Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ
Խանդավառուած անցեալ տարի փառատօնի հանդէպ դրական եւ քաջալերական արձագանգէն, Շիրակի Մարզային Գրադարանը, 21 Մարտ, 2023-ին՝ Բանաստեղծութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, այս տարի եւս կը կազմակերպէ արդէն աւանդական միջոցառում դարձած ՝ «Արեւմտահայերէն Բանաստեղծութիւններու Փառատօն»ը, առցանց ձեւաչափով:
Փառատօնը նախատեսուած է արեւմտահայերէնով ստեղծագործող անհատներու եւ գրողներու համար:
- Փառատօնի հիմնական նպատակն է արեւմտահայ գրողները եւ անոնց ստեղծագործութիւնները ծանօթացնել հայրենի ժողովուրդին, նպաստել արեւմտահայերէնի տարածման:
- Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը կրնան բերել արեւմտահայերէնով ստեղծագործող ե՛ւ անուանի գրողներ, ե՛ւ սիրողական գրական փորձեր կատարող անհատներ:
- Փառատօնի մասնակցութիւնը մէկ ստեղծագործութեամբ է (անտիպ կամ տպագրուած): Մասնակցիլ փափաքողները իրենց ստեղծագործութիւնը (մինչեւ 19 Մարտ 2023-ը) կրնան ուղարկել հետեւեալ ել-նամակի հասցէին՝ reglibshirak@gmail.com
Նշենք, որ «Արեւմտահայերէն բանաստեղծութիւններու առցանց փառատօն»ին մասնակից գրողներու ստեղծագործութիւնները 21 Մարտ 2023-ին պիտի տեղադրուին Շիրակի մարզային գրադարանի դիմատետրի (Facebook) էջին եւ արեւմտահայերէն կայքէջին մէջ (www.arevmtahayeren-shmg.am), ուրկէ այցելուները առիթը պիտի ունենան ծանօթանալու արեւմտահայ արդի բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն: