Արեւմտահայերէնի Մշակութային Նպաստ՝ «Արդ Եւս» 2022-2023
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը կը մեկնարկէ արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութեան նուիրուած «Արդ Եւս» նպաստի ծրագիրին երկրորդ շրջանը։ Այս առաջատար ծրագիրին միջոցով, բաժանմունքը պիտի շարունակէ աջակցիլ հայերէնով ժամանակակից մշակոյթ եւ մտածողութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւններուն: «Արդ Եւս»ի նպատակն է՝ ոգեշնչել, նպաստել եւ աջակցիլ մշակութային եւ ստեղծագործական ոլորտներու նորարարութեան եւ ժամանակակցութեան՝ ապահովելու արեւմտահայերէնին ու մշակոյթին կենսունակութիւնը, որ սերտօրէն կապ ունի նաեւ եկող սերունդներու կենսունակութեան հետ:
Իբրեւ ընկերային վերափոխումի գործիք՝ մշակոյթը կ՛առնէ կեդրոնական դիրք մը։ Այս առումով, «Արդ Եւս»ը կ՛աջակցի նաեւ մշակութային մեր իրականութեան մէջ իսկական փոփոխութիւն բերող ազդու գործիչներու եւ կը ձգտի ներշնչելու մարդիկ եւ համայնքներ, որպէսզի անոնք փորձընկալեն, վերաիմաստաւորեն եւ տարածեն մշակոյթ մը՝ թարմ գաղափարներու մշակումով եւ կիրարկումով. գաղափարներ՝ որոնք կը մղեն պատկերացնելու արեւմտահայերէնի եւ արեւմտահայ մշակոյթի կենսունակ ապագան, եւ ապահովելու անոր տեղը ընդհանրապէս ժամանակակից մշակոյթին մէջ:
Ծրագիրին նպատակն է՝ աջակցիլ գեղարուեստական նախաձեռնութիւններու, որոնք կը «խախտեն» ներկայի լճացած իրականութիւնները եւ վերատեսութեան կ՛ենթարկեն զանոնք, խթանելով այլընտրանքային կենսունակ ապագայի մը գոյացումը:
Մշակութային եւ ստեղծագործական կալուածները նորարարական եզակի կարողականութիւն եւ փոխակերպող ուժ կը պարունակեն, եւ կը նպաստեն ընկերային բարեփոխումներու: Ընկերային ազդեցիկ գաղափարները միշտ ներկայ են ապագայահայեաց մշակութային ստեղծագործութիւններու մէջ, իսկ ընկերային ներգրաւուածութիւնը լեզուի՛ միջոցով կրնայ մարմնաւորուիլ բազմաթիւ գիտակարգերու ընդմէջէն. հետեւաբար, «Արդ Եւս»ը կ՛ընդունի մշակութային ծանօթ բոլոր ձեւաչափերով նախագիծերու դիմումներ, ուր արեւմտահայերէնն է արարումի եւ ստեղծագործութեան հիմնական միջոցը:
Դիմելու ժամկէտը 31 Յունուար 2023ն է։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել նպաստի https://gulbenkian.pt/armenian-communities/hy կայքէջը եւ կարդալ դիմումներու յայտ փաստաթուղթը: