«Ատէն»՝ ողջունելի առաջին գործ մը
Գրականութիւն կոչուած հսկայ դաշտին կարեւորագոյն հատուածներէն մէկը կը կազմէ մանկական գրականութիւնը։ Հեղինակները ընդհանրապէս պաշարուած են զանազան պատասխանատուութիւններով։ Պարտաւոր են լեզուն ճիշդ գործածելու։ Պիտի յարգեն քերականութեան կանոննները։ Որ կարծիքն ալ ներկայացնեն, պիտի ուզեն համոզիչ ըլլալ իրենց ընթերցողներուն դիմաց։
Մանկական գրականութեան պարագային, այս ընդհանուր պայմաններուն վրայ կու գայ աւելնալու մի այլ գործօն, որն է դաստիարակիչ ըլլալ։ Տրուած ըլլալով թէ հսկայական տարբերութիւն մը կայ չափահասի եւ անչափահասի ընկալման եղանակներուն միջեւ, մանկական պատումներ գրողները ինքնաբերաբար պիտի ստանձնեն նաեւ մանկավարժի դերակատարութիւնը։
Մեծագոյն վտանգը կը ծագի երբ գրողը փոխանակ մանուկ ընթերցողի համար հետաքրքրական ու զուարճալի տեսարան մը բնութագրելու, կը տարուի ձանձրացուցիչ խրատատուի մը դիրքին։
Երիտասարդ գրող Սարին Պայրամ իր հեղինակած «Ատէն» անուն գիրքին մէջ յաջողած է այդ ծուղակին առանց մատնուելու, հաճելի պատումներ համադրել իր նորահրատ գրքին մէջ։ Ատէն եօթնամեայ աղջնակ մըն է, որ մանկական դատողութիւններով կը փորձէ կեանքը ընկալել։ Կ՚ուզէ կատուի մը տիրանալ։ Ծնողքը զինք կը համոզեն փոխանակ կենդանի կատուի մը, այլ խաղալիք կատուով մը գոհանալու։ Նախ կը փորձէ համակերպիլ այս փոքր ձեռքբերումին, բայց ապա շուտով կը գուշակէ խաղալիքի եւ կենդանի էակի տարբերութիւնը։ Ուշագրաւ էր յատկապէս այն հատուածը, ուր Ատէն կը մերժէ կրթական համակարգի թելադրած մրցակցութիւնը եւ դիտումնաւոր կերպով լռութիւն կը պահէ պատասխանը իրեն ծանօթ հարցումին դիմաց։ Չուզէր ամենամօտ ընկերոջ՝ Արասի պարտութիւնով յաղթանակ տանիլ։
Հրշէջը իր աչքառու կարմիր զգեստով եւ յատուկ սուլոցով օժտուած ինքնաշարժով հմայիչ է բոլոր մանուկներուն համար։ Բայց ահա յանկարծ նոր կաղապարուած կանխակարծիք մը։ «Աղջիկները հրշէջ չեն ըլլար»։ Համակերպի՞լ այդ կարծրատիպին, թէ ոչ յամառիլ նախասիրութեան մէջ։ Հոս եւս Ատէն ճիշդ կողմնորոշումով կը ներկայանայ ու դպրոցական հանդէսին հրշէջի տարազով մասնակցելով կը տապալէ կանխակարծիքը։
Բաւ է որ երկար տարիներ փառաբանեցինք հնազանդութիւնը։ Այժմ յոյսը պիտի կապենք այն սերունդին, որ փոխանակ հնազանդելու, պիտի պահանջէ հասկնալ ու գիտակցիլ։ Պիտի ոտնակոխէ սեռային խտրականութենէ բխած կարծրատիպերը եւ այդ ոգիով պիտի կերտէ սեփական անհատականութիւնը։
Սարին Պայրամի կերտած Ատէնի կերպարը այս յատկութիւններով կու գայ նոր ու արդի ընկալումներու ճամբայ բանալու։
Դաստիարակչական մտադրութեամբ գրուած մանկական հէքիաթներու կարեւոր խնդիրներէն մէկն ալ կը գոյանայ գրական լեզուի մարմաջէն։ Եթէ հիմնական նպատակը ընթերցողին մատչելի ըլլալն է, պարտինք նախընտրել առտնի խօսակցական պարզ լեզուն, փոխանակ անհասկնալի բառամթերքով պատանի ընթերցողի ընկալումը դժուարացնելէ։ «Ատէն» այս առումով ալ յաջող օրինակ մը ըլլալով կը ներկայանայ։
Մանկական գրականութեան անմիջական լրացուցիչն է նկարազարդումը։ Վոլքան Վահրամ Եարըճը արժանի կերպով գլուխ հանած է այր առաքելութիւնը։ Գրքի բոլոր էջերը զարդարուած են պատումին համապատասխան նկարներով, ալ աւելի գրաւիչ դարձնելով այս հրատարակութիւնը։
Ուսուցչաց Հիմնարկի մեկենասութեամբ հրատարակուած «Ատէն» ձրիաբար տրամադրուած է համապատախան տարիքի երախաներու ընթերցման, համայնքային դպրոցներու միջոցաւ։
Ողջունելու արժանի առաջին գործ մը կայ մեր դիմաց, որուն համար շնորհաւորութեան արժանի են Սարին Պայրամը, Վոլքան Վահրամ Եարըճըն եւ Ուսուցչաց Հիմնարկը։
Այս հանգրուանին պարտականութիւն կը վիճակի հայ դպրոցներու մանկավարժներուն եւ ծնողաց, այս արժէքաւոր աշխատութիւնը իր ընթերցողին մատուցելու գործին մէջ։
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/26179/aden-voghchunyeli-arachin-kvordz-mi