԳԱՐԷՆ երկը, հեղինակին ծննդեան 100ամեակին առիթով։ 1986ին, ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի ԵՐԿԵՐը, ընդարձակ մատենագիտութեամբ մը։ 1988ին, հրատարակած է Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ-ի 25-ամեակի հատորը, կրկին ՀԵՀՈՄ-ի նախաձեռնութեամբ։

1998-էն ի վեր կը վարէ Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողի­կո­սարանի դիւանապետի պաշտօնը։ Ամուսնացած է Իրմա Գապաքեանի հետ. ունին երեք զաւակներ՝ Փաթիլ, Հրակ եւ Հերա։

Ժամանակի վճիռը 

Ու երբ գորշ քամիներուն յանձնած

Հոգւոյդ զեղումները տանջալից,

Կը պատրաստուէիր հեռանալ այս աշխարհէն,

Հարց տուի՞ր դուն քեզի, հէ՜ք մարդ,

Եթէ տասնամեակ մը վերջ,

Մօտիկ թէ հեռու ապագային,

Գիրդ, մոխիր ու բոց, պիտի գրգռէ կիրքեր,

Կամ յիշեն մարդիկ քեզ՝ որպէս իրաւ բանաստեղծ,

Զեղումներն այդ պիտի տոկա՞ն անողոք ժամանակի

Դաժան դատաստանին…

Մի՞թէ սա չէ բոլոր քերթողներուն բաղձանքը,

Երազանքը անմեկին,

Երբ «կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց» հարցադրումը ըրին,

Եւ հուսկ մեկնեցան աշխարհէն՝ հանգած պատրոյգի նման…

2017

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 29-2018, էջ 31։