Ամերիկահայ ուսանողները կը կազմակերպեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի եւ իրազեկման շաբաթ
ԱՄՆ-ի մէջ հայ ուսանողները կը կազմակերպեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի եւ իրազեկման շաբաթ։ Այդ մասին հաղորդած է ամերիկեան «The Daily Californian» պարբերականը։
Նշուած է, որ Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը կը կազմակերպէ միշաբաթեայ միջոցառումներ՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման ու իրազեկման բարձրացման, ինչպէս նաեւ այլ ոճրագործութիւններու կանխարգելման: Նախանշուած են շարք մը մշակութային եւ ոգեկոչման միջոցառումներ, ներառեալ՝ սեմինար, մոմավառութիւն՝ 1.5 միլիոն նահատակուած հայերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակաւ, ովքեր զոհուած են 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ։ Նախատեսուած է նաեւ ֆիլմի ցուցադրութիւն՝ մարդոց պատմական իրողութիւններուն ծանօթացնելու համար:
Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը նաեւ կը վաճառէ հայկական հացեղէն (Գաթա) եւ դրամահաւաքի շրջանակէն ներս կ’աջակցի հայ վեթերաններուն՝ «Հայ վիրաւոր հերոսներ» ծրագրին միջոցաւ: Ընկերակցութեան անդամները ամբողջ շաբթուան ընթացքին պիտի աշխատին տեղեկատուական տաղաւարէն ներս 24/7 կարգով: Տաղաւարէն ներս տեղակայուած է Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յայտնի յուշարձանը՝ Հայաստանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ձեռագործ կրկնօրինակը:
«Ասիկա միջոց մըն է, որ մենք բոլորս կապ հաստատենք մեր արմատներուն հետ եւ հասկնանք այն մեծ զոհաբերութիւնը, որ մատուցած են մեր հարազատներն ու հայրենակիցները»,- ըսած են բողոքի ցոյցի մասնակիցները:
Պարբերականը գրած է, որ հոկտեմբերէն սկսեալ՝ Ատրպէճանի եւ Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան ժամանակ Հայ ուսանողներու ընկերակցութիւնը աջակցութիւն հաւաքելու նպատակաւ կազմակերպած է դրամահաւաք: Թերթը յայտնած է, որ վերոյիշեալ միշաբաթեայ միջոցառումը աւելի մեծ թափ հաւաքած է, քան նախորդը:
Հայ ուսանողներու ընկերակցութեան անդամ Թոնի Օրտուխանեանը կը պատրաստուի ելոյթ ունենալու Քալիֆորնիոյ համալսարանի ուսանողներու Ծերակոյտին մէջ, ուր ան նախատեսած է ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը, ինչպէս նաեւ խօսիլ շարունակուող Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին: Ան նշած է, որ իր նպատակն է պատմել, թէ ինչո՛ւ 1915 թուականի ապրիլ 24-ը պատմական նշանակութիւն ունի հայ համայնքին եւ աւելի մեծ հասարակութեան համար:
Ան իր հիասթափութիւնը յայտնած է Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս Ատրպէճանը պատժելու մասին օրինագիծ ներկայացնելու հարցին մէջ Դաշնային կառավարութեան դանդաղ քայլերուն կապակցութեամբ:
«Իրազեկման շաբաթը մեզի համար առանձնայատուկ է։ Որպէս սփիւռք, իսկապէս կը կարեւորենք այդ նախաձեռնութիւնը, քանի որ մենք սփռուած ենք աշխարհով մէկ: Նուռը Հայաստանի խորհրդանիշն է։ Երբ զայն բանաս, հատիկները կը փռուին շուրջը»,- եզրափակած է Թոնի Օրտուխանեանը։