Պոլսահայ մեծանուն գրող Զահրատ (բուն անունը՝ Զարեհ Եալտըզճեան) ծնած է 10 Մայիս, 1924-ին, Կոստանդնուպոլիս: 1942-ին աւարտած է Փանկալթըի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը եւ յաճախած Իսթանպուլի համալսարանի դեղագործութեան ու բժշկութեան բաժանմունքները։ Ընդամենը երեք տարի ուսանելէ ետք, կիսաւարտ ձգած է իր ուսումը եւ նետուած գործի ասպարէզ։
1940-ականներուն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ։ Տպագրուած առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է «Աստղ մը»-ն որ, լոյս տեսած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի 5 սեպտեմբեր, 1943-ի թիւին մէջ։ Զահրատ աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։
Բարձրագոյն ուսումը կիսած ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան: Զահրատ եղած է Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադիր անդամը (1946-ին), ինչպէս նաեւ խմբագիրը միութեան «Սան» հանդէսին։ 1956-ին խումբ մը ընկերներով վարած է «Մարմարա» օրաթերթի կիսամսեայ գրական էջերը։
Զահրատն ունի բանաստեղծական ութ ժողովածոյ, որոնք բոլորը 2006-ին Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ։ Իսկ «Դդումի համ» եւ «Անտիպ թերթս» գիրքերը հրատարակուած են յետմահու։ Իր գործերէն պատրաստուած են ընտրանիներ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով։ Զահրատի քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու, արժանացած է զանազան շքանշաններու եւ մրցանակներու։
Մահացած է 20 փետրուար, 2007-ին։ Անոր մարմինն ամփոփուած է Պոլսոյ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Զահրատ իր գրական գործունէութեան ժամանակ գործածած է նաեւ հետեւեալ ծածկանունները՝ Զարեկ, Իշխանաձուկ, Միքայէլ Թորոսեան, «Յ», «Զ» եւ Լուսարձակ։
ՄԵԾ ՔԱՂԱՔԸ
Ամէն ինչ մեծ է մեծ քաղաքին մէջ
հաճոյքը մեծ
ցաւը մեծ
պողոտաներուն ու շէնքերուն նման
Ու անոնք որոնք պզտիկ մարդիկ են
Երբեք հանդարտ պիտի չըլլան մեծ քաղաքին մէջ
ՍԻՐՏ ԻՄ ԼԵՌՆ Ի ՎԵՐ
Սիրտ իմ – առանց ինծի չես կրնար լողալ-
Սէրը ծովու չափ – բայց ծովը սէր չէ
Կ՚առնէ կը քշէ
եօթն օտար ափեր հեռու կը տանի –
Մի հրապուրուիր
Սիրտ իմ – մի երթար
Սիրտ իմ – առանց ինծի չես կրնար շողալ-
Սէրը արեւ է – արեւը սէր չէ
Կը խանձէ – կ՚այրէ
-եօթը գոյնէ հուր կը թափի վրադ –
Դուն մի փորձուիր
Սիրտ իմ – մի այրիր
Սիրտ իմ – առանց ինծի չես կրնար դողալ-
Սէրը սարսուռ է – սարսուռը սէր չէ
Կը սառեցնէ
եօթը խաւ ձիւնով կը ծածկէ վրադ –
Մի կախարդուիր
Սիրտ իմ – մի սառիր
Սիրտ իմ – ոչ ինձմով ոչ առանց ինծի
Վայել չէ քեզի գետնաքարշ սողալ –
Սէրս կատարն է լերան լուսափայլ –
Լեռն է – կը կանչէ եօթնալար նուագ մը կ՚երգէ մինչդեռ
տխուր վախճանը բոլոր սէրերուն –
Մի յուսալքուիր
Սիրտ իմ – միատեղ
ելլենք լեռն ի վեր –
ՄԱՐԿՈՍ ԵՒ ՄԱՐԿՈՍ
Ելան գացին ծով
ու փարոսին քով
Մարկոս ու Մարկոս
-երկուքն ալ Մարկոս –
ոտք կը լուային
-Տես Մարկոս ըսաւ
Մարկոս Մարկոսին
-Աստղ մը ինկաւ վար –
Մարկոս ծռեցաւ
ծովուն մէջ – չկար –
Սուտ ըսիր ըսաւ
Մարկոս Մարկոսին
Իրենց ոտքերը
Երբ որ չորցուցին
Փոքրիկ աստղ մը կար
Մարկոսի ոտքին
ՄԱՐԿՈՍ ԵՒ ՄԱՐԿՈՍ ԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
Կիւմրեցի տաղանդաւոր երաժիշտ Տիգրան Համասեանի «Հնագոյն դիտորդ» ալպոմին մէջ ստեղծագործութիւն մը կայ, որ Տիգրան Համասեան գրած է՝ ներշնչուելով պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի «Մարկոս եւ Մարկոս» բանաստեղծութենէն: Զահրատի ստեղծագործութիւնը, որ երաժշտութիւն դարձած է, իր կարգին ոգեւորած է շարժուն գծանկարներու հայ հեղինակ Նաիրա Մուրատեանը, որ գծապատկերներով ժապաւէն ստեղծած է «Մարկոս եւ Մարկոս»-ին համար:
Զահրատի «Մարկոս եւ Մարկոս» բանաստեղծութիւնը երկու մարկոսներու՝ դէպի ծով փոքրիկ ճամբորդութիւնն է: Սովորական մարդիկ են մարկոսները, որոնք ծովուն մէջ ոտք կը լուային: Անոնցմէ մին միւսին ասուպ մը ցոյց կու տայ, միւսը չի տեսներ, սակայն ոտքերը չորցնելու պահուն ոտքին վրայ աստղ կը տեսնէ: Շատ պարզ, բայց խորիմաստ դրուագ մը, զոր հրաշալի ձեւով նկարագրած է Զահրատ, ցոյց տալով միամտութեան, հաւատքի, յոյսի, ներշնչանքի, երազի, ապրելու այն ամբողջ զգացումները, ինչ որ մենք եւս զանազան դրսեւորումներով ունինք մեր կեանքին մէջ, եւ ընդամէնը քանի մը տող բանաստեղծութիւնը բաւական է, որ հասկնանք, թէ որքան զարմանահրաշ է կեանքը եւ որքան կարեւոր է հաւատալ ասուպի գոյութեանը: Համասեանի երաժշտութիւնը եւ Նաիրա Մուրատեանի ձեւաւորումը կ՚ամբողջացնեն այդ զգացողութիւնները: