«Ապրիլ» Գրատունը Կը Ներկայացնէ Վահէ-Վահեանի Թարգմանած Ճպրանի «Մարգարէն»
Բանաստեղծ, խորունկ տեսանող Ճպրան Խալիլ Ճպրանի աշխարհահռչակ գրական ստեղծագործութիւնը՝ «Մարգարէն», որ հայերէնի թարգմանուած էր բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի կողմէ 1984ին, վերահրատակուած է եւ պիտի ներկայացուի «Ապրիլ» գրատան կողմէ, Հինգշաբթի, 19 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ ( 3325 N. Glenoaks Blvd., Burbank, CA)։ Գիրքը պիտի ներկայացնէ դոկտ. Արփի Սարաֆեան: Գիրքէն հատուածներ պիտի կարդայ Յասմիկ Կիտցինեան: Մուտքը ազատ է: տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել Արնօ Երեցեանին՝ (818) 243-4112 թիւով, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։
Երեկոն կը հովանաւորէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոսը:
Այս երկրորդ հրատարակութիւնը ճշգրիտ կրկնօրինակն է 1984ի հրատարակութեան, ի բացառեալ Արփի Սարաֆեանի նախաբանէն եւ կը զուգադիպի անոր հռչակահամբաւ դասականին առաջին հրատարակութեան մօտալուտ հարիւրամեակին:
«Մարգարէն» մեծ ժողովրդականութիւն շահած գրական ստեղծագործութիւն մըն է, որուն առաջին հրատարակութիւնը իրականացած է 1923ին: Սակայն, անոր թարգմանական մատուցում մը մատչելի չէր երեսունհինգ տարիէ ի վեր: Ներկայ հրատարակութիւնը, որ կը նկատուի լաւագոյն թարգմանութիւնը շատերու կողմէ, արձագանգն է Վահէ-Վահեանի թարգմանութեան պահանջին՝ վերջերս լոյս տեսած զանազան քաջալերական յօդուածներէն մղուած: