Արհեստական բանականութիւնը եւ Հայաստանը. Դոկտ. Երուանդ Զօրեանի շեշտադրումները
Հայաստանի մէջ գործող «Սինոփսիս» ընկերութիւնը, որ ունի 1000 աշխատակից, միշտ ճարտարագիտական փոփոխութիւններու մէջ է: Այս մասին օրերս յայտարարած է «Սինոփսիս Արմենիա»-ի նախագահ՝ Երուանդ Զօրեան: Ան նշած է, որ աշխատագիտակազմի ուշադրութիւնը սեւեռուած է նոր ծրագիրներու վրայ , որոնցմէ մէկը կը վերաբերի արհեստական բանականութեան: Արհեստական բանականութեան շնորհիւ Հայաստանի մէջ կը ստեղծուին Chip-եր, որոնք կրնան ինքնուրոյն կերպով վերանորոգուիլ:
«Երեւանի մէջ կը ստեղծենք փոքր խելացի սարքեր, որոնք chip-երուն մաս կը կազմեն, ոչ թէ chip-երուն մայր գործը ընելու համար, այլ անոնց առողջութիւն ապահովելու համար. երբ որ սխալներ պատահին, այդ սխալները կը սրբագրուին ինքնաբերաբար: Օրինակ՝ երբ ձեր ձեռքի հեռախօսը կը գոծածէք, կամ հեռատեսիլը կամ նոյնիսկ ինքնաշարժը, chip-երը այդ ընթացքին իրենք իրենց արդէն կը սրբագրեն եթէ սխալներ պատահին:
Արհեստական բանականութիւն պիտի սորվին ու յետագային կիրառեն նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի աւագ դպրոցներու աշակերտները: Դասընթացքը ստեղծուած է «Սինոփսիս»ի հիմնադրամի աջակցութեամբ եւ ամբողջութեամբ թուայնացած է: Այս մասին խօսելով Զօրեան ըսած է «Մենք Սիլիքըն Հովիտի (Silicon Valley) ընկերութիւններուն մէջ արդէն նկատեցինք, որ նման ծրագիրներու կանուխէն ձեռնարկելը շատ աւելի օգտակար է: Սկսիլ աւագ դպրոցներուն մէջ սորվեցնել տուեալներու գիտութիւն (Data science), ծրագիրներ, ծրագրաւորական լեզուներ՝ Python, եւ ուզեցինք այդ Դասընթացքը բաղկացած է տեսադասերէ, ունի հարուստ բազմատեսակ բովանդակութիւն՝ յագեցած ելեկտրոնային արդիացած լուծումներով: Ուսուցումը պիտի ըլլայ ուսանողներու ներգործօն եւ աշխոյժ մասնակցութեամբ:
«Այն աշակերտները, որ այս դասընթացքները կ’առնեն եւ աւագ դպրոցը կ’աւարտեն, համալսարան մտած ատեն արդէն պատրաստուած կ’ըլլան տեղեկատուական գիտելիքներով, տուեալներու գիտութեամբ եւ որոշ չափով Python ծրագիրը կը սորվին, եւ այդ բոլորը ամէն ինչի մէջ կ’օգնէ իրենց, նոյնիսկ եթէ այդ ոլորտին մէջ չուզեն երթալ: Արհեստական բանականութիւնը ամէն տեսակ ճիւղի մէջ պիտի ըլլայ ապագային», պարզաբանած է Զօրեան:
Տեսադասերը տեղադրուած են հայկական վիրդուալ համալսարանի (Armenian virtual college) կրթական ելեկտրոնային հարթակով: Հայկական վիրդուալ համալսարանը տրամադրելով իր հեռավար ուսուցման հարթակը պիտի ապահովէ եւ կազմակերպէ ուսուցման ամբողջ գործընթացը՝ ելեկտրոնային ուսուցման հեռավար կիսառցանց եղանակով: «Որպէսզի այս դասընթացքները շատերու հասանելի ըլլան եւ ոչ միայն կարգ մը դպրոցներու, որդեգրեցինք վիրդուալ ուսուցման միջոցը: Դասաւանդումը պիտի ըլլայ յարաշարժ եւ բազմատեսակ բովանդակութեան (Multi media) ձեւով, այդ իսկ պատճառաւ օգտագործեցինք հայկական վիրդուալ համալսարանի մեթոտը», շարունակած է Զօրեան:
Նշուած է, որ դասընթացքի բովանդակութիւնը մշակած է «Սինոփսիս Ամենիա»-ի կրթական բաժանմունքը, իսկ փորձագիտական գնահատումը իրականացուցած են ՀԲԸՄ-ի Սիլիքըն Հովիտի մասնաճիւղը եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան յառաջատար մասնագէտները:
Արդէն պատրաստ է աւագ դպրոցի 10-րդ դասարանի 15 մասերէ բաղկացած տեսադասը եւ արդէն տեղադրուած հայկական վերդուալ համալսարանի հարթակին վրայ եւ այս Ապրիլին պիտի տրուի անդրանիկ մեկնարկը Արցախի մէջ: Հիմա մասնագէտները կը ստեղծեն 11-րդ դասարանի համար բովանդակութիւն:
Հարկ է նշել, որ արհեստական բանականութեան այս դասընթացքները անվճար են:
Նիւթը՝ «Արեւելք» պատրաստած է օգտուելով ՝ «Հայերն այսօր»ի հրապարակած տեսանիւթէն։