Զաւէն Պիպեռեան (1921 – 1984 ) – Հայ գրող, թարգմանիչ, հանրային գործիչ։

Ծնած է Պոլիս։ Նախակրթութիւնն ու երկրորդական ուսումը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին ու Տիպար կրթարանին մէջ եւ ապա աւարտած է Սեն Ժոզէֆ ֆրանսական լիսէն։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Իսթամպուլի Առեւտրական գիտութեանց ակադեմիայէն։

1941-ին ծառայութեան կը կոչուի թրքական բանակ որպէս զինուոր շինարարական ջոկատէն ներս։ Երեքուկէս տարուան ծառայութենէ ետք, կը վերադառնայ Պոլիս։ «Քրիստոնէութեան վախճանը» խորագրեալ յօդուածաշարը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ։ Մաս կը կազմէ «Նոր լուր», «Նոր Օր» եւ «Ժամանակ» թերթերու խմբագրակազմերուն։

1946-ին «Նոր Լուր»-ի մէջ կը հրապարակէ «Ալ կը բաւէ՛․․․» յօդուածը՝ ընդդէմ հակահայ հրապարակումներու ու քայլերու։ Այդ յօդուածին պատճառով շրջան մը կը բանտարկուի: Ուստի կ՚որոշէ հեռանալ Թուրքիայէն։ 1949-ին բնակութիւն կը հաստատէ Պէյրութ, ուր մաս կը կազմէ «Զարթօնք»-ի եւ «Արարատ»-ի խմբագրակազմերուն, միեւնոյն ժամանակ կ’աշխատակցի Հալէպի ու Փարիզի մամուլին։

Մտածելով, թէ քաղաքական պայմանները բարելաւած են, կ՚որոշէ լքել Պէյրութը, ուր կ՚ապրէր դժուարին պայմաններու մէջ, ու վերադառնալ Պոլիս։ 1953-ին Պիպեռեան դարձեալ Պոլիս է։ Կ՚ամուսնանայ Սեդա Խըտրեանի հետ։ Կ՚ունենայ դուստր մը, Թիլտա անունով։ Շրջան մը Օսմանեան դրամատան մէջ աշխատելէ ետք, 1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն ետք քաղաքական յօդուածներ կը ստորագրէ «Մարմարա» օրաթերթին մէջ։ «Նոր Դար» քաղաքական ու գրական պարբերականը, զոր սկսած էր հրատարակել 1964-ին, կը դադրի նիւթական դժուարութիւններու պատճառով։ 1960-ականներու աւարտին մաս կը կազմէ «Մէյտան Լարուսի» ու «Պիւյիւք Լիւկաթ» հանրագիտարաններու խմբագրակազմին։

1965-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ կը դառնայ Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւորութեան թեկնածու, սակայն չի յաջողիր։ Իսկ 1968-ին տեղական ինքնակառավարման ընտրութիւններու արդիւնքին նոյն կուսակցութեան անունով կ՚ընտրուի Իսթամպուլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Կը դառնայ այս խորհուրդին փոխնախագահը։

Ունէր խոցի հիւանդութիւն։ Մահացած է 4 Հոկտեմբեր 1984-ին Պոլիս։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը:

Ֆրանսերէնէ թրքերէնի թարգմանած է բազմաթիւ հատորներ զանազան հեղինակներէ: Տուած է նաեւ ինքնագիր հատոր մը «Եալնըզլար» խորագրով, որ «Լկրտածը» վէպին թրքերէնն է փաստօրէն։

Գործածած է այլազան գրչանուններ՝ Անի Ազատ, Սեւանի Մակուկավարը, Զ. Բարտիեան, Պ. Զ. Շիրակ, Ք. Անանեան, Նեմեզիս, Կինոֆիլ եւն.:

Զաւէն Պիպեռեանի հայերէնով հրատարակած հեղինակային գիրքերն են «Լկրտածը» (վէպ, 1959), «Ծովը» (պատմուածքներ, 1961), «Անկուտի սիրահարներ» (վէպ, 1962), «Մրջիւններու վերջալոյսը» (վէպ, 1984, ամբողջական հրատարակութիւնը՝ 2007. ֆրանսերէնի թարգմանուած Հերվէ Ժորժըլէնի կողմէ եւ հրատարակուած 2012-ին)։

 

Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ

Բիբերուդ մէջ տեսայ լիճը,

Պայծառ լիճը մեր երկրին,

բիբերուդ մէջ տեսայ երգը

Ու ծիծաղը հերոսական

Լեռնակուտակ զոհերուն մեր,

Ու կեանք, ու խանդ,

Ու կենսաբուխ ուխտը մեր կարծր հողին

Ու կարծր մարդոց հերոսական:

Դուն քնացիր

Ես կը հսկեմ քու վրադ։

 

Ննջէ՛, եղիր հսկան ահեղ,

Եւ բիբերէդ ժայթքէ բիւրեղ,

Ու կայծ, ու շանթ,

Երկրաշէն հուր աշխատութեան,

Ննջէ՛, եղիր բանուորն հզօր

Ու վեր կանգնէ,

Պրկէ բազուկդ

Սալին վրայ գոռահնչիւն

Ապագային մեր վարդագոյն:

Դուն քնացիր.

Ես կը հսկեմ քու վրադ:

 

Լկրտածը

-Կենացդ:

Խմեց, գլուխը դրաւ Ալիին ուսին, աչքերը փակեց: Հոն չէր հիմա ա՛լ: Ինք ալ չէր գիտեր թէ ուր էր: Ուղեղը կարծես կ՚ուռենար, եւ տաքութեան հետ՝ յարաճուն ժխոր մը կը լեցուէր ականջներուն մէջ:

Ալի ապուշցած էր: Օգտուիլ անգամ չէր խորհեր: Վոտքայի գաւաթը ձեռքը, անշարժ կը մնար վախնալով որ ամենաթեթեւ շարժումը հմայքը կը խզէր:

Վերջապէս գաւաթը տարաւ բերնին, կէսը պարպեց: Չհասկըցաւ թէ ինչ ըմպելի էր ադ:

Շոգեկառքի սոյլը տարածուեցաւ, հեռաւոր բայց աղեխարշ: Կիւլկիւն լսեց ու սարսռաց: Հեծկլտանքը կապեց խռչափողը: Գեղջկուհիին լաջակը՝ արցունքոտ աչքերու վրայ: Ամայի, անծայրածիր դաշտը անատոլեան տափաստանին: Մռայլ կոթողը պետութեան՝ կայարանի շէնքը, մոխրագոյն, կորսուած՝ ամայութեան մէջ: Եւ անծանօթ կինը: Եւ գեղջկուհին՝ սպիտակ գոլորշիներու ետին: Եւ սուլումը: