Զապէլ Եսայեան
Ա.- Կեանքը
Բուն անունով Զապէլ Հովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ս. Խաչ վարժարանին մէջ: Տասնըեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Փարիզի մէջ ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ:
Փարիզ եղած միջոցին աշխատակցած է ֆրանսական գրական հանդէսներու, ինչպէս «Մերքիւր տը Ֆրանս»ին, եւն.
Գրական իր նախափորձերը կատարած է Ա. Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: 1895ին է որ «Ծաղիկ»ի մէջ լոյս տեսած է իր առաջին արձակ բանաստեղծութիւնը՝ «Երգ առ գիշեր» վերնագրով:
Զ. Եսայեանը փրկուած է Մեծ Եղեռնէն 1915ին փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր իր մասնակցութիւնը բերած է մեր հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանքներուն:
1920էն ետք անցած է Եւրոպա եւ գործակցած է Ա. Ահարոնեանի գլխաւորած Հայաստանի պատուիրակութեան: Զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով:
1927ին Զ. Եսայեան կ’այցելէ Խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ «Պրոմէթէոս ազատագրուած» ստուար հատորը, ուր կը ներկայացուի մեր հայրենիքը՝ վերանորոգման եւ վերականգնումի վերելքին մէջ:
1935ին Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով վերջնականապէս կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Նոյն աստն կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն:
1936-1937ի ստալինեան հալածանքի շրջանին Եսայեան նոյնպէս կ’աքսորուի անյայտ ուղղութեամբ եւ կը մեռնի Սիպերիոյ մէջ տեղ մը, 1943ին:
Մեծ տաղանդով օժտուած, լայն զարգացումի տէր, այր մարդու տիրապետող խառնուածքով, բայց անհաստատ նկարագրով գրագիտուհի մըն էր, որ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն ուշագրաւ դէմքերէն մեկը հանդիսացաւ:
Բ.- Գործերը
Զ. Եսայեան իր տաղանդը արժեցուցած է գրական բազմաթիւ սեռերու մէջ.- արձակ քերթուած, դատումի փորձ, տպաւորութիւն, կնոջ դատին նուիրուած գրութիւններ, վիպակ ու վէպ: Ի վերջոյ վիպային սեռն է որ կը դառնայ իր գրականութեան տիրական նկարագիրը:
Յիշենք ամենէն ծանօթները.-
-
Կեղծ հանճարներ (1909) Փարիզ ապրող քանի մը հայ գրողներու կեանքէն առնուած վէպ, որուն մէջ ուրուագծուած են Ա. Չօպանեանի, Ինտրայի եւ Ս. Պարթեւեանի դէմքերը: Այս գործին մէջ Զ. Եսայեան երեւան կու գայ իբրեւ հեգնող երգիծաբան: Գլխաւոր հերոսն է Տաճատ Չարըքեան (Տիրան Չրաքեան): Եսայեան փորձած է ծաղրել Փարիզի մէջ համբաւ որոնող «կեղծ հանճարներ»ը:
-
Սկիւտարի վերջալոյսներ .- Ուր նկարագրած է Սկիւտարի հարուստ ընտանիքներէն իր ստացած տպաւորությունները եւ բնութեան պատկերները՝ քնարական զեղումով:
-
Շնորհքով մարդիկ (1907) .– Կը գծէ քանի մը տիպարներ այն մարդերէն, որոնք հարստութեան եւ շքեղ կեանքի մէջ կը տեսնեն մարդուս շնորհքը: Վերլուծական-հոգեբանական արժէքով գործ մը:
-
Սպասման սրահին մէջ (1903) .– Վիպակ, որ կը պատկերացնէ փարիզեան հիւանդանոցէ մը ծծկեր երախայի համար կաթ ստացող աղջկան մը վիշտն ու տառապանքը:
-
1910էն 1920ի շրջանին լոյս տեսած են՝ «Անձկութեան ժամեր», «Վերջին բաժակ», «Հոգիս աքսորեալ», «Երբ այլեւս չեն սիրեր» վիպակներն ու պատմուածքները, որոնք ընդհանրապես սիրոյ եւ հիասթափութեան, ընտանեկան կեանքի քայքայման բարդ հարցեր կը պատկերացնեն: «Անձկութեան ժամեր» վիպակին մէջ կը ներկայացնէ դժբախտ ամուսնութեան մը պարագան, որուն հետեւանքով նոր ամուսնացած երիտասարդ կինը կ’ենթարկուի հոգեկան ծանր տառապանքներու: «Հոգիս աքսորեալ»ը կը պատկերացնէ տիպարը արուեստագիտուհիի մը, որ ինքզինք բանտարկուած կը զգայ զինք շրջապատող հասարակութեան անտարբեր վերաբերումին մէջ: Կը տառապի ստեղծագործելու տենդով եւ ներքին դժգոհութիւններով: «Վերջին բաժակը» նուրբ վերլուծումներով կու տայ ապրումները կնոջ մը, որ կը սիրէ, բայց նոյն ատեն գերին է նախապաշարումներու, ամուսնացած ըլլալով իր սրտին չխօսող անձի մը հետ:
-
Աւերակներու մէջ (1911) .- Եսայեանի յաջողագույն գործերէն մեկը, որ սքանչելի կենդանութեամբ կը նկարագրէ Ատանայի կոտորածին (1909) ողբերգութիւնը: Եսայեան անդամ էր այն յանձնախումբին, որ Պոլսէն ղրկուեցաւ Ատանա, տեղւոյն վրայ օգնութեան հասնելու համար աղէտեալներուն: Վերադարձին ականատեսի խորունկ տպաւորութիւններով գրի արած է կոտորածին անհուն աղէտը: Կը բաղկանայ ութը բաժիններէ.- «Կիլիկիա», «Աւերակներու մէջ», «Պատարագը», «որբերը», «Նպաստի օր մը», «Բանտարկեալները», «Կախաղանները», «Ճամբուն վրայ»:
-
Ազգային հերոս՝ Մուրատի կեանքին եւ յեղափոխական գործունէութեան նուիրուած յուշագրութիւն մը, Մուրատի կողմէ իսկ պատմուած: Այս գործը տպուած է նախ «գործ» ամսագրին մէջ:
-
Երեւան ապրած շրջանին գրած է մանկութեան իր յիշատակները պատմող գեղեցիկ գործ մը, որ կը կոչուի «Սիլիհտարի պարտէզները»: Նոյն շրջանին գրած է նաեւ այլ գործեր, ինչպէս «Կրակէ շապիկը», «Պրոմէթէոս ազատագրուած», «Պարպա Խաչիկ» եւայլն:
Գ․ – Երկերի մատենագիտութիւն
-
Շնորհքով մարդիկ, Կ. Պոլիս, 1907, 220 էջ:
-
Կեղծ հանճարներ, Կ. Պոլիս, 1909, 178 էջ:
-
Աւերակներուն մէջ, Կ. Պոլիս, 1911, 285 էջ:
-
Երբ այլեւս չեն սիրեր: Քօղը: վէպը, Կ. Պոլիս, 1914, 214 էջ:
-
Մուրատի ճամբորդութիւնը Սըվազէն Պաթում, Պոսթըն, 1920, 138 էջ:
-
Երբ այլեւս չեն սիրեր: Քօղը: վէպը: Բաւական է, Կ. Պոլիս, 1925, 180 էջ:
-
Նահանջող ուժերը, Երեւան, 1926, 299 էջ:
-
Պրոմեթեոս ազատագրուած, Մարսէլ, 1928, 368 էջ:
-
Սիլիհտարի պարտէզները, Երեւան, 1935, 207 էջ:
-
Երկերի ժողովածու, Երեւան, 1937, 242 էջ:
-
Սիլիհտարի պարտէզները, գիրք Ա.-Բ., Գահիրէ, 1950, 198 էջ:
-
Աւերակներուն մէջ, Պէյրութ, 1952, 294 էջ:
-
Աւերակներուն մէջ, Պէյրութ, 1957, 226 էջ:
-
Երկեր, Երեւան, 1959, 592 էջ:
-
Երբ այլեւս չեն սիրեր, Կ. Պոլիս, 1965, 180 էջ:
-
Բարպա Խաչիկ, Երեւան, 1966, 868 էջ:
-
Մուրատի ճամբորդութիւնը Սըվազէն Պաթում, Պէյրութ, 1969, 118 էջ:
-
Երբ այլեւս չեն սիրեր: Հոգիս աքսորեալ: Մելիհա Նուրի Հանըմ (նորավէպ), Պէյրութ, 1972, 148 էջ:
-
Նամակներ (1895-1935թթ.), Երեւան, 1977, 420 էջ:
-
Արգելքը, Պէյրութ, ա.թ., 224 էջ:
-
Վերջին բաժակը, Անթիլիաս, 1986, 114 էջ:
-
Աւերակներուն մէջ, Պէյրութ, 1987, 224 էջ:
-
Երկեր, հատ. Ա-Բ, Անթիլիաս, 1987:
-
Մուրատի ճամբորդութիւնը Սըվազէն Պաթում, Երեւան, 1990, 96 էջ:
-
Աւերակներուն մէջ, Երեւան, 2006, 207 էջ:
-
Սկիւտարի վերջալոյսներ եւ այլ գրութիւններ (1895-1908թթ.), Իսթանպուլ, 2009, 264 էջ:
-
Աւերակներուն մէջ, Իսթանպուլ, 2012, 352 էջ:
Դ.- Գրական յատկանիշեր
Ոչ միայն մեր կին գրողներու շարքին, այլ նաեւ ընդհանրապէս արեւմտահայ ամբողջ գրականութեան մէջ մեծատաղանդ դէմք մըն է Զ. Եսայեան: Իր առաջին գրութիւններուն մէջ իսկ ի յայտ բերաւ այնպիսի հարուստ, խոր ու քնքուշ զգայնութիւն, որ շուտով ուշագրաւ դարձաւ եւ պարտադրեց ինքզինք: Հոգեբանական վէպին մեծագոյն վարպէտն է մեր մէջ: Գիտէ նրբութեամբ եւ թափանցումով վերլուծել կնոջ հոգիին ծալքերը, սիրոյ բոլոր ալեկոծումները, ընտանեկան կեանքին լուռ ու ծածուկ տառապանքները եւ ըմբոստացումները: Յաջողած է մանաւանդ զգացուող բայց չարտայայտուող խուսափուկ վիճակներ պատկերացնել:
Իրապաշտ է Զ. Եսայեանի գրականութիւնը, բայց արտաքինէն աւելի ներքին, հոգեկան ապրումներու նկարագրութեամբ: Անոր արուեստի ճաշակը շատ նուրբ է եւ զարգացած: Իր վէպերուն եւ վիպակներուն մէջ յաջողած է կենդանի տիպարներ կերտել: Իր նկարած պատկերները իրականի եւ բնականի տպաւորութիւնը կը ձգեն մեր վրայ եւ անմիջապէս կը գրաւեն մեր հոգին:
Զ. Եսայեան արեւմտահայ վիպագրութեան մէջ մտցուց նոր յատկանիշներ, մասնաւորաբար խորացնելով իր պատկերացուցած տիպարներուն հոգեբանական վերլուծութիւնը: Եսայեան նուազ ուշադրութիւն կը դարձնէ տիպարներու արտաքին նկարագրութեան եւ վիպական գործողութիւններուն վրայ, քան թէ անոնց ներքին հոգեկան ապրումներուն: Ան վարպետն է հոգեկան բարդ աշխարհի ծալքերէն ներս թափանցելու: Իր հերոսները զգացումներու առատութեամբ, զօրութեամբ եւ բազմազանութեամբ օժտուած են: Եսայեան հակամէտ է այդ հերոսներու «ներքին շարժումը» պատկերացնելու: Արտաքին գործողութիւններու պակասը այս ձեւով կը փոխարինուի հոգեկան յոյզերու շարժումով: Սքանչելի վարպետութեամբ հեղինակը գիտէ պատկերացնել հոգեբանական բախումներ, տրամաթիկ վիպակներ, լուռ տառապանքներ: Եւ այս բոլորը կը նկարագրէ նրբահիւս մանրամասնութիւններով, հանդարտ վերլուծումով եւ յայտնագործող խորացումով:
Եսայեան իրական կեանքի պատկերացումը սերտօրէն կը զուգադրէ բնութեան նկարագրութեան հետ: Պոլսոյ չքնաղ բնութիւնը, ծովը, յատկապէս Սկիւտարի համայնքապատկերը ոչ մէկ գրող այնքան հարազատօրէն կրցած է նկարել, որքան Եսայեան: Բնութեան անզուգական նկարիչն է ան մեր արձակ գրականութեան մէջ:
Ան իր վէպերուն մէջ կեանքի կոչած է նաեւ թուրք մարդն ու կինը, իրենց սիրային եւ ընտանեկան բարքերով:
Եսայեանի գաղափարները յանդուգն են եւ շատ ազատական: Օրինակ՝ իրեն համար ընտանեկան կեանքի պայմանագրական լուծը դատապարտելի երեւույթ մըն է. Կեղծիք մը՝ որուն մարդիկ ստիպուած են հանդուրժել տնտեսական, կրօնական եւ բարոյական զանազան պատճառներով: Եսայեան մասամբ կողմնակից է «ազատ սիրոյ» գաղափարին: Այսինքն սրտի ձայնը աւելի պէտք է կշռէ մեր որոշումներուն մէջ, քան այլ նկատումներ:
Եսայեանի պատկերացուցած կին տիպարներու հոգին ընդհանրապէս կը փոթորկի կնոջական սիրոյ այնպիսի բուռն զգացումներով, որոնց առջեւ տեղի կուտան զաւկի, ընտանիքի եւ ծնողքի հանդէպ զգացուող պարտաւորությունները: Սակայն կնոջական այս սէրը Եսայեանի գրականութեան մէջ գռեհիկ ու մարմնական չէ, այլ սրտէ բխող զգացում, որ անկեղծ է ու մարդկային: Եսայեանի ներկայացուցած տիպարները ներքին ապրումի տեսակէտէն գործօն ու պայքարող հոգիներ են: Եսայեան բարոյական ընթացիկ հասկացողութիւններու, ընկալեալ նիստ ու կացի, ազգային բարքերու եւ աւանդութիւններու դէմ կ’երթայ շատ անգամ՝ սիրոյ առանձին վարդապետութիւն եւ ապրելու ազատութիւն քարոզելով: Իր ոճը, մեղմ է եւ հանդարտ, լավագոյն գործիք մըն է ներքին տագնապներ վերլուծելու: Որքան ալ երանգաւոր ու յաճախ բանաստեղծական՝ այդ ոճը կը մնայ պարզ ու առողջ, առանց շրջանը յատկանշող զարդամոլութեան: Եսայեանի լեզուն օժտուած է հարուստ բառամթերքով, ճոխ գոյներով եւ բանաստեղծական կշռոյթով: Արդարացի կերպով Յ. Օշական Զապէլ Եսայեանը հռչակած է «Արեւմտահայ վէպին ամենէն մեծ դէմքերէն մեկը, եթե ոչ ամենէն մեծը»:
Զ. Եսայեանի գրական տաղանդը հաւասար չափով երեւան եկած է նաեւ հրապարակագրութեան մէջ: Աշխոյժ եւ կեանքով բաբախուն բազմաթիւ յոդուածներ ունի ժամանակի թերթերուն մէջ տպուած: Այսպէս օրինակ՝ 1903-1904 թուկաններուն Եսայեան վարած է «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի կանանց բաժինը: Ս. Տիւսաբի, Սիպիլի եւ Մարի Սվաճեանի պէս Եսայեան եւս իր յօդուածներուն նիւթ դարձուցած է յաճախ Ֆեմինիզմի հարցերը: «Նոր կին», «Մեր կիները», «Արդուզարդ եւ նորաձեւութիւն», «Մեր պզտիկները», «Փարիզուհին», «Մեր վարժուհիները» եւ այլ նման խորագիրներով ծանօթ իր յօդուածներուն մէջ Եսայեան աշխատած է տարածել ազատամիտ եւ արդիական գաղափարներ՝ «կնոջ բարոյական եւ մտաւորական վիճակը բարեփոխելու համար»: Ան ջանացած է հերքել մասնաւորապէս «կինը իր կարողութիւններով ստորադաս» համարող տարածուած կարծիքը: Եսայեան իր յօդուածներէն մեկուն մէջ կը գրէ.-
«Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը ծնած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը»:
Եսայեան իր գրչով եւ կեանքով աշխատած է հայ կինը մղել ընկերային ասպարէզ, իբրեւ գործօն դերակատար այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրավունքներով:
Գրական ասպարէզ
Գլխաւոր գործերն են՝ «Կեղծ հանճարներ», «Սկիւտարի վերջալոյսներ», «Շնորհքով մարդիկ», «Հոգիս աքսորեալ» վէպերը: «Աւերակներու մէջ» գործը 1909-ի Ատանայի ջարդի հետեւանքներուն Եսայեանի կրած տպաւորութիւնները կը նկարագրէ:
Ան նաեւ ընդհանրապէս արեւմտահայ ամբողջ գրականութեան մէջ մեծատաղանդ դէմք մըն է: Հոգեբանական վէպին մեծագոյն վարպետն է: Գիտէ նրբութեամբ եւ թափանցումով վերլուծել կնոջ հոգիին ծալքերը: Անոր գաղափարները շատ յանդուգն եւ ազատական են: Ան կողմնակից է «Ազատ սիրոյ» գաղափարին:
Եսայեան իր գրիչով եւ կեանքով աշխատած է հայ կինը մղել ընկերային ասպարէզ, իբրեւ գործօն դերակատար այր մարդու կողքին եւ անոր հետ հաւասար իրավունքներով:
Ի յիշատակ
2018-ի Մարտ 8-ին՝ կանանց իրաւունքներու համար պայքարի օրուան առիթով, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ քաղաքի հանրապետութեան պողոտայի եւ Թլիմսեն ու Սփինոզա փողոցները (20-րդ եւ 11-րդ շրջաններ) իրար կապող հատուածին մէծ գտնուող ծառուղին անուանակոչեց Զապէլ Եսայեանի անունով:
Մէջբերումներ Զապէլ Եսայեանէն
«Կինը աշխարհ չէ եկած մինակ հաճելի ըլլալու համար: Կինը եկած է իր խելքը, մտային, բարոյական եւ ֆիզիքական յատկութիւնները զարգացնելու համար: Ինքզինքնին յարգող բոլոր կիներուն իտէալը միայն հաճելի ըլլալը պէտք չէ ըլլայ, այլ երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը:»